ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ՝ ՉՈՐՐՈՐԴ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԸ (1346-1409)
Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալներ Հայոց հաւատքի առաջին լուսաւորիչներն են. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ ազգի երկրորդ լուսաւորիչը. Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ Սուրբ Գիրքի եւ լեզուի երրորդ լուսաւորիչը, իսկ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի՝ աստուածաբանութեան չորրորդ լուսաւորիչը։
Արդարեւ, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի տապանաքարին վրայ արձանագրուած է. «…Չորրորդ Լուսաւորիչ…»։
Հայ միջնադարի աստուածաբանական մտքի սիւներէն մէկն է Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի։ Աշխարհական անունն էր Խութլուշահ։ Ան եղած է աստուածաբան, իմաստասէր, հայկական մանրանկարչութեան մասնագէտ։ Անոր մատենագրական վաստակը կը յատկորոշուի հանրագիտարանային բազմակողմանիութեամբ, գիտական խորութեամբ։
Ուստի, Տաթեւացիի հոգեւոր ժառանգութիւնը դարակազմիկ՝ դարագլուխ կազմող նշանակութիւն ունե֊ցաւ Հայ աստուածաբանական-իմաստասիրական մտքի պատմութեան մէջ։
Տաթեւացի ծնած է 1346 թուականին Գուգարքի Թմբկաբերդ քաղաք-ամրոցին մէջ, արհեստաւորի ընտանիքի մը մէջ։ Ընտանիքը աւելի վերջ տեղափոխուած է Սիւնիք։ Ծնողները՝ նկատելով իրենց որդիին ունեցած անյագ ծարաւը, պատանին՝ Խութլուշահին (ապագայ Գրիգորին), զայն կը յանձնեն Տաթեւի վանք-դպրանոցը՝ Յովհան Որոտնեցիի մօտ ուսանելու։
Մեծանուն Որոտնեցի ուսուցչապետի մօտ քսան տարի ուսանելէ ետք ան կը դառնայ վանքի միաբան։ Յովհան Որոտնեցիի հաւատարիմ օգնականը եւ քարտուղարը ըլլալով՝ Գրիգոր Տաթեւացին գրի առած է անոր դասախօսութիւնները, որոնք կարեւոր սկզբնաղբիւր են Որոտնեցիի մատենագրական վաստակը ճիշդ գնահատելու համար։ Եւ այս իրողութիւնը ինքնին ցոյց կու տայ իր ուսուցչի նկատմամբ Տաթեւացիի տածած պատկառոտ սէրը եւ յարգանքը, այլեւ՝ հոգեւոր ժառանգորդութեան այն առողջ մթնոլորտը՝ որ կը տիրէր Տաթեւի համալսարանի մէջ։ Որոտնեցիի մահէն (1386 թ.) յետոյ Տաթեւացին կը շարունակէ անոր եկեղեցաքաղաքական, գիտական, ուսումնակրթական գործունէութիւնը՝ երկար տարիներ Տաթեւի համալսարանի տնօրէնը եւ ուսումնական կեանքի անխոնջ կազմակերպիչը։
Իր ժողովուրդի հոգեւոր քաղաքական ինքնուրոյնութեամբ մտահոգ եկեղեցական գործիչը անյողդողդ՝ հաստատ, հետեւողական պայքար կը մղէ կարգ մը գաղափարական յաւակնութիւններու դէմ։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի արդիւնաշատ կեանքը կ՚ընդհատուի դեկտեմբեր 27, 1409 թուականին։
Ան թողած է հսկայածաւալ մատենագրական ժառանգութիւն, մեկնութիւններ, քարոզներ, դաւանաբանական, իմաստասիրական աշխատութիւններ, որոնց մէջ առաւել կարեւորներն են.
- Գիրք Հարցմանց
- Ոսկեփորիկ
- Քարոզգիրքերու
«Ձմերան», «Ամարան» հատորները
- Մեկնութիւն Աւետարանի
- Մեկնութիւն Սաղմոսաց
- Մեկնութիւն Եսայեայ
- Համառօտ Տեսութիւն Ի Գիրս Պորփիւրի
- Լուծմունք Համառօտ ի Տեսութիւն Դաւթի
Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան համար ուրոյն նշանակութեամբ օժտուած են մասաւորաբար հեղինակի «Գիրք Հարցմանց»ը՝ 1397 թուականին եւ «Ոսկեփորիկ»ը՝ 1401 թուականին։
Այս աշխատութիւնները հանրագիտարանային բնոյթ ունին։
Անոնց մէջ ի մի հաւաքուած են ո՛չ միայն կեանքի ամենազանազան բնագաւառներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները, այլեւ, որ առաւել կարեւոր է, հայ դաւանաբանական մտքի դարաւոր ձեռքբերումները։ Նախորդ շրջանի տեսական գրականութեան մէջ տարտղնուած աստուածաբանական զանազան գիտակարգերը (discipline) Տաթեւացիի այս երկերուն մէջ. սքոլաստիկ աստուածաբանութեան մէջ ընդունուած մասնաւոր սկզբունքով, դասդասուած եւ գիտական համակարգի վերածուած են։
Բնոյթով եւ կառուցուածքով նոյնական այս աշխատութիւնները սակայն ծաւալով կը տարբերուին. «Հարցմանց» գիրքը ընդարձակ է. իսկ «Ոսկեփորիկ»ը փոքրածաւալ։ «Հարցմանց» գիրքի մէջ առկայ փաստերու մանակրկիտ հաշուառումը եւ մեկնաբանումը «Ոսկեփորիկ»ի մէջ կ՚ամբողջացուի ընդհանրական գնահատումներով։
«Հարցմանց» գիրքի նման «Ոսկեփորիկ»ի շարադրումը նպատակ ունի ընթերցողին ծանօթացնել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանաբանական բոլոր սկզբունքներուն եւ գլխաւոր կարգոյթներուն։ Իր մէջ ներառելով հայ բազմադարեան աստուածաբանական մտքի բոլոր կարեւորագոյն հիմնադրութիւնները՝ «Ոսկեփորիկ»ը կը դառնայ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան կարեւորագոյն ձեռնարկը։
«Ոսկեփորիկ»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը կատարուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի ձեռագրերու եւ տպագրի հիման վրայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 25, 2025, Իսթանպուլ