ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Բնական է, որ Խորհրդային Հայաստանը պիտի չի կրնար թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս նեցուկ ու օժանդակ դառնալ նոր ստեղծուած սփիւռքին, գոյութիւն ունեցող զանազան արգելքներու եւ խստութեան պատճառով, սակայն յետ անկախութեան եկող տարիները եւս տարբերութիւն մը չունեցան Խորհրդային տարիներէն: Եթէ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունենար համագործակցութիւն, անոնք այսօր գուցէ այնքան ալ տարբեր չըլլային։ Պարզ է, որ Հայաստանը նիւթապէս այնքան ալ նեցուկ չէր կրնար ըլլալ, սակայն բարոյապէս մեծ պարտաւորութիւններ ունէր ընելիք։ Անոնցմէ առաջիններէն է կրթութեան հարցը: Հայաստան պարտաւոր էր աջակցիլ սփիւռքի տարածքին մղուած հայապահպանման պայքարներուն եւ գէթ իր բարոյական ներկայութեամբ զգալի դարձնէր իր գոյութիւնը։ Հայկական սփիւռքը, ցաւ ի սիրտ, ծնունդ առաւ ու զարգացաւ առանց Հաայաստանի օժանդակութեան. հայրենիքը չօժանդակեց, սակայն ժամանակ մը ետք անկէ օժանդակութիւն խնդրելու երեսը ունեցաւ եւ այդ մէկը կարծես տեղ մըն ալ սովորութեան վերածեց:
Թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս հեռաւորութիւնը պատճառ դարձաւ, որ մենք ունենանք տարբեր նպատակներ ու իտէալներ հետապնդող երիտասարդութիւն։ Ակնկալիքները տարբեր, ազգային նպատակներն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները տարբեր. մինչեւ իսկ ռազմավարութիւնն ու հայրենասիրութեան հասկացողութիւնը տարբեր: Խորհրդային Միութեան տարիները մեծ անդունդ մը ստեղծեցին երկուքին միջեւ եւ այսպիսով սփիւռքը հեռու հայրենիքէն, հայրենիքը հեռու սփիւռքէն իրենց գոյութիւնը ապահովեցին՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Սփիւռքի մէջ ապրող հայը իր հայրենիքին հետ կապերը կտրելով՝ հաշուետու սկսաւ ըլլալ օտարին. հաշուետու ըլլալ կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, բայց ոչ իր հայրենիքին:
Այսօրուան նոր սերունդը հիներուն կատարած սխալներուն հետեւանքն է, որ կը կրէ։ Իրենց հայութեամբ, հայրենասիրութեամբ, ազգային արժէքներու ըմբռնումով, լեզուական ու մտածողական տարբերութեամբ դուրսի հայը կը տարբերի ներսի հայէն. այդ տարբերութեան պատճառով մինչեւ իսկ անոնք զիրար կ՚ատեն, կը ծաղրեն ու կ՚անտեսեն: Հայաստանի մէջ հայը ռուսերէն բառեր կը մտցնէ իր լեզուին մէջ եւ սփիւռքահայը կը նեղանայ։ Կը հաւատայ, որ ինք շատ աւելի հայ է՝ քան տեղացի հայը, որ մայրենի լեզուն կ՚աղաւաղէ։ Տեղացի հայն ալ իր կարգին կ՚ատէ սփիւռքի հայը, այն համոզումով, որ իսկական հայրենասէր մարդը օտարութեան մէջ չ՚ապրիր: Այսօր շա՜տ են մեր մէջ անձեր, որոնք սփիւռքի մէջ ապրելով հոգի՛ «կու տան» Հայաստանի համար, սակայն Հայաստանի համար բան մը չեն ըներ. հոգի «կու տան»՝ սակայն երբեք այդտեղ ապրիլ չեն փափաքիր:
Լաւապէս կը գիտակցինք, որ այս հարցերը մէկ կամ մի քանի տարիներու ընթացքին լուծում չի ստանար, սակայն այս ընթացքով ո՛չ թէ տարիներ, այլ տասնամեակներ բաւարար պիտի չըլլան լուծումի հասնելու համար։ Այսօր Հաաստանի համար սփիւռքը առաջնահերթութիւն չէ եւ եթէ իրականութիւնը կ՚ուզէք, սփիւռքի համար ալ հայրենիքը առաջնահերթութիւն չէ, որովհետեւ երկունքն ալ ունին իրենց մարտահրաւէրները, խնդիրներն ու դժուարութիւնները: Սակայն, այս բոլորէն անդին, գոյութիւն ունի անտարբերութիւն մը. Հայաստանի իշխանութիւնները ինքնա-գըլուխ կը գործեն եւ իրենց թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին յարաբերութիւններուն համար երբեւէ սփիւռքը նկատի չեն առներ։ Սփիւռքն ալ իր «հայրենասիրութիւն»ը փաստելու մեծ փափաքով կը փորձէ հայրենիքին ու անոր որոշումներուն հանդէպ իր հաստատուն կարծիքը յայտնել, առանց նկատելու, որ այդ կարծիքը լսող եւ կամ «մարդու տեղ դնող» չկայ:
Մամուլի էջերուն մէջ յաճախ կը տեսնենք ու կը կարդանք, թէ պաշտօնեաներ խօսած են «սփիւռք եւ Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին». կար-ծես լրատուական աշխարհին մէջ լոզունգ դարձած է այս տողը, որովհետեւ այսքան ժամանակ այդ յարաբերութեան մասին կը խօսուի, սակայն գործնական գետնի վրայ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն:
Եթէ Արամ Ա. Կաթողիկոս իրապէս կ՚ուզէ սփիւռք եւ հայրենիք կապը ամրապնդել, ապա լուրջ քայլերու պէտք է դիմէ։ Առաջին հերթին իր կապերը ամրացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ. ո՛չ թէ պաշտօնական գետնի վրայ, այլ գործնական: Երկու միւռոններուն խառնուիլը բաւարար չէ անոնց եղբայրութիւնը ցոյց տալու համար։ Այսօր թէ՛ Անթիլիասը եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նոյն առաքելութիւնն ու նպատակները կը հետապնդեն, սակայն տեսականէն բացի էութեամբ հեռու են իրարմէ: Կաթողիկոսութեան մը համար նը-ւազագոյնն է այդ յարաբերութեան կապը ստեղծել եւ այդ մէկը կ՚ըլլայ գործնապէս փոխյարաբերութիւններով, նուազագոյնը այս կապը ամրապնդելու համար ժողով մը ստեղծելով: Նոյնը պէտք է ընեն նաեւ մեր բոլոր կուսակցութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւնները։ Այսօր սփիւռքը Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ըսելիք պէտք է ունենայ, իր ձայնն ու կարծիքը ունենայ եւ, իշխանութիւնն ալ իր կարգին, ըսփ-իւռքի մէջ ունենայ իր մնայուն ներկայութիւնը (բացի դեսպանութեան աշխատութենէն):
Այս բոլորը դժուար բաներ են, սակայն միայն նպատակը եթէ տեսանելի ըլլար, բաւարար պիտի ըլլար հաւատալ, որ հեռուն տակաւին չտեսնուող յոյս մը գոյութիւն ունի:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Շատ մը մտաւորականներ կը հաւատան, որ սփիւռքի մէջ հայութիւնը քիչ-քիչ կը կորսուի. ճի՞շդ է:
Պատասխան. Շատ մը մտաւորականներ կը հաւատան, որ սփիւռքի հայերը դէմ դիմաց կը գտնուին մշակութային ձուլումի մարտահրաւէրին, ինչ որ կը վտանգէ հայկական ինքնութիւնը, յառաջացնելով աստիճանական կորուստ: Այս դժբախտ վիճակին մէջ դեր ունին օտար մշակոյթներու մէջ խառնուիլը, օտար ամուսնութիւնները, հայոց լեզուի եւ աւանդութիւններու չիմացութիւնը: Սփիւռքի մէջ եկեղեցիները, համայնքային կեդրոնները, դպրոցները մշակոյթը պահպանելու ջանքեր կ՚ընեն, սակայն հայերուն աշխարհով մէկ ցրուած ըլլալու փաստը եւ օտար ու գերիշխող մշակոյթներու ձգողականութիւնը աւելիով կը դժուարացնէ այդ մէկը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան