ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՂՔ

«Ազատութիւն»ը մարդկային արժանապատուութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Աստուած մարդը իմացական արարած ստեղծեց, տալով անոր արժանապատուութիւնը անձի մը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ «Աստուած թողուց մարդը իր անձնական դատումին». (ՍԻՐ. ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ անձա՛մբ փնտռել իր Արարիչը եւ ազատօրէն փարելով Անոր, հասնիլ լի եւ երանաւէտ կատարելութեան։ Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ. «Մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծուած է ազատ եւ տէր իր արարքներուն»։

Թէ ի՞նչ է ազատութիւնը։

Ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է «գործելու» կամ «չգործելու», «ընելու» այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք եւ կամ չկատարելու գործեր։

Արդարեւ, ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք, անձ, տէր է ի՛ր անձին։ Եւ այս իմաստով՝ մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութի՛ւն մըն է աճումի եւ հասունութեան, կատարելութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան եւ ամբողջութեան, երբ կը կատարուի դէպի Աստուած՝ որ է մարդուս երանութիւնը։

Այնքա՛ն ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուած է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը «ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ», հետեւաբար կարելիութիւնը եւ կարողութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչելու։ Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէ՛ս մարդկային արարքները՝ դրական կամ բացասական։ Ան կը դառնայ աղբիւր գովասանքի կամ պարսաւանքի, արժանիքի կամ անարժանքի։

Մարդ որքան բարիք կ՚ընէ, այնքան աւելի կ՚ըլլայ ազատ։

Արդարեւ, չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն, եթէ ոչ ի սպառ բարիին եւ արդարին։ Անհնազանդութիւն եւ չարիք նախընտրելը՝ ազատութեան զեղծումը եւ իրաւազանցութիւնն է եւ կը տանի մեղքի ստրկութեան. (ՀՌՈՄ. Զ 17)։

Ազատութիւնը մարդը կը դարձնէ «պատասխանատու» իր արարքներուն՝ այն չափով որ անոնք «կամովին» են։ Առաքինութեան մէջ յառաջդիմութիւնը, բարիին ճանաչումը եւ ճգնակեցութիւնը կ՚աճեցնեն կամքին տիրապետութիւնը ինքն իր արարքներուն վրայ։ Արարքի մը հանդէպ «յանցապարտութիւն»ը եւ «պատասխանատուութիւն»ը կրնան նուազիլ, նոյնիսկ ջնջուիլ տգիտութեան, անուշադրութեան, անտարբերութեան, բռնութեան, վախի, կասկածամտութեան, սովորութեան, անչափաւոր եւ չափազանց հակումներուն եւ հոգեկան կամ ընկերային, հասարակական այլ ազդակներու պատճառով։

Ամէն կամովին ուզուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին։

Տէրը մեղքէն ետք՝ կը հարցնէ Ադամին պարտէզին մէջ. «Ի՞նչ գործեցիր». (ԾՆՆԴ. Գ 13)։ Եւ նո՛յնը Կայէնին. (ԾՆՆԴ. Դ 10)։ Այսպէս նաեւ Նաթան մարգարէն Դաւիթին՝ յետ շնութեան Ուրիայի կնոջ հետ եւ Ուրիայի սպանութեան. (Բ ՍԱՄ. ԺԲ 7-15)։

Հետեւանք մը կրնայ չուզուիլ, բայց թոյլ տրուիլ զայն գործողին կողմէ, ինչպէս ուժասպառումը մօր մը՝ սնարին մօտ իր հիւանդ զաւակին։ 

Արդարեւ, գէշ հետեւանքը վերագրելի չէ՛ մէկուն, եթէ այն չէ ուզած ո՛չ իբր նպատակ եւ ոչ ալ գործի միջոց, ինչպէս մեռնիլը՝ վտանգի մէջ գտնուող անձի մը օգնութեան հասնելու ատեն։ Որպէսզի գէշ հետեւանքը մէկու մը վերագրելի ըլլայ, հա՛րկ է, որ ան ըլլայ նախատեսելի, իսկ զայն գործողի կարելիութիւնը ունենայ անկէ զգուշանալու, հեռանալու, ինչպէս գինովութեան մէջ կամ թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ գտնուող վարորդի մը կողմէ գործուած «մարդասպանութիւնը»։

Ազատութիւնը հասարակական կեանքի մէջ ի յայտ կու գայ. ան կը կիրարկուի մարդկային արարածներուն յարաբերութիւններուն մէջ։

Մարդկային իւրաքանչիւր անձ, ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին, ունի՛ բնական իրաւունքը ճանչցուելու իբրեւ «ազատ» ե՛ւ «պատասխանատու» էակ։ Ուստի, բոլորը պարտին իւրաքանչիւրին հանդէպ յարգանքի այս պարտականութիւնը ունենայ եւ գիտակցի անոր։

Իր ազատութիւնը գործածելու եւ վայելելու իրաւո՛ւնքը անբաժանելի հարկաւորութիւն մըն է մարդկային անձին արժանապատուութեան եւ մա՛նաւանդ բարոյական եւ կրօնական հարցերու մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 23, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2025