ԱՆՄԻՈՒԹԻՒՆ ԾՆՈՂ Է ՉԱՐԵԱՑ

Երբ խօսինք հայ ժողովուրդի դժուարութիւններուն ու անցեալի պատմութեան մասին, պէտք է նկատի ունենանք, որ 1915-ը պարզապէս փոքր մաս մըն էր այն մեծ տառապանքէն, որ կրեց ու գուցէ կը շարունակէ կրել եւ կամ անոնց հետեւանքներն է, որ կ՚ապրի: Հայ ժողովուրդը անապատը տեսնելէ ետք երբ աշխարհով մէկ սփռուեցաւ, կամաց կամաց իր ցաւերը դարմանելու փոխարէն նորերը աւելցուց անոնց վրայ եւ միասնութեամբ զօրանալու փոխարէն, ընտրեց հակառակութեան ճամբան՝ որ շատ անգամ պատճառ եղաւ նոյնիսկ եղբայրասպան կռիւներու, որոնք որպէս արատ պիտի մնան մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Այս կռիւներուն աւելի մեղմ ու «փոքր» տարբերակը մինչեւ օրս կը տեսնենք սփիւռքի գաղութներուն մէջ եւ տակաւին չենք համոզուիր, որ այդ կռիւները ո՛չ թէ օգուտ, այլ պարզապէս վնաս, չարիք ու կորուստ կը բերեն: 

Այս ամօթալի կռիւներուն ի դիմաց Խորէն Ա. Մուրատբէկեան Կաթողիկոս 1934 թուականին կոնդակով մը իր յորդորը կը յղէ եղբայրասպան կռիւի մէջ գտնուող կուսակցութիւններուն ու կողմերուն եւ միասնութեան կոչ կ՚ընէ, համոզուած ըլլալով, որ սփիւռքի օտարութեան մէջ միայն ու միայն միասնութիւնն ու իրերօգնութիւնն է, որ ազգը կրնայ փայլուն ապագայի մը առաջնորդել: Ի դէպ, այս կոնդակը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան խիստ օրէնքներուն ու ճնշումներուն տակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մը սփիւռքի խնդիրներով մտահոգուիլը լուրջ դրական երեւոյթ մը կարելի նկատել. իր կոնդակին սկիզբը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը սփիւռքի հայութեան վիճակը կը ներկայացնէ հետեւեալ ձեւով.

«Ի քանի մի ամաց հետէ տեսանեմք զայնպիսի տխուր երեւոյթս իրադարձոթեանց ի վիճակս արտասահմանեան Հայոց, որք համակեն զսիրտ մեր եւ զհոգի վշտօք եւ տրտմութեամբ: Յամենայն վիճակս մեր ի սփիւռս՝ տեսանեմք բարձրացուցեալ զգլուխ իւր հոգի երկպառակութեան եւ կուսակցական վատթարագոյն պայքարաց, բաժանելով յեկուս ժողովուրդ մեր եւ գործադրելով հակառակ միմեանց զայնպիսի արարս, որք վնասակարք են եւ բեկանեն զանուն եւ զպատիւ տեղի մերոյ յաչս օտար ազգաց, յորոց միջի բնակեալ կան»: Աշխարհը հայ ժողովուրդը ճանչցած էր որպէս պայքարող ու մաքառող ժողովուրդ. պատմութեան ընթացքին հակառակ բազմաթի՜ւ չարչարանքներու եւ հալածանքներու՝ յաջողած էր իր կամի ուժով իր գոյութիւնը պահել եւ պատուով յիշուիլ, սակայն, եղբայրասպան կռիւները արատ էին հայու ուժեղ նկարագրին՝ մանաւանդ օտարութեան մէջ. վերջապէս այդ եղբայրասպան կռիւները ի շահ թշնամիներուն էր, որովհետեւ ինչպէս Աստուածաշունչը կ՚ըսէ «ինքն իր մէջ բաժան բաժան եղած թագաւորութիւնը չի կրնար կանգուն մնալ» եւ հետեւաբար անապատի հարուածէն ետք ներքին թշնամական վիճակը միայն ու միայն վնաս կրնար պատճառել հայ ժողովուրդի գոյութեան: Բաբելոնի մէջ խառնակութիւն եղաւ, որովհետեւ մէկը միւսին ըսածը սկսաւ չհասկնալ. նոյն Բաբելոնի վիճակն էր (շատ անգամ մինչեւ այսօր է՛) շատ մը հայկական գաղութներու մէջ: 

Արդէն քանիերո՞րդ անգամ ըլլալով հայ ժողովուրդը այս խօսքը պիտի լսէր ու չսորվէր՝ չեմ գիտեր, սակայն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գրի կ՚առնէր այս կարեւոր տողերը. «Յորդորեմք զամենեսին ի զգաստութիւն եւ ի խաղաղ գործակցութիւն: Հաւաստիք եւ հիմունք յառաջադէմ գոյութեան եւ պահպանութեան Ազգիս ի սփիւռս ի միութեան է միայն, զի անմիութիւն ծնող է չարեաց ըստ քաղցրախօս մատենագրին, որպէս եւ ի կեանս ձեր տեսանեմք»:

Օր մը մեր ազգը ի մի խմբուելով չըսաւ «փորձենք» ու «տեսնենք», թէ ինչ ուժ կրնայ ստեղծել այս միութիւն ըսուածը, որ այնքա՜ն լսած՝ սակայն երբեք գործադրել չենք մտածած. այդ միասնութեամբ կարելի էր զարգացնել հայ լեզուն, հայ դպրոցը, եկեղեցին եւ ընդհանուր գաղութը եւ Խորէն Կաթողիկոս Մուրատբէկեան այդ մէկն է, որ կ՚ուզէ. «որդեակք իմ սիրելիք, ի մի գումարեցէք զամենայն կարողութիւնս ժողովրդեան մերոյ ի շինութիւն եւ ի բարգաւաճումն դպրոցաց, աստուածահաճոյ հաստատութեանց, մայրենի լեզուի, ի ծաղկումն գրականութեան եւ ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյ, զի սոքա են առհաւատչեայք եւ տպացոյցք գիտակցական միութեան եւ պահպանութեան Ազգիս՝ ի մէջ հեռաւոր եւ այլազօր ժողովրդոց»: 

Վեհափառ Հայրապետի հրամանով այս միութեան կոչ-կոնդակը կարդացուած է սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որովհետեւ ներքին անհամաձայնութիւնը շատ աւելի մեծ աղէտներ կը բերէ ազգի մը գլխուն՝ քան անապատը, որուն դաժանութիւնը մեր ազգը ապրեցաւ ու տեսաւ: 

Միասնութեան կոչ բարձրացնող այս կոնդակի գրութենէն անցած են 91 երկար տարիներ ու երբ այսօր աչքէ անցընենք մեր քաղաքական կեանքը, աչքէ անցընենք սփիւռքի ղեկավարներուն ընթացքն ու վիճակը՝ պիտի տեսնենք, որ իրականութեան մէջ բան մը փոխուած չէ. նոյն դաժանութեամբ պատմութիւնը ինքզինք կրկնած է. թշնամին յաղթանակած է եւ մենք միութիւն դառնալու եւ պայքարելու փոխարէն, դարձեալ բաժան-բաժան, դարձեալ եղբայրասպան կռիւներու մէջ ենք։ Մենք այսօր գոյներու համար կը կռուինք, առանց նկատելու, որ թշնամին գոյն չի՛ հարցներ. թշնամին ազգն է, որ կը հարուածէ եւ մենք բոլորով՝ ինչ գոյնի տակ ալ գտնուինք, այդ հարուածը կը զգանք. հետեւաբար նման «ընդհանրական» հարուած մը միայն ու միայն միասնութեամբ կարելի է կանխել: Կաթողիկոսը միութեան կոչ ըրած ժամանակ ինչքանո՞վ կ՚ակնկալէր, որ կոչը իրականութիւն դառնայ՝ չենք գիտեր, սակայն մենք կարծես գիտենք, որ 90 տարիներ ետք հայ մը նոյն միութեան կոչը պիտի ընէ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը երբեք պիտի չմիանայ՝ այնպէս ինչպէս չկրցաւ անցեալին միանալ ու ուժ դառնալ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ազգի մը համար ո՞ր մէկը աւելի վտանգաւոր է. ներքի՞ն կռիւները, թէ արտաքին:

Պատասխան. Ազգի մը համար ներքին կռիւները յաճախ աւելի վտանգաւոր են՝ քան արտաքին սպառնալիքները, որովհետեւ ներքին կռիւները կը քայքայեն ազգային միասնականութիւնն ու վստահութիւնը: Արտաքին թշնամին սովորաբար կը միաւորէ ժողովուրդը, իսկ ներքին բաժանումները թշնամութիւն կը սերմանեն եւ կը դիւրացնեն արտաքին վտանգներուն յաջողութիւնը: Երբ ազգ մը ինքն իր դէմ կը կռուի, կը կորսնցնէ իր ուղղութիւնը եւ դիմադրելու կարողութիւնը, ուստի ներքին կռիւները կը դառնան խոր ու երկարատեւ եւ վնաս կը պատճառեն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025