ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՚ԱՆՑՆԻ՝ ՍԷՐԸ ՄԻԱՅՆ ԿԸ ՄՆԱՅ

Կ՚ԱՆՑՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ՍԷՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ

Սեւ վարդ մըն է յիշատակը - կը թօշնի
Յաղթանակը հին աղբիւրի մը նման կը ցամքի
Ճակտի քրտինքը կը շոգիանայ
Վաստակը կը մոխրանայ
Անհանդարտ ճնճղուկ մըն է ժամանակը որ կը թռի կ՚երթայ
Կ՚անցնի կեանքը - սէրը կը մնայ

Նուաճումներն ու համբաւները տակաւ կը տժգունին
Թագերն ու շքանշանները կը ժանգոտին
Գահերն ու գահակալները կը մոռցուին
Սրընթաց գետ մըն է ժամանակը որ կը հոսի կ՚երթայ
Կ՚անցնի կենքը - սէր կը մնայ

Մարմինները կը հիւծին
Բառերը կը մաշին
Վրէժը-քէնը-նախանձը փսոր-փսոր կը փշրուին
Բազմութիւնները առանձնութեան անձրեւներուն տակ կը թրջին
Անզսպելի հով մըն է ժամանակը որ կը սուրայ կ՚երթայ
Կ՚անցնի կեանքը - սէրը կը մնայ

Կ՚անցնի կեանքը
       Կ՚անցնինք մենք
              Սէրը կը մնայ

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
21.11.2007

Սէրը՝ ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը միայն սիրոյ իմաստին թափանցողներ, սէրը ապրողներ, սիրողներ եւ սիրուողներ, սէրը ո՛չ միայն բառ մը, ո՛չ միայն պարզ զգացում մը համարողներ, այլ սէրը կեանք՝ յաւիտենական կեանք, անմահութիւն ընդունողներ եւ յաւիտենականութեան ճաշակը ճաշակողներ եւ սիրոյ գիտակցութիւնը ունեցողներ կրնան հասկնալ եւ սրտաբուխ արտայայտել «սէր»ը։

Սէրը յաւիտենական է, իսկ սիրող սիրտը՝ անմա՛հ։ Եւ սիրող հոգիներ, սիրոյ երգը երգողներ, իրենց գրիչէն սէր հոսեցնողներ երբեք չե՛ն մեռնիր…

«Եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ Կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ. (ԿՈՂ. Գ 14)։ Ինչպէս յայտնի է, Յիսուս Քրիստոսի եւ Իր կրօնին եւ Աւետարանին ամենամեծ վարդապետութիւնը եւ բարոյականը հիմնուած են գաղափարի մը վրայ եւ անոր շուրջը կը դառնան. գաղափար մը՝ որ բոլոր աշխարհի արարածներուն կապն է եւ ոգի՛ն, որով կը մագնիսանան ամէնքն ալ եւ իրարու կը կցուին գերբնական ամենէն անիմանալի բնազդմամբը, ուժ մըն է այնքան մեծ եւ ա՛յնքան բարձր՝ որուն որակումը, բուն Յովհաննէս առաքեալի բերնին մէջ՝ բարոյական գաղափարներէ ամենէն մեծին եւ ամենէն բացարձակին հաւասարած է, այսինքն Աստուծոյ, քանի որ «Աստուած սէր է». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։

Քանի որ Աստուած սէր է. ապա ուրեմն սէրը անսկիզբ, անվախճան է եւ յաւիտենակա՛ն։ Եւ երբ մենք մեր ամէն հանրային եւ ընկերական անյաջողութիւններու գաղափարական պատճառ մը կը փնտռենք, սիրոյ պակասութեան մէջ կը գտենք զայն։

Հետեւաբար կ՚արժէ, որ այդ աստուածային գաղափարը միշտ մտքին մէջ ըլլայ եւ վերածուի ապրելակե՛րպ մը։ Արդարեւ, բարոյական գերազանց սկզբունքներ կան՝ որոնք միջավայր չունին՝ տիեզերական են անոնք, ժամանակ չունին՝ յաւիտենակա՛ն են անոնք։ Այս ուղղութեամբ, Քրիստոսէ առաջ գրեթէ վեց հարիւր տարի առաջ՝ Պուտտա՝ ծայրագոյն արեւելքի մէջ՝ Հնդկաստանի մէջ՝ սկզբունք մը կը քարոզէր, որով միեւնոյն ուղղութեամբ կամ առաքինացմամբ կ՚ուզէր առաջնորդել մարդը բացասապէս, մինչ վեց հարիւր տարի վերջ՝ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը քարոզէր նման սկզբունք մը, նոյն առաքինացման առաջնորդելու համար մարդը՝ դրակա՛ն կերպով։ Ահաւասի՛կ, այդ դրականութեան մէջն է ինքնին քրիստոնէութեան աստուածային գերազանցութիւնը։ Ուստի, քրիստոնեային համար չի բաւեր չար չըլլալ, այլ՝ պէտք է բարի՛ ըլլալ, ինչպէս եւ չի բաւեր մէկը չատել, այլ պէտք է սիրե՛լ։ Այս իմաստով քրիստոնէութիւնը չէզոքութիւն կամ միջակութեան կրօն չէ՛, այլ՝ դրական, գործելո՛ւ։ Եւ այս դրականութիւնը կը կեդրոնանայ սիրոյ վրայ։ Սէրը կեանքին կեդրոնն է, քանի որ սէրը կեա՛նքն իսկ է, կեանքին աղբիւրը՝ որ վախճան չունի, չի՛ կրնար վախճան ունենալ, քանի որ Աստուած Ի՛նք սէր է։ Եւ այդ պատճառով՝ սէրը անմա՛հ է։

Մեր բոլոր գիտութիւնը եւ հանճարը, ուժը եւ հարստութիւնը՝ իբրեւ աստուածային պարգեւներ՝ մերը չեն, աշխարհէն առնուած են, աշխարհին, այսինքն՝ մարդոց, պէտք է ծառայեն, եթէ ո՛չ, նշանախեցի մը չափ արժէք չունին. առաքեալին արհամարհանքը եւ բանաստեղծին քննադատութիւնը այդպիսի անօգուտ գիտութիւններու եւ հարստութիւններու վրայ կը թափուին. «… եթէ սէր չունիմ. ո՛չինչ ունիմ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 3)։

Մարդ, ուրեմն եթէ կը սիրէ, ունի ամէն ինչ եւ քանի որ ունի ամէն ինչ, պէ՛տք է ուրախ ըլլայ։ Ուրախ ըլլալ կը նշանակէ՝ խնդալ մեր ընկերին յաջողութեան, ուրախանալ անոր երջանկութեան վրայ։ «Խնդալ» եւ ո՛չ թէ «խանդալ», այսինքն՝ նախանձիլ։ Զուգադիպութեամբ մը հայերէն լեզուի մէջ «խնդալ»ը եւ «խանդալ»ը իրարու հակասական նշանակութեամբ միեւնոյն արմատէ յառաջ եկած բառեր են, որպէսզի չարիքին դարմանը ցուցնեն։ Իրարու յաջողութեան վրայ չարութեամբ «խանդալ»ը, այսինքն «նախանձիլ»ը, մեզ կը ստորնացնէ եւ կ՚անասնացնէ. իսկ իրարու յաջողութեան վրայ «խնդալ»ը, այսինքն ուրախանալը մեզ կը բարձրացնէ, իսկ այդ յաջողները եւ մեծերը կը խոնարհեցնէ եւ մեր պաշտօնեան սպսաւորը կ՚ընէ։

Այո՛, սիրելի՜ներ, սէրը անմահ է, այն ի՛նչ որ կեանքն իսկ է, եւ սէրը «սէ՛ր» ըլլալով ընդունողներ, սիրոյ երգեր երգողներ, իրենց գրիչներուն ծայրէն սիրոյ կաթիլներ կաթեցնողներ. «Կ՚անցնի կեանքը սէրը կը մնայ… մարմինները կը հիւծին, բառերը կը մաշին, վրէժը-քէնը-նախնձը փսոր-փսոր կը փշրուին, բազմութիւնները առանձնութեան անձրեւներուն տակ կը թրջին, անզսպելի հով մըն է ժամանակը որ կը սուրայ կ՚երթայ, կ՚անցնի կեանքը - սէրը կը մնայ…» հրաշալի՜ բանահիւսութիւններով իրենց զգայուն եւ ազնիւ սիրտերով սէրը գովաբանողներ, ներբող հիւսողներ, անձնաւորութիւններ երբեք չե՛ն մեռնիր՝ անոնք յաւիտենական կ՚ապրին, ինչպէս սէրը յաւիտեան կ՚ապրի եւ երբեք չի՛ վերջանար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 24, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 25, 2026