ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ

Ամէն կանխատեսում, անշուշտ, չի համապատասխաներ իրականութեան։ Հին մտաւորականները մեծ յոյսեր ունէին, որ գիտութիւնը զարգանալով աշխարհի երեսէն պիտի վերացնէ վարակիչ հիւանդութիւնները եւ լուծումներ գտնէ ճարակներուն. կը հաւատային, որ ապագային մարդ ո՛չ թէ հիւանդութենէ, այլ բնական խաղաղ մահով պիտի մեռնի. կը հաւատային, որ մարդ արարած պիտի սկսի աւելի երկար ապրիլ՝ որովհետեւ գիտութիւնը զարգանալով անոր կեանքը դէպի բարեկեցութիւն պիտի առաջնորդէ… սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Այդ մտաւորականներէն մէկը կը գրէր. «Հիւանդութիւններու վերացումը մահը պիտի դարձնէ սովորական մարմնական իրադարձութիւն՝ ինչպէս քունը». այլ խօսքով՝ այնպէս ինչպէս մարդ չի կրնար դիմադրել քունին եւ կը քնանայ, նոյնպէս մահը առանց ցաւի, խաղաղութեամբ պիտի գայ ու մարդը դէպի անդենական աշխարհ առաջնորդէ: 

Անշուշտ,պէտք է ընդունիլ, որ կան հիւանդութիւններ, որոնք անցեալին մարդկութեան համար մեծ աղէտ մըն էր. օրինակի համար, աշխարհի երեսին արդէն աւելի քան հազարաւոր տարի գոյութիւն ունեցող հիւանդութիւնը՝ ջրծաղիկը գիտութեան շնորհիւ գտաւ իր բուժումը։ Ջրծաղիկի հիւանդութեամբ վարակուող հիւանդներուն 30 առ հարիւրը կը մահանար։ Վիճակագրական տուեալներ կը յայտնեն, որ միայն 20-րդ դարուն այս հիւանդութենէն մահացած է աւելի քան 300 միլիոն մարդ։ 1967 թուականին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը յայտարարէր, որ նոյն տարուան ընթացքին մահացած էր 2 միլիոն անհատ: Միւս կողմէ, բուժման արժանացած է նաեւ թոքախտը, որ խլած է Դուրեանի, Մեծարենցի եւ բազմաթիւ այլ երիտասարդներու կեանքը: Բայց եւ այնպէս, այն մտածումը, որ հիւանդութիւնները ամբողջութեամբ պիտի վերանան երկիրի երեսէն՝ հեռու է իրականութենէն եւ նոյնիսկ եթէ օր մը գիտութիւնը ունենայ այդ կարողութիւնը՝ երբեք իրականութիւն պիտի չդառնայ, որովհետեւ հիւանդութիւնները եւս մեծ պետութիւններու, մեծ գործարանատէրերու համար այսօր նիւթականի մեծ աղբիւրներ են եւ հիւանդութիւնները ամբողջութեամբ վերացնել՝ սահման չունեցող գումարներու մուտքը արգիլել կը նշանակէ: 

Ժամանակը մարդուն համար նոր պայմաններ, նոր միջավայր կը ստեղծէ, եւ այդ նորը իր կարգին կը ստեղծէ որոշ հիւանդութիւններ՝ որոնք նախապէս գոյութիւն չունէին։ Այսօր թոքախտը մահացու հիւանդութիւն մը չէ, սակայն, մահացուներու շարքին աւելցած են նորերը։ Օր մը այդ նորերն ալ իրենց լուծումները պիտի գտնեն, սակայն, ստեղծուած ու յայտնուած պիտի ըլլան ուրիշներ եւ այս ընթացքը երբեք վերջ պիտի չունենայ. այդ մէկը գոյաբանական երեւոյթ է, կեանքին բնական մէջ ընթացքը: Դեղն ու բուժումը այսօր մարդկութեան որպէս «ապրանք» կը ծախուի եւ եթէ կայ ծախու «ապրանք» մը՝ ապա կայ նաեւ յաճախորդը՝ որ այս պարագային հիւանդն է. հիւանդը ամբողջութեամբ վերացնել փլուզման կը տանի այդ շուկան։ Շատեր կը հաւատան, որ որոշ հիւանդութիւններ դիտաւորեալ իրենց բուժումը չեն ստանար, որովհետեւ աշխարհի երեսին ունին մեծ շուկայ. օրինակի համար, տարօրինակ չի՞ թուիր, թէ նման գիտական ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ ուր մարդիկ գրեթէ ամէն բանի լուծում կը գտնեն, տակաւին անբուժելի կը մնայ շաքարախտը՝ որ աշխարհի երեսին ամենէն շատ տարածուած հիւանդութիւններէն մէկն է։ Մարդուն որովայնէն դուրս մարդ «ստեղծող» ու լոյս աշխարհ բերող գիտութիւնը՝ շաքարախտի մէջ շրջանառուող շաքարի մակարդակը հաւասարակշռող ու գրեթէ չէզոքացնող հնարաւորութիւն մը չունի՞. պատասխանը բոլորիս համար կը մնայ անյայտ: Սակայն, մեծագոյն պատասխանը անցնող տարիներուն մարդկութեան ապրած համաճարակն էր. հիւանդութիւնը տարածում գտաւ. անոր որպէս «բուժում» հրապարակ դուրս եկան որոշ դեղեր ու ասեղներ եւ ամբողջ աշխարհով մէկ նիւթականի փոխարէն տրամադրուեցան մարդուն: 

Անցեալի մտաւորականները կը հաւատային, որ հիւանդութիւնները պիտի վերանան, մարդիկ բնական մահով միայն պիտի մեռնին, սակայն, ներկան ամբողջութեամբ տարբեր է։ Հին ժամանակ բժշկութիւնը իր սահմանափակ վիճակին մէջ շատ աւելի հասանելի էր մարդոց՝ քան այսօր. կան որոշ հիւանդութիւններու բուժումներ, որու համար մարդ եթէ իր ամբողջ կեանքի ունեցուածքն ու քրտինքին արդիւնքը տայ՝ չի կրնար հոգալ։ Գիտութիւնը, այո, զարգացաւ, սակայն չզարգացաւ, որպէսզի մարդոց կեանքը «բարելաւէ»։ Գիտութիւնը ինչքա՛ն զարգացաւ, մարդիկ այնքան անխիղճ, այնքան նիւթապաշտ դարձան։ Այս հաստատումին մեծագոյն փաստը կրնան ըլլալ Լիբանանի հիւանդանոցները, ուր հիւանդը ընդունելէ առաջ որոշ գումար կը պահանջուի՝ այլապէս հիւանդը նոյնիսկ մահամերձ վիճակին մէջ միջամտութեան, բուժման չ՚արժանանար: 

Զարգացած մեր այս ժամանակամիջոցին մէջ վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ աւելի քան 8,6 միլիոն մարդ տարեկան կը մահանայ՝ դեղերու եւ բուժումներու պահանջուած մեծամեծ գումարները չունենալու պատճառով։ Այսօր՝ նոյնիսկ մեր շուրջ շատ են անձեր, որոնք կ՚ապրին իրենց հիւանդութիւններով՝ առանց բուժման դիմելու, որովհետեւ նիւթապէս կարողութիւնը չունին այդ ծախսերը հոգալու: Տեղ կու գայ, որ բժշկութիւնը եւս կը սկսի դառնալ «մենաշնորհ». այսօր կան հիւանդութիւններ, որոնց ճարը պէտք է միայն ու միայն հարուստները գտնէ, որովհետեւ հասարակ մարդը նման հիւանդութեան մը դէմ պիտի չյաջողի պայքարիլ: Օգնելու, ծառայելու կեղծ երդումներն ու խոստումները ձեւական են. բժշկութեան մէջ դրամն է իշխողը:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Չեմ սիրեր անշուշտ այն վնասակար ինքնախաբէութիւնը, որով կարգ մը անհատներ կամ ժողովուրդներ իրենց կը վերագրեն յատկութիւններ, զոր չունին ու չեն տեսներ թերութիւնները, որոնցմով բեռնաւոր են. բայց նոյնչափ անախորժ կը թուի ինծի, եւ աւելի վնասակար, ինքզինքը միշտ եւ ամէն բանի մէջ գէշ տեսնելու ունակութիւնը։ Մենք՝ Հայերս սովոր ենք մէկ ծայրայեղութենէն միւսը ցատկելու՝ կա՛մ տղայական միամտութեամբ մը մեր ժողովուրդը աշխարհիս ամենէն հին, ամենէն խելացի, ամենէն ազնիւ, ամենէն փառաւոր ժողովուրդը կը կարծենք, եւ կա՛մ թեթեւ ինքնատեացութեամբ մը մեզ մարդկութեան մրուրն ու աղբը կը փութանք նկատել:

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 25, 2026