ԽՈՆԱՐՀ ԵՒ ՀԱՄԵՍՏ ԾԱԳՈՒՄԸ ՊԷՏՔ ՉԷ՛ ՍՏՈՐԱԳՆԱՀԱՏՈՒԻ
Մարդիկ մէկ ծագում ունին՝ հաւասար եւ ազատ կը ծնին. ընկերային կեանքը զանոնք զանազան դասաւորումներու կ՚ենթարկէ եւ բնական ազատութիւնը հասարակաց բարիքին համեմատ կը կանոնաւորուի։ Արդարեւ, մարդուս կեանքը սկիզբ մը ունի, ապրուած հաւաքական շրջան մը եւ վերջապէս վերջ մը՝ վախճա՛ն մը։ Կեանքի սկիզբը հաւասարութեամբ եւ ազատութեամբ կը սկսի. ան կը շարունակուի այդ հաւասարութեան եւ ազատութեան որոշ կարգաւորութիւններու միջամտութեամբ եւ վերջապէս իր աւարտին կը հասնի դարձեալ հաւասարութեամբ եւ ազատութեամբ։
Արդարեւ, Ժան Ժագ Ռուսօ ալ այս ճշմարտութիւնը կ՚արտայայտէ իր «Էմիլ» գործին մէջ։
Այս սկզբունքով, ահաւասիկ, ո՛չ ոք պէտք է ստորագնահատուի իր խոնարհ եւ համեստ ծագումին համար։
Գրեթէ բոլոր մեծ մարդիկ յառաջ եկած են խոնարհ եւ համեստ ծագումէն։ Որովհետեւ անոնք գիտցած են իրենց խոնարհութեան եւ համեստութեան, եւ ջանացած են բարձրանալու եւ յառաջանալու տքնութեամբ։ Եւ այս պատճառով, ոեւէ մարդ ալ պէտք չէ՛ մեղադրուի իր ծնողներուն գործած մեղքով՝ եթէ ան ժառանգած չէ զայն։
Արդարեւ, աւետարանական սկզբունքով ամէն մարդ հաւասա՛ր է իր նմանին որպէս հոգի եւ ազատ, նաեւ պատասխանատու՝ իր գործած մեղքին։
«Բժիշկ՝ քու անձդ բժշկէ…», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՂՈՒԿ. Դ 23)։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ Յիսուսին այս խօսքը եւ պատուէրը մինչեւ այսօր կը պահէ իր իմաստը եւ զօրութիւնը, կարեւորութիւնը։ Այս պատուէրին ուժգնութիւնը ժամանակակից է, քանի որ մարդը միշտ նոյն «մարդ»ն է՝ չէ՛ փոխուած։
Երկու տեսակ ախտաւորութիւններ գոյութիւն ունին՝ մարմնական եւ հոգեկան։
Մարմնական բոլոր տկարութիւններու, թերութիւններու եւ հիւանդութիւններու համար, մարդիկ բնականաբար կը դիմեն բժիշկներու։ Անոնք իրենց ցաւը պէտք է պատմեն բժիշկներու՝ որպէսզի անոնք կարենան դարման գտնել իրենց ցաւերուն։ Բայց եթէ փոխանակ դարման խնդրելու՝ բժշկութիւն սորվեցնել ջանան բժիշկներու, այն ատեն կը ձախողին։ Ուստի, բժշկուելու համար պէտք է խուսափիլ կարծեցեալ բժիշկներէ, այս պարագային ահաւասիկ, բժշկուելու պէտք ունեցողները ո՛չ միայն հիւանդները, ախտաւորներն են, այլ եւ «կարծեցեալ բժիշկնե՛ր»ը։
Իսկ հոգեկան ախտերու համար մարդիկ կը դիմեն հոգեբոյժներու, հոգեբաններու։
Բայց երանելի՜ են անոնք՝ որոնք հաւատքով կը տեսնեն Անտեսանելի՛ն։ Ուստի, ինչպէս մարմնական ախտերու, հիւանդութիւններու համար, նաեւ հոգեկան ախտերու համար ալ պէտք է դիմել Աստուծոյ։ Արդարեւ, դարմանի բոլոր բալասանները կը գտնուին Աւետարանին մէջ։ Այն անձը, որ կը խորհի, թէ ինք քաջառողջ է հոգիով, չարաչար կը սխալի։
Աշխարհի վրայ բազմաթիւ մարդիկ կրնան գտնուիլ՝ որ կատարելապէս առողջ ըլլան մարմնով. բայց, չըսելու համար մէկ հատ իսկ, հազուագիւտ են անոնք, որոնք կատարելապէս եւ ամբողջովին առողջ ըլլան հոգիով։ Եւ այս պատճառաւ իսկ պէտք է ամէն հաւատացեալ «հոգեւոր բժիշկ» ըլլայ եւ ուրիշները բժշկելէ առաջ ի՛ր անձը բժշկէ Աւետարանի ցուցմունքով։
Ուրիշին վրայ տկարութիւն եւ թերութիւն տեսնել շատ դիւրին է. էականը, մարդ իր անձին թերութիւնները, տկարութիւնները տեսնելու կարողութիւն ունենայ եւ ապա քննադատէ ուրիշները։
Յիսուսի խօսքերը ունկնդրողներ եթէ իրենք զիրենք բժշկած ըլլային, Անոր սրբութիւնը լոկ պիտի կարենային տեսնել։
Վերջացնենք բժիշկներու համար ըսուած սա խօսքով. «Բժիշկը՝ Աստուծոյ ձե՛ռքն է մարդոց վրայ»։
Յանգա՜նք բժիշկներու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 22, 2025, Իսթանպուլ