Ո՛Չ ՈՔ ՔԵԶ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՓՐԿԵԼ՝ ԲԱՑԻ ՔԵԶՄԷ
Մենք գիտենք, որ արտաքին աշխարհը իր ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մեր ուղեղին մէջ եւ անոր հիման վրայ մարդու հոգեկան տրամադրութիւնը կը ստանայ ուրախ, տխուր եւ կամ սովորական իրավիճակ։ Հետեւաբար, ունինք այն համոզումը, որ հոգեկան վիճակը իրականութեան մէջ մեծ առնչութիւն ունի արտաքին աշխարհին հետ, սակայն, փիլիսոփայութիւնը կու գայ ըսելու, որ իրականութեան մէջ հոգեկան աշխարհը աղերս չունի արտաքին աշխարհին հետ. Օրինակ՝ գերմանացի Փիլիսոփայ Նիցչէ կ՚ըսէ. «Մարդը կը ստեղծէ իր սեփական հոգեկան վիճակը՝ անկախ արտաքին պայմաններէն»:
Ո՛չ միայն Նիցչէ, այլ ուրիշ փիլիսոփաներ եւս կը հաւատան այս գաղափարին, հիմնուելով այն համոզումին, որ մարդ արարած չի կրնար վերահսկել բոլոր այն իրողութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան արտաքին աշխարհին մէջ, սակայն, կրնայ վերահսկել, թէ այդ բոլորը ի՛նչ արձագանգ պիտի ունենայ իր հոգեկան վիճակին վրայ։ Այս մէկը արդարացի է այնքանով, որ նոյն դէպքը կամ իրավիճակը երկու տարբեր անձերու մօտ կը ստեղծէ երկու տարբեր զգացական վիճակ։ Անոնք նոյն արձագանգը չեն ունենար, եթէ նոյն երեւոյթը երկու տարբեր ազդեցութիւններ կը ստեղծէ, այդ կը նշանակէ, թէ մարդիկ նոյն հոգեկան ապրումները չեն ունենար եւ այդ մէկը ապացոյցն է այն հասկացողութեան, որ երեւոյթներէն անդին համոզումները, միտքը եւ անոնց միջեւ մարդուն ստեղծած յարաբերութիւնը մեծ դեր ունի:
Մարդ արարած կ՚ապրի անընդհատ փոխուող եւ անկանխատեսելի արտաքին աշխարհի մը մէջ եւ տարբեր հանգամանքներ. ինչպէս օրինակ՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու անձնական, կը ձեւաւորեն մարդուն կեանքը եւ անոնց մեծամասնութիւնը շատ անգամ մեր կամքէն ու վերահսկողութենէն դուրս են. սակայն այդ իրադարձութիւնները ընկալելը եւ անոր դիմաց արձագանգներ ստեղծելը եթէ ոչ ամբողջութեամբ, ապա մասամբ մեր իշխանութեան տակ կը գտնուի: Օրինակի համար՝ ընտանիքի մը մէջ պատահած է դժբախտութիւն մը. մարդ իր սեփական ուժով գուցէ կարողութիւն չունենայ անցեալը փոխելու եւ դարմանելու այդ բոլորը, սակայն, ունի կարողութիւնը իր հոգեկան վիճակն ու կեցուածքը ճշդելու. օրինակ՝ մարդ կրնայ ընտրել յուսահատութիւնը, ուրիշ մը ամբողջութեամբ հակառակ՝ փորձէ դժբախտութեան մէջ լաւատեսութիւն մը գտնելով փոխել հանգամանքները։ Անշուշտ, այս բոլորը թէ՛ ընտրութեան եւ թէ մարդու խառնուածքին հետ կապ ունի, սակայն, վերջաւորութեան վերահսկելի իրողութիւն մըն է:
Այս խօսքը, սակայն, մենք ըսուած կը նկատենք հետեւեալը սերմանելու համար. մարդ պէտք չէ իր կեանքը կեդրոնացնէ ու իր տրամադրութիւնը վստահի արտաքին ազդակներու, որոնք փոփոխական են եւ անկայուն. եթէ հոգին անընդհատ պիտի ազդուի արտաքին փոփոխութիւններէն, ապա մարդու կեանքը շատ դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ արտաքինը անյստակ է եւ անյստակութիւնը ինքնին մտահոգութիւն մը կը ստեղծէ։ Փիլիսոփաներ կը փորձեն մարդոց համոզել, որ դուք անկախ արտաքին ազդակներէն, ստեղծեցէք ձեր հոգեկան նկարագիրը եւ այդ մէկը միատեղեցէք ձեր մտածումներուն ու անձին հետ: Որովհետեւ արտաքին ազդակները փոխելը դժուար կրնան ըլլալ, սակայն, սեփական մտածումը փոխելը շատ աւելի դիւրին է եւ, հետեւաբար, արտաքինին դէմ պայքարելու փոխարէն, պէտք է աշխատիլ զարգացնել խնդիրներու նկատմամբ մեր ունեցած մօտեցումը, որ կ՚ազդէ հոգեկան կայունութեան վրայ:
Օրինակի համար, մարդ կայ կը վստահի բոլորին եւ փաստերու հիման վրայ կը նուազեցնէ իր վստահութիւնը. նման անձ մը կրնայ շուտ յուսախաբութիւն ապրիլ, որովհետեւ վստահութիւնը կը վերածուի անվստահութեան, սակայն, ուրիշ մը ամբողջութեամբ հակառակ կրնայ անվստահութեամբ մօտենալ բոլորին եւ քիչ քիչ մարդոց վստահութեան մակարդակը բարձրացնել եւ այս մէկը կ՚օգնէ, որ յուսախաբութենէ հեռու մնայ։ Ահաւասիկ, երկու մօտեցումներ, որոնք մեծ դեր ունին մարդու հոգեկան վիճակին վրայ: Երկու պարագաներուն ալ գոյութիւն ունի անվստահելի մարդը, սակայն, ազդեցութիւններն ու մօտեցումները տարբեր են:
Հռոմէացի փիլիսոփայ Էպիկտետոս եւս համոզուած էր այդ գաղափարին։ Աւելի քան 2500 տարիներ առաջ ան կ՚ըսէր. «Մեզ խանգարողը ո՛չ թէ իրադարձութիւններն են, այլ մեր վերաբերմունքը անոնց հանդէպ» եւ շարունակելով կ՚ըսէր. «Եթէ կ՚ուզես ազատ ըլլալ, մի՛ ենթարկուիր այն բաներուն, որոնք կախուած չեն քեզմէ»:
Կարելի է այս համոզումին կապել պուտտայական այն համոզումը՝ որ կ՚ըսէ. «Ո՛չ ոք քեզ չի կրնար փրկել՝ բացի քեզմէ»:
Իրականութեան մէջ այս բոլոր ըսուածները հոգեկան ուժի մասին է։ Բնականաբար, չենք կրնար անտարբեր մնալ արտաքին երեւոյթներու դիմաց. Մանաւանդ՝ երբ կ՚ապրինք երկիրներու մէջ, ուր խաղաղութիւնը կենաց եւ մահու միջեւ կը տատանի։ Սակայն, նման շրջապատի մէջ մարդոց համար անհրաժեշտ է ունենալ այս համոզումը, որովհետեւ կեանքը՝ որ այսօր լեցուած է չարութեամբ ու անարդարութեամբ՝ կարելի չէ փոխել. գուցէ կարելի ըլլալ փոխել մէկը, մի քանի հոգի գուցէ, սակայն աշխարհը փոխել գրեթէ անհնար է։ Այդ իսկ պատճառով սեփական անձը փոխելն ու որոշ ճշմարտութիւններ աւելի մտածուած ընդունիլը՝ աւելի դիւրին ու արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Հոգեկան վիճակը միտքին հետ ի՞նչ յարաբերութիւն ունի:
Պատասխան. Հոգեկան վիճակն ու միտքը անմիջական ազդեցութիւն ունին մէկզմէկու վրայ. մարդու մտածելակերպը կրնայ ձեւաւորել հոգեկան վիճակը. Օրինակ՝ դրական մտածելակերպը կը նպաստէ հոգեկան կայունութեան, մինչդեռ բացասական միտքերը կրնան մարդը առաջնորդել անհանգստութեան: Նոյնը կարելի է տեսնել հակառակ ձեւով. Օրինակ՝ տխուր հոգեկան վիճակ մը կրնայ մաշեցնել միտքը, իսկ ուրախ հոգեկանը՝ կը պայծառացնէ միտքը: Հետեւաբար, հոգեկան վիճակին եւ միտքին միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելը կարեւոր է եւ մեծապէս կ՚ազդէ թէ՛ հոգեկան եւ թէ մտային առողջութեան վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան