ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԷՋ ՄԱ՛ՐԴԸ ԿԵՐՏԵԼ

Մարդը ինքն է ամբողջ ընկերային կեանքին հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատա՛կը։ Ընկերային հարցը վճռող կէտը այն է, որ Աստուծոյ կողմէ բոլորին համար ստեղծուած բարիքները իսկապէս հասնին բոլորին, արդար չափով եւ անկեղծ մարդասիրութեան նպաստով։ Ուստի, ճշմարիտ բարգաւաճումը եւ զարգացումը՝ ամբողջակա՛ն մարդուն բարգաւաճումն է։ Եւ այս իսկ իմաստով, հարցը՝ իւրաքանչիւր անձին կարողութիւնը աճեցնելն է, ուրիշ խօսքով՝ մարդուն մէջ՝ «բարի մարդ»ը գտնել եւ դուրս բերելն է, որպէսզի ան համապատասխանէ իր սկզբնական կոչումին, հետեւաբար Աստուծոյ կոչին։ Արդարեւ, ի բնէ մարդը բարի է, քանի որ մարդը Աստուծոյ արարածն է եւ Աստուած երբեք չար բան չի ստեղծեր եւ Ան կը ստեղծէ միշտ այն՝ որ բարի է։ Ամենաբարին Աստուած միայն բարին կը ստեղծէ…

Թէեւ այս մասին հակադիր տեսութիւններ կան, կարծիքներ՝ որոնց համաձայն չարութիւնը կրնայ ընդոծին ըլլալ, այսինքն չար ծնիլ մարդ։ Սակայն ուղիղ բանականութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ չարութիւնը ստացական վիճակ մըն է, ինչպէս թարմ հացը ժամանակի ընթացքին՝ արտաքին գործօններու, զանազան բնութեան ազդումներով կը կորսնցնէ իր թարմութիւնը եւ օթեկ հաց կ՚ըլլայ։

Բնութեան մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ՝ ուր օգտակար որեւէ բան ժամանակի ընթացքին կը վերածուի վնասակարի։ Եւ մարդն ալ բարի կը ծնի, յետոյ, զանազան պատճառներով չար կ՚ըլլայ։ Եւ իսկական բարին այն է, որ բարութիւնը չի կորսնցներ՝ բարի կ՚ապրի եւ բարի կը մնայ մինչեւ իր կեանքի վախճանը։

Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ «մարդուն մէջ մա՛րդը կերտել»ու նուիրական գործը։ Արդարեւ, մարդուն մէջ մա՛րդը կերտել արուե՛ստ մըն է, թերեւս բոլոր միւս արուեստներուն սկզբնականը, մայր արուեստը։

Թէ ո՞վքեր են այդ արուեստին արուեստագէտները։

Առաջին, անշուշտ, իր ամենալայն առումով դաստիարակներ։ Jean-Jacques Rousseau-ի (1712-1778թթ.) համաձայն, դաստիարակութիւնը ե՛ւ կրթութիւնը կը սկսի մօր արգանդին մէջ եւ կը շարունակուի ընտանիքի միջավայրին, յետոյ դպրոցը՝ ուսուցիչ եւ դաստիարակներու դաստիարակութեամբ կը կատարելագործուի։ Ի վերջոյ մարդ՝ հասուն հասակին ընկերութեան մէջ կ՚իրագործէ իր ստացած դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը։ Հոս, ահաւասիկ, մարդուն իսկական քննիչ մը կ՚ըլլայ ընկերութիւնը, ուր ան իր ստացած ուսումը կը գործածէ կամ բարի եւ օգտակար նպատակներու հասնելու համար եւ կամ բոլորովին հակառակը՝ վնասակար-չար նպատակներու հասնելու համար։

Կարելի՞ է կարծել, որ ծնողքը եւ դպրոցը չար դաստիարակութիւն տայ տղուն։ Ուրեմն, մարդ եթէ չար է, ատիկա ընկերութեան ազդեցութեան պատճառով է…

Մարդուն մէջ «մա՛րդ»ը կերտող արուեստագէտները հոգեւորականներն են։ Անոնք իրենց կոչումին ուղղութեամբ, քարոզչութեամբ, աւետարանչութեամբ եւ մանաւանդ ծառայասիրութեամբ՝ մարդուն մէջ «մա՛րդ»ը կը կերտեն։

Արդարեւ, հոգեւոր իմաստով, մարդուն մէջ մա՛րդը կերտել, կը նշանակէ՝ մարդը դաստիարակել իր արարչական կոչումին ուղղութեամբ։ Քանի որ մարդը ստեղծուած է իր Արարչին՝ Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ, ապա ուրեմն, հոգեւորականին առաջնակարգ պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնն է՝ ծառայական ոգիով մարդիկ դաստիարակել Աստուծոյ պատկերին եւ Անոր նմանութիւնը զգացնելով իրենց եւ այդ անհերքելի ճշմարտութեան գիտակից դարձնելով անոնք։

Եւ վերջապէս, մարդուն մէջ մա՛րդը կերտող իրաւ արուեստագէտներ են անոնք՝ որոնք իրենց կեանքով, իրենց բարի կենցաղով ճշմարիտ վկաներ կ՚ըլլան բարիին եւ մարդասիրութեան։ Արդարեւ, իր իսկ կեանքին օրինակով դաստիարակել եւ կրթել՝ դաստիարակութեան եւ կրթութեան ամենէն ազդու միջոցն է, որուն պէտք է հպատակին նաեւ ծնողներ, դաստիարակներ ե՛ւ հոգեւորականներ։ Որովհետեւ, կենդանի օրինակը համազօր է երկար դաստիարակութիւններու՝ խօսքով, քանի որ խօսքը կ՚ազդէ միայն ականջին, բայց կենդանի մէկ օրինակ մը՝ թէ՛ ականջին, թէ՛ աչքին, այսինքն՝ թէ՛ մտքին, թէ՛ սրտին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 25, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025