ԱՄՕԹԽԱԾՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, իր «Confessiones»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Կը կարծէի, թէ ժուժկալութիւնը կախում ունէր իմ չունեցած սեփական ուժերէս…։ Եւ ես այնքան յիմար էի, որ չէի գիտեր, թէ ո՛չ ոք կրնայ ըլլալ ժուժկալ, եթէ Դո՛ւն զայն չտաս անոր։ Եւ ապահով եմ, որ Դուն պիտի տայիր զայն ինծի, եթէ իմ ներքին հառաչանքներս Քու ականջներդ բախէին եւ եթէ ես ամուր հաւատքով, մտահոգութիւնս մէջդ ձգէի»։

Արդարեւ, մաքրասիրութիւնը կը պահանջէ «ամօթխածութի՛ւն»։ Ասիկա մէկ անբաժանելի՛ մասն է ժուժկալութեան։ Ամօթխածութիւնը կը պահանջէ մարդուն անկեղծութիւնը եւ մտերմութիւնը։

Ամօթխածութիւնը կը նշանակէ մերժել քօղազերծել ի՛նչ որ պէտք է թաքնուած մնայ։ Ան կարգաւորուած է ողջախոհութեան համար, որուն նրբազգացութեան վկան է ինք։ Ան մարդուն ակնարկները եւ շարժումները կ՚առաջնորդէ անձերուն։

Ամօթխածութիւնը կը պահպանէ անձերուն եւ անոնց սիրոյն խորհուրդը։ Կը հրաւիրէ սիրային յարաբերութեան մէջ ըլլալու համբերող, չափաւոր եւ պարկեշտ։ Արգելք կը հանդիսանայ զանազան այլասերումներու եւ վատասերումներու. ինչպէս՝ զուգընկերութիւն, համակեցութիւն, համաբնակութիւն՝ փոխանակ օրինաւոր ամուսնութեան։ Ան կ՚ուզէ, որ լրացուին այր-մարդուն եւ կին-մարդուն միջեւ նուիրումի եւ վերջնական յանձնառումի պայմանները։

Ամօթխածութիւնը համեստութի՛ւն է։ Ան լռութիւն կը պահէ կամ կ՚ըլլայ վերապահ հոն՝ ուր ախտաւոր, խաթարուած եւ աղաւաղուած հետաքրքրութեան մը վտանգը կը նկատուի։ Ան կ՚ըլլայ գաղտնապահ։ Այս ուղղութեամբ, ինչպէս զգացումներու ամօթխածութիւն գոյութիւն ունի, նոյնպէս գոյութիւն ունի նաեւ մարմինի ամօթխածութիւն։ Ան կը բողոքէ, զոր օրինակ, ընդդէմ մարդկային մարմինին սեռային տեսարաններու ախտաւոր եւ անպարկեշտ ցուցադրութեան կարգ մը գովազդներու մէջ, կամ ընդդէմ կարգ մը լրատուական միջոցներուն կողմէ մարդոց մտերմութիւնը անսանձ քօղազերծելու ձգտումին։

Ամօթխածութիւնը կը ներշնչէ մեզի մեր վարուելակերպը՝ որ կը նպաստէ դէմ կենալու նորաձեւութեան հրապոյրներուն եւ տիրող գաղափարախօսութիւններուն ճնշումին։

Միջանկեալ, հարց է, թէ ամէն նոր օգտակար բարեբե՞ր է, թէ՝ ո՛չ։ Եթէ նորաձեւութիւնը լաւ բան մը ըլլար, յաճախ փոփոխութիւն կը կրէ՞ր։ Թէեւ ցնորական հարցում մը, բայց կ՚արժէ գոնէ պահ մը մտածել այս մասին…

Այս շեղումէն ետք՝ շարունակենք։

Ամօթխածութեան ստացած ձեւերը կը տարբերին մշակոյթի զանազանութիւններու մէջ՝ տարբեր արժէքներ կը ներկայացնեն մշակոյթէ մշակոյթ։ Ամէն տեղ սակայն, ան կը հանդիսանայ մարդուն յատուկ հոգեւոր արժանապատուութեան նախազգացումը։ Ան կը ծնի ենթակայի խղճմտանքի զարթնումին հետ։ Մանուկներուն եւ պատանիներուն ամօթխածութիւն սորվեցնելը անոնց մէջ մարդկային անձին հանդէպ յարգանքը արթնցնե՛լ է։ Արդարեւ, քրիստոնեայ մաքրասրտութիւնը կը պահանջէ «մաքրազտումը ընկերային մթնոլորտին»։ Մաքրասրտութիւնը կ՚ազատագրէ մարդը զինք շրջապատող սեռամոլութենէն (érotisme) եւ կը հեռացնէ զինք այն տեսարաններէն, որոնք դուռ կը բանան ախտաւոր հետաքրքրութեան եւ պարտանքներու։

Սրտի մաքրութիւնը կը պահանջէ աղօթք, ողջախոհութեան գործադրութիւն, դիտաւորութեան եւ նայւածքի մաքրութիւն։ Սրտի մաքրութիւնը կը պահանջէ ամօթխածութիւն՝ պարկեշտութիւն եւ համեստութիւն՝ որ համբերութիւն, խոնարհութիւն եւ գաղտնապահութիւն է, եւ այս մասին անկեղծութիւն կը պահանջէ։ Անօթխածութիւնը կը պահպանէ անձին արժանապատուութիւնը եւ մտերմութիւնը։

Սեռականութիւնը՝ մի միայն կենսաբանական տուեալ մը չէ՛. ան կը շահագրգռէ նոյնիքն մարդկային անձը, իր ամենամտերիմ մասին մէջ։ Ան իսկապէս մարդավայել ձեւով տեղի կ՚ունենայ, երբ ան կազմիչ տարրը կը դառնայ այն սիրոյն՝ որուն մէջ այր-մարդը եւ կին-մարդը ամբողջովին յանձնառո՛ւ կ՚ըլլան մին միւսին մինչեւ մա՛հ, նոյնիսկ աւելի՛ն…

Ուստի, զուգընկերութիւն, համակեցութիւն եւ նման ապօրինի համաբնականութիւններ ներհակ են Աստուածային ստեղծագործական ծրագրին եւ ամուսնութեան խորհուրդին։ Սեռականութիւնը կարգաւորուած է մարդուն՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու ամուսնական սիրոյն համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 23, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2025