ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…

«Եթէ կրնաս զինք հեռու պահէ նախանձէն եւ սորվեցուր ծածուկ խնդուքի գաղտնիքը»: Նախանձը բնաւորութեան գիծ մըն է, որ գրեթէ բոլորս առաւել կամ նուազ չափով ունինք: Անշուշտ, նախանձը իր մէջ ունի բաժանումներ, սակայն, որպէս ընդհանուր երեւոյթ նախանձը մարդկային է: Աշակերտական շրջանին՝ մանաւանդ սկիզբները այդ մէկը շատ աւելի յստակ ու արտայայտիչ կրնայ ըլլալ մանուկ աշակերտներուն մօտ, որովհետեւ անոնք առաջին անգամ կը սկսին իրենք զիրենք համեմատել իրենց հասակակիցներուն հետ. կը սկսին համեմատել դասերու մէջ ստացած նիշերն ու գնահատականները, արտաքին տեսքը, ընկերութեան մէջ եւ կամ ուսուցիչներու կողմէ վայելած ուշադրութիւնը եւ բնականաբար այդ մէկը կը ստեղծէ որոշ նախանձի զգացում մը: 

Աշակերտական շրջանին նախանձը կարելի է որոշ չափով բնական տեսնել, որովհետեւ այդ տարիքին տակաւին մանուկ-աշակերտը չունի հաստատուած ինքնագնահատական եւ սեփական արժէքի գիտակցութիւն. տակաւին ան կը գտնուի իր անհատականութիւնը կառուցելու փուլին մէջ:

Անշուշտ, ինչպէս վերը ըսինք, նախանձը իր մէջ ունի մի քանի բաժանումներ. կայ նախանձ, որ աշակերտը կը մղէ աւելի սորվելու, աւելի լաւ արդիւնքներ ապահովելու եւ կայ նախանձ, որ զինք ատելութեան ու վատ վերաբերմունքի կ՚առաջնորդէ: Այս պարագային առաջին նախանձի ձեւը գնահատելի է (այս մէկը ժողովուրդին կողմէ կը կոչուի «բարի նախանձ»՝ թէեւ կ՚ընդունինք, որ նախանձին բարին կամ վատը չի կրնար գոյութիւն ունենալ): 

Ուսուցիչը պէտք է յաջողի մանուկին սորվեցնել նախանձը կառավարել. անշուշտ, Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը ընդհանրապէս չնախանձի, սակայն, այդ տարիքին ամբողջական գիտակցութիւն ակնկալել կարելի չէ. չնախանձիլը, անշուշտ, ուսուցում է եւ դաստիարակութեան անբաժան մէկ մասը: Ուսուցիչը (ինչպէս նաեւ ծնողքը) պէտք է աշակերտին սորվեցնէ ընդունիլ սեփական ուժերը. ճանչնալ սեփական կարողութիւնները: Հասկնալ, որ իւրաքանչիւր մարդ ունի զանազան առաւելութիւններ ու թերութիւններ. ի՛նք եւս ունի թերութիւններ եւ առաւելութիւններ եւ այդ բոլորին գիտակցութիւնով է, որ ան պիտի յաջողի ընկերութեան մէջ ընդունիլ ուրիշներու առաւելութիւններն ու այլոց թերութիւնները: 

Հոգեւոր եւ կամ մարդկային տեսանկիւնէն մենք նախանձը որպէս բացասական երեւոյթ կը դիտենք, սակայն, փիլիսոփայութիւնը ունի ամբողջութեամբ այլ մօտեցում մը: Փիլիսոփայութիւնը կը հաւատայ, որ մարդուն նախանձի պատճառը կատարելութեան հասնելու տենչն է. մարդ կ՚ուզէ մի՛շտ յաջողիլ, աշակերտը կ՚ուզէ լաւագոյն գնահատականները ստանալ. մարդ կ՚ուզէ ընկերութեան մէջ իր բարձրագոյն տեղը ունենալ. աշակերտը կը փորձէ իր դասընկերներուն մէջ ամենէն սիրուածը ըլլալ: 

Անշուշտ, ամէն փիլիսոփայ նախանձը որպէս կատարելութեան ձգտում չի նկատեր. շատեր նախանձը բացատրած են որպէս անիմաստ ինքնախաբէութիւն. անոնցմէ մէկը կ՚ըսէ. «Նախանձը ծնունդ կ՚առնէ յիմարութենէն, որովհետեւ իմաստունը գիտէ, որ երջանկութիւնը համեմատութեան մէջ չէ»: Անշուշտ, աշակերտը կարելի չէ յիմար նկատել, որովհետեւ ինչպէս ըսինք, ան տակաւին իր ինքնութիւնը ձեւաւորելու ընթացքին մէջ կը գտնուի: Պարզապէս աշակերտը նախանձէն հեռու պահելու համար պէտք է սորվեցնել հիմնական մի քանի բաներ. 

Ա.- Աշակերտը պէտք է գիտնայ ինքն իր անձը տեսնէ հոգիի աչքերով, ինքնաքննութեամբ եւ ո՛չ թէ ուրիշի. ուրիշին համար ան կրնայ կարճ կամ երկար ըլլալ, սիրուն կամ տգեղ ըլլալ, խելացի կամ անխելք ըլլալ. մարդոց դատողութիւնը բազմազան է եւ պէտք չէ առաջնորդուիլ այլոց կարծիքով: 

Բ.- Պէտք է աշակերտին սորվեցնել, որ ուրիշին առաւելութիւնը, ուրիշին յաջողութիւնը իրմէ ո՛չ մէկ բան կը խլէ. այնպէս մը չէ, որ երբ ուրիշը յաղթէ՝ դուն պարտուած ես, որովհետեւ կեանքը նման մրցաշարք մը չէ: Ուրիշներու յաջողութիւնը պէտք չէ որպէս սեփական պարտութիւն տեսնել. հակառակը, այդ մէկը պէտք է դիտել որպէս առաւելութիւն, որովհետեւ մեր շուրջ ինչքան յաջողակ մարդիկ ըլլան, մենք աւելիով սորվելու, ներշնչուելու եւ զարգանալու կը ձգտինք: Եթէ աշակերտի մը դասընկերը լաւ նիշ կ՚ապահովէ, այդ ըսել չէ, թէ կը խլէ այն նիշը, զոր ինք կրնար առնել. այդ մէկը իրեն նմանելու առիթ պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ նախանձի պատճառ: Այս բոլորը շատ կարեւոր են, որովհետեւ հաստատուած նկարագիր մը ո՛չ միայն դպրոցական շրջանին, այլ ամբողջ կեանք մը մանուկին հետ կը մնան: Անշուշտ, այս բոլորին մէջ մեծ մեղք ունին նաեւ ուսուցիչները, մեծ մեղք ունին ծնողները: Այսօր կը տեսնենք, թէ անոնք ինչպէս համեմատականներ կը դնեն աշակերտներու միջեւ. այսօր աշակերտ մը վատ գնահատական կը ստանայ եւ մայրը որպէս օրինակ ցոյց կու տայ այլ աշակերտ մը՝ որ լաւ գնահատական ձեռք բերած է: Այդ համեմատականը աշակերտին մօտ ո՛չ մէկ դրական զգացողութիւն պիտի ստեղծէ: Մանուկներու պարագային համեմատականը ատելութեան առիթ է, որովհետեւ անոնց միտքին մէջ պիտի չծագի սպասուած այն գաղափարը, որ համեմատուած անձը լաւ նիշ բերաւ՝ ես ալ լաւ նիշ բերեմ. պարզապէս ատելութիւն մը պիտի ստեղծէ այդ միւս աշակերտին նկատմամբ: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ծնողքը իր զաւակը կը համեմատէ այլ աշակերտներու հետ. առո՞ղջ երեւոյթ է այս մէկը:

Պատասխան. Ծնողքին կողմէ զաւակին այլ աշակերտներու հետ համեմատուիլը սովորաբար վնասակար է եւ առողջ հոգեբանական միջավայր չի ստեղծեր: Նման համեմատութիւններ զաւկին մօտ կրնան ստեղծել ինքնագնահատականի անկում, անապահովութեան զգացում եւ ան կը սկսի կասկածի տակ դնել իր կարողութիւնները եւ հեռու մնալ իր հետաքրքրութիւններէն: Կարեւոր է, որ ծնողքը աջակցի զաւկին եւ նպաստէ, որ ան ձեռք բերէ վստահութիւն եւ անոր հիման վրայ ձեւաւորէ իր ինքնութիւնը: Առողջ դաստիարակութիւնը հիմնուած է սիրոյ, ըմբռնումի եւ յարգանքի վրայ եւ ո՛չ մրցակցային համեմատութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2025