ԳՐՈՂՆ ՈՒ ԻՐ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մի քանի օրեր առաջ ծանօթ մը խօսակցութեան պահուն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ համար մինչեւ այսօր «գիրք» մը չեմ հրատարակած՝ նկատի ունենալով, որ գրի առած եմ աւելի քան 1200 յօդուած։ Իրականութեան մէջ, անոնցմէ մի քանին մշակելով ու խմբագրելով կոկիկ գրքոյկ մը պատրաստել կարելի է, սակայն, այդ մէկ ընելէ հրաժարելու կայ հիմնական մէկ պատճառ. այդ պատճառը իմ բառերով բացատրելու փոխարէն յարմար կը գտնեմ յիշել յոյն փիլիսոփայ Հերակլիտոսի խօսքերէն մէկը. «Մարդ երբեք նոյն գետին մէջ ոտք չի դներ, որովհետեւ ո՛չ գետը նոյն գետն է եւ ո՛չ մարդը նոյն մարդը»:
Իրականութեան մէջ, շատ քիչ գրողներ իրապէս կը «հպարտանան» իրենց գրածներով՝ նոյնիսկ եթէ այդ մէկը մարդոց կողմէ արժանանայ մեծ գովասանքի եւ գնահատանքի. գրողներու համար իւրաքանչիւր վերջացած յօդուած ու գրութիւն մեռած կը նկատուի, որովհետեւ գրողը գրող կը դառնայ նորերը ստեղծելով եւ ո՛չ թէ հիներու վրայ մնալով եւ անոնց գովքը հիւսելով։ Գրականութեան մէջ ունեցած ենք հազուադէպ մի քանի պարագաներ, որոնք իրենց կեանքի վերջալոյսին նորերը ստեղծագործելու փոխարէն փորձած են իրենց «հին»երը ապրուստի վերածել. սակայն, այստեղ կայ նրբութիւն մը. գրողի մը համար տարբեր բաներ են գրելն ու գիրք ծախելը եւ կարծես տեղ մը այդ երկուքը տարբեր մասնագիտութիւն կը պահանջեն, որովհետեւ մարդ կայ կը ստեղծագործէ՝ առանց ծախելու, իսկ մարդ կայ կը ծախէ՝ առանց ստեղծագործելու. քիչեր կը յաջողին այդ երկուքը միատեղ տանիլ:
Հիմնական տարբերութիւն կայ ստեղծագործելու եւ հիները ապրեցնելու միջեւ. շատ մը գրողներ կը նախընտրեն իրենց հիները չապրեցնել, որովհետեւ հինը միշտ անկատար կը թուի ըլլալ. գրողի մը համար ամենէն լաւ գործը այն է, որ տակաւին պիտի գրուի, որովհետեւ եթէ այդ մտածումը բացակայի, ապա մարդ նոր ստեղծագործութիւններ ստեղծելու մտադրութիւնը չ՚ունենար։ Ուրիշներու համար կրնայ պարագան նոյնը չըլլալ, սակայն, անձնապէս մեզի համար իւրաքանչիւր յօդուած, որ վերջ կը գտնէ, արդէն իսկ պատմութեան էջերուն կը յանձնուի, որովհետեւ իրապէս ալ որպէս մարդ նոյն գետին մէջ ոտք չենք դներ. կը փոխուի հոսող ջուրը, կը փոխուի մարդը, կը փոխուինք մենք եւ երբեք զարմանալի չէ, որ մենք նոյնիսկ երեք տարի ետք կարենանք քննադատել յօդուած մը՝ որ գրի առած ենք այսօր:
Յոյն փիլիսոփայի յայտնի խօսքը իրականութեան մէջ կեանքի պատկերը կը ներկայացնէ. գետը աշխարհն է, որ իրականութեան մէջ մեր ոտքերուն տակ կը մնայ անշարժ, իսկ ջուրը՝ որ հոսող է, կեանքի անցուդարձն է, որովհետեւ մենք այսօր չենք ապրիր ինչ որ ապրեցանք երէկ եւ վաղը պիտի չապրինք ինչ որ ապրեցանք այսօր՝ պարզ այն ճշմարտութեամբ, որ կեանքը փոփոխական է. սակայն միայն ջուրը՝ կեանքը չի փոխուիր. այդ դէպքերուն լոյսին տակ կը փոխուի նաեւ մարդը եւ կը սկսի այդ բոլորը օրէ օր տեսնել տարբեր դիտանկիւնէ, տարբեր ըմբռնումով։ Ամէն ապրում՝ որ մարդ կ՚ապրի, արդէն իսկ կը դառնայ անցեալ եւ նոյնն է նաեւ գրելու պարագային, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր բառ, որ կը յաջորդէ նախորդ բառին՝ անցեալի շուքին տակ կը ձգէ զայն: Իւրաքանչիւր տող որոշ զգացումի, որոշ ապրելակերպի եւ մտածողութեան արդիւնք է եւ այն հոգեվիճակը՝ որ ես այսօր ունիմ այս գրութիւնը գրած պահուս, կրնայ ըլլալ երեք տարի ետք նոյն հոգեվիճակով չկարդամ եւ, բնականաբար, այս մէկը նուազ հետաքրքիր, նուազ գրաւիչ թուի:
Յոյն փիլիսոփայի խօսքերը եթէ լաւապէս փորձենք հասկնալ, ապա պիտի համոզուինք, որ իրականութեան մէջ «ներկայ» սահմանումը գոյութիւն չունի, որովհետեւ իւրաքանչիւր երկվայրկեան՝ որ կրնանք ներկայ նկատել, արդէն ակնթարթի մը մէջ կը վերածուի անցեալի: Այո, ժամանակը չի կրնար մարդուն մէջէն փոխել որոշ սկզբունքներ եւ համոզումներ, սակայն, կրնայ փոխել մտածելակերպը. այն բանը՝ որ անցեալին ջղայնութիւն չէր պատճառեր, արդէն կը սկսի ջղայնութիւն պատճառել եւ կամ հակառակը:
Կը ճանչնամ բազմաթի՜ւ գրողներ, որոնք ուզած են տեղ մը գործածել իրենց հին գրութիւններէն մէկը, սակայն, նախքան գործածելը ուզած են աչքէ անցընել եւ վերջաւորութեան պարզուած է, որ որոշ փոփոխութիւններու փոխարէն գրեթէ նոր յօդուած գրուած է եւ սակայն այդ մէկը եւս վերջնական չէ, որովհետեւ տարի մը ետք այդ նորը եւս հինցած ըլլալով նոր գաղափարներով ու մօտեցումներու պիտի հարստանայ եւ այս ընթացքը վերջ պիտի չունենայ՝ մինչեւ մահ:
Այդ իսկ պատճառով, կը հաւատանք, որ գիրքի պատրաստութեան լաւագոյն միջոցն ու ձեւը մահուան սպասելն է. գրողը ինք պիտի չգնահատէ իր գրութիւնները որպէս լաւ ու վատ, որպէս դրական կամ բացասական. ժողովուրդը, ընթերցողը ի՛նք պէտք է տայ իր գնահատականը եւ այդ գնահատականին արժանանալու համար է, որ գրողը երբեք պիտի չհանդուրժէ իր անցեալի գրութիւնները, որովհետեւ ինք կը հաւատայ, որ նորը միշտ աւելի լաւը պիտի ըլլայ եւ այդ ձգտումն է, որ կը յաջողի զինք որպէս գրող պահել։ Այդ իսկ պատճառով 1200 եւ աւելի յօդուածը գրող դառնալու նշանակութիւն կրնայ չունենալ, որովհետեւ մերօրեայ աշխարհին մէջ գիրք հրատարակելը շա՜տ դիւրին է եւ անոր համար միտքի ու ստեղծագործութեան կարիք չկայ։ Ցանկացած այլանդակութիւն կարելի է հրատարակել, սակայն, մեր ժողովուրդը (իր փոքրամասնութեամբ) կը կարծենք, որ գիտէ եւ կամ գուցէ պէտք է գիտնայ կողքը միջուկէն զանազանել, որովհետեւ փայլուն կողքերու մէջ անիմաստ տողեր՝ ոչ մէկ իմաստ կրնան ունենալ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ամէն մարդ կրնա՞յ գրող դառնալ:
Պատասխան. Ամէն մարդ կրնայ գրող դառնալ, որովհետեւ գրելը բնածին տաղանդէն բացի կը պահանջէ նաեւ զարգացող հմտութիւն: Եթէ մարդ ունի ըսելիք, զգացում, միտք եւ կամ պատմութիւն, ան արդէն իսկ գրող դառնալու հիմքը ունի: Գրականութիւն ստեղծելը միայն լեզուական հմտութիւն ունենալու հարց չէ, այլ ներաշխարհի ձայնին վստահելու եւ մշակելու ցանկութեան արդիւնքն է: Անկախ տարիքէն կամ կրթութենէն, եթէ մարդ պատրաստ է սորվիլ, կարդալ եւ շարունակ գրել, ապա անոր մէջ գրողը կը ծաղկի եւ կը զարգանայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան