ՃԱՄԲԱՆ ԿԻՍԵԼ…

Կ՚ըսեն, որ գործի մը սկսիլ՝ ճանբան կիսել կը նշանակէ, իսկ կէսին հասնիլ՝ արդէն գործը վերջացնել է։ Բայց կարեւորը՝ գործի մը հաստատամիտ սկսիլն է. առանց վարանելու, առանց եւ առանց յուսալքուելու շարունակել ճանապարհը կեանքին…

Մեծ պահքն ալ հոգեւոր ճանապարհ մըն է. ճանապարհ մը, որուն վերջաւորութիւնը հոգեւոր յաղթանա՛կ է։ Եւ ահաւասիկ, այս ճամբան «Միջինք»ին կը հասնի կէսին՝ Մեծ պահքի 24-րդ օրը՝ չորեքշաբթի։

Արդարեւ, մարդ երբ կը յառաջանայ ճամբու մը վրայ դէպի նպատակակէտի մը հասնելու համար, երբեմն կը նայի իր ետին, հասկնալու համար, թէ որքան ճամբայ քալած է եւ թէ ինչպէ՞ս ընթացած է ճամբորդութիւնը։ Ուստի, կերպով մը «հաշիւ տեսնել»ու ինքզինքին հետ եւ տեսնելու համար իր թերութիւնները, սխալները՝ սրբագրելու համար զանոնք, աւելի արդիւնաբեր կարենալ շարունակելու համար ճամբան եւ հասնելու վերջնական նպատակին։

Ահաւասիկ, «Միջինք»ի ամենապարզ բացատրութիւնը այս է կը կարծենք, գոնէ պահ մը կանգ առնել եւ տեսնել, թէ ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ չըրինք մինչեւ այս պահը, եւ թէ ի՞նչ ընելու է եւ չընելու ասկէ վերջ։

Կարելի է կարծել, թէ շատ կարեւոր է ժամանակ մը վերջ գիտնալ, թէ բաւականաչափ ջանք թափուած է եզրակացութիւն մը կամ որոշում մը առնելու եւ նկատուած նպատակին հասնելու համար, շատ բնական է ասիկա։ Շատ կարեւոր է այս ընթացքը կատարել բաց մտքով եւ բաց հոգւով եւ որոշել, երբ բաւականաչափ կարեւորութիւն ընծայուած է գործին։

Այս ընթացքը մարդուս ցոյց կու տայ, թէ շատ աւելի «հաւատք»ի պէտք ունի կատարեալ «հաւատացեալ» մը ըլլալու համար։ Ամենէն տրամաբանական եւ իմաստուն բանը, որ կարելի է ընել՝ խոստովանիլ մեղքերը եւ ընդունիլ Յիսուսը որպէս Փրկիչ։ Ուստի, Աստուծոյ գերագոյն փափաքն է մարդուս սրտերուն մէջ բնակիլ։ Սքանչելի՜ է քանդակուած, պճնուած, գեղատեսիլ տաճարներ շինել եւ տեսնել, սակայն Տէրը կ՚ուզէ, որ մենք Իր տաճարները ըլլանք եւ Իր Հոգին մեր մէջ բնակի. «Չէ՞ք գիտեր որ Աստուծոյ տաճար էք դուք». (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 16) եւ «Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ բնակած է»։

Արդարեւ, Յիսուս ըսաւ. «Դուն երբ աղօթք կ՚ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ եւ դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ». (ՄԱՏԹ. Զ 6)։ Այս մասին կարեւորագոյնը Տէրոջը վստահիլ է հաւատքով, որովհետեւ Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերանը պիտի ըսէք.- ատկէ անդին փոխադրուէ, եւ պիտի փոխադրուի». (ՄԱՏԹ. ԺԷ 19)։

Ուստի, Մեծ պահքի շրջանին, Միջինքը առիթ մըն է անդրադառնալու մեր հաւատին եւ խորհելու, թէ մեր հաւատքը որքան զօրաւոր է եւ ամուր, քանի որ ան կրնայ երբեմն պարզ «խօսք» մը դառնալ եւ կորսնցնել իր ազդեցութիւնը մեր կեանքին մէջ, քանի որ սովորութիւն մը երբ կը վերածուի միօրինակութեան՝ վտանգաւոր կը դառնայ անիկա, կը կորսնցնէ իր զօրութիւնը եւ հոգեւոր վնասի պատճառ կը հանդիսանայ։ Ուրեմն, «Միջինք»ը այն հանգրուանն է, ուր կը նորոգուինք եւ նոր ուժով, նորոգուած տրամադրութեամբ կը շարուակենք մեր հոգեւոր ճանապարհը՝ աւելի ապահով։ Որովհետեւ հաւատքը դիւրաբեկ է՝ զանազան զգացումներ կրնան տկարացնել անիկա, զոր օրինակ՝ յուսալքում, վհատում, անտարբերութիւն եւ նման տրամադրութիւններ։

Աղօթենք, որ Տէրը մեր հաւատքը աւելցնէ եւ աւելի եւս զօրացնէ եւ Ան ըլլայ մեր ամրակուռ ժայռը՝ որ երբ կեանքի փոթորիկներ կամ նեղութիւններ, խոչընդոտներ ըլլան մեզի եւ մեզ վախցնեն, կարենանք հաւատքով զանոնք փոխադրել ծովուն անդունդը եւ ուրախութեամբ շարունակենք Մեծ պահքի բարեբեր ճանապարհը եւ կեանքի ընթացքը՝ Ամենակալն Աստուծոյ օգնութեամբ՝ Տէր Յիսուսի ձեռքէն բռնած եւ Սուրբ Հոգիին ամենավստահելի առաջնորդութեան ապաւինելով։

Չանտեսենք «Միջինք»ի կարեւորութիւնը եւ օգտուի՛նք առիթէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 25, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 26, 2025