Ո՞Վ Է ԱՒԵԼԻ ՄԵՂԱՒՈՐ
Մեր թուականէն աւելի քան 120 տարիներ առաջ՝ մօտաւորապէս 1905 թուականներուն, Եւրոպայէն յայտնի մտաւորական մը Պոլսոյ Օրմանեան Պատրիարքին կը յղէ հետեւեալ նամակը. «Աշխարհի բոլոր կրօնները սերտեցի, քրիստոնէութիւնը գտայ գերագոյնը. քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները քննեցի, Հայ Եկեղեցին գտայ գերազանցը»: Բարեբախտութիւն է, որ եւրոպացի այդ մտաւորականը՝ փրոֆ. Ֆէրկիւսոնը ապրած է աւելի քան դար մը առաջ, այլապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին մասին նոյն մտածումն ու համոզումը վստահաբար պիտի չունենար եւ գուցէ հակառակ արտայայտութիւնը ունենար. «Հայ Եկեղեցիէն աւելի յոռին չի՛ գտայ»:
Եկեղեցւոյ ներկայ բախումներու մէջ, իրականութեան մէջ, մեղաւոր են բոլոր կողմերը եւ եթէ իրապէս ուզենք կանոնադրութեան համաձայն վարուիլ, ապա պէտք է ընդունիլ, որ երկու կողմերն ալ՝ թէ՛ կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջողները եւ թէ՛ կաթողիկոսը (եթէ ամբաստանութիւնները իրաւացի են) պէտք է հեռանան եկեղեցական պաշտօնէն։ Անոնք՝ որոնք կը պահանջեն կաթողիկոսի հրաժարականը՝ ներառեալ այն տասը եպիսկոպոսները, իրականութեան մէջ, մեղքի մէջ են թէ՛ Քրիստոսի պատուիրաններուն, թէ՛ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան եւ թէ իրենց ուխտին մէջ. մեղքի մէջ են իրենց նմանին՝ իրենց եղբօր այս կամ այն մեղքը բարձրաձայնելով ու «դատել»ով՝ մեղքի մէջ են եկեղեցւոյ կանոնադրութեան դէմ գործելով, ինչպէս նաեւ ուխտադրուժ են՝ որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը օծումի ժամանակ հնազանդութեան ուխտը կատարեց ի դիմաց Աստուծոյ եւ ժողովուրդին։ Եթէ պիտի առարկեն ու ըսեն, որ այդ բոլորը ըրին՝ որովհետեւ կաթողիկոսը այս կամ այն մեղքը ունի, ապա պատասխանը դարձեալ Քրիստոսի մօտ է. «զամենայն ինչ զոր ասիցեն ձեզ՝ արարէք եւ պահեցէք, բայց ըստ գործոցն նոցա մի՛ առնէք, զի ասեն եւ ոչ առնեն» (Մատթէոս 23:2):
Հին եկեղեցական ձեռագիր կանոններէն մէկուն մէջ կը կարդանք. «իսկ որ այնուհետեւ մեղանչեն կղերիկոսք՝ յաշտիճանէն ի վայր անկցին եւ ժողովրդեանն հաղորդութիւն մի՛ իշխեսցեն բաշխել»: Այսօր, անոնք՝ որոնք կաթողիկոսի հրաժարականը կը պահանջեն՝ ներառեալ տասը եպիսկոպոսները, չե՞ն գիտեր, որ «բամբասելը» ինքնին մեղք է՝ որուն համար զղջում կը հայցենք։ Ահաւասի՛կ, մեղքերը՝ որոնք եկեղեցւոյ բարեկարգում անուան տակ կը կատարուին. չարախօսութիւն, ստախօսութիւն, երդմնազանցութիւն, հակառակախօսութիւն, շողոքորթութիւն, զրպարտութիւն, պառակտիչ խօսքեր ու անէծք. տրտունջ, դժգոհութիւն, հայհոյութիւն եւ աւելին: Եկեղեցականները իրե՞նք են, որ այս բոլորը ընելով խորաններէն ներումի, ողորմութեան, եղբայրսիրութեան մասին պիտի խօսին: Այդ իսկ պատճառով եկեղեցւոյ ունեցած խնդիրը այսօր կուսակրօնութիւնը խախտելէ աւելի Աստուծոյ պատուիրանները խախտել է, որովհետեւ կուսակրօնութիւնը յետագային եկեղեցական ժողովներով որոշուեցաւ, սակայն, միւս մեղքը նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի ճամբով հաստատուեցաւ. Կ՚արժէ լուրջ ձեւով մտածել, թէ ո՞րն է աւելի մեծ մեղք ու շատ աւելի հակաեկեղեցական:
Մեր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ալ սկսած է աղանդաւորներուն նման Աւետարանէն որոշ տողեր աւելի առաջնահերթ նկատել ու ստուերի տակ ձգել այլ տողեր՝ որոնք կը բացայայտեն իրենց ոչ-պատշաճ պահուածքը: Խորհրդային Միութեան կրթութեան տակ այսօր շա՜տ շատեր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ ատելութիւն ունին. անոնց համար եկեղեցւոյ կանոններուն մէջ կ՚ըսուի. «Որք ուսուցանեն զտուն Աստուծոյ եւ որ ի նա ժողովն ժողովիցին արհամարհել՝ նզովեալ լիցին». անիծեալ ու նզովեալ են բոլոր անոնք, որոնք եկեղեցւոյ հանդէպ յարգանք չունին: Մի քանի օրեր առաջ տեսանք, որ ժամերգութեան պահուն տասը եպիսկոպոսներ ժամերգութեան մասնակցելու փոխարէն՝ հրաժարականի կոչեր կը փորձէին բարձրացնել. անոնց մասին եւս կանոնագիրքը ըսելիք ունի. «Որք արտաքս քան զեկեղեցին ժողովս ժողովիցին եւ արհամարհիցեն զեկեղեցին եւ կամիցեն զեկեղեցւոյ պէտս գործել, իբրեւ ոչ իցէ երէցն ըստ կամաց եպիսկոպոսին լեալ՝ նզովեալ լիցին»:
Իսկ Արամ քահանան՝ եւ անոր նմանները, որոնք կաթողիկոսի կամքին հակառակ պատարագ կը շարունակեն մատուցել, թող իրենց հայրերու կանոնները դարձեալ աչքէ անցընեն.- Անտիոքի ժողովի կանոններուն 5-րդը կ՚ըսէ. «Երէց ոք կամ սարկաւագ արհամարհեաց զիւրոյ եպիսկոպոսին զհրաման, իբրեւ մերժեալ էր զնոսա յեկեղեցւոյ եւ առանձին ժողովեցան կամ ժողովեսցին եւ սեղան հաստատեցին եւ ի կոչ եպիսկոպոսին ոչ կին եւ ընդդէմ եղեն եւ անարգեցին եւ ոչ կամեցան զբանս նորա յանձն առնուլ եւ լսել, իբրեւ միանգամ եւ երկիցս կոչեաց, զայնպիսիսն բանիւ բերժել արժան է եւ ոչ եւս մխիթարութեան ինչ հասուցանել իբրեւ ոչ եւս կարող են զնոյն պատիւ ընդունիլ ամենեւին»։ Կաթողիկոսի անձը կը սիրեն թէ ոչ՝ կարեւոր չէ. որպէս կանոն անոնք պարտաւոր են հնազանդիլ իրենց մեծաւորին եւ եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն մեղաւոր են բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց մեծաւորներուն հրամանները կ՚անտեսեն ու որոշումները նկատի չեն ունենար:
Պարզապէս պէտք է նժարի վրայ դնել, թէ ո՞ր կողմի կատարած մեղքերը աւելի են ու հակաեկեղեցական: Անոնցմէ ո՞վ աւելի մեղանչած է Քրիստոսի կանոններուն դիմաց:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Բամբասելը, չարախօսելն ու ստախօսութիւնը Քրիստոնէական օրէն ինչքանով ընդունելի են:
Պատասխան. Քրիստոնէական ուսուցման համաձայն՝ բամբասելը, չարախօսելն ու ստախօսութիւնը ո՛չ միայն ընդունելի չեն, այլեւ մեղքեր են, որովհետեւ կը խախտեն սէրը, ճշմարտութիւնը եւ նմանին հանդէպ յարգանքը. Աստուածաշունչը յստակ ձեւով կը զգուշացնէ «չար խօսք թող դուրս չի գայ ձեր բերնէն» (Եփեսացիս, 4:29). սուտը սատանային յատուկ է, մինչ ճշմարտութիւնը Աստուծոյ: Քրիստոնեայի կոչումն է խօսքով բժշկել, ոչ թէ վիրաւորել, կառուցել՝ ոչ թէ քանդել եւ լռել այնտեղ՝ ուր խօսքը կրնայ վնասել նմանին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան