ԿԱՂԱՑՈՂ ԷՇԸ ՄԵՌԱԾ ՁԻԷՆ ԱՂԷԿ Է
Մօտաւորապէս 1800-ական թուականներու կէսերուն հայ մտաւորականութիւնը բաժնուեցաւ երկու մասի. կար խումբ մը, որ կ՚ուզէր աշխարհաբար հայերէնը հեռու պահել մամուլէն ու գրականութենէն եւ այդ մէկը վերապահել լոկ ժողովուրդի գործածութեան՝ առաջնահերթ նկատելով հարազատ մայրենիով գրականութիւն ստեղծելը, սակայն, ի տարբերութիւն այս առաջին խումբին կային անձեր, որոնք լեզուի մաքրութենէն շատ աւելի առաջնահերթ կը նկատէին ժողովուրդին հասանելի ըլլալը: Այդ է պատճառը, որ Զարթօնքի շրջանի գրողի մը մօտ կը գտնենք թրքախառն բառեր՝ պատմուածքին հարազատութիւնը պահելու համար, իսկ ուրիշի մօտ անաղարտ հայերէն։ Տարբեր կարծիք ունեցող մտաւորականներուն մօտ գրելու նպատակն ու դիտաւորութիւնը ամբողջութեամբ ուրիշ էին. մին կ՚ուզէր իր գրութեամբ գրականութիւն ստեղծել, ժողովուրդը «դաստիարակել», իսկ միւսը գրականութեան ճամբով հայերէն լեզուն զարգացնել եւ բիւրեղացնել:
Անշուշտ, ժամանակը լուծում տուաւ այս հարցին՝ երկու կողմերը ձգելով իրենց համոզումին մէջ. մին գրեց մաքուր հայերէնով, իսկ միւսը ժողովրդական բարբառին եւս տեղ տուաւ: Այդ չյայտարարուած կռիւը բարեբախտաբար այսօր չունինք, սակայն, ծնունդ առած է նոր մը (վերջապէս ամէն ժամանակաշրջան իր խնդիրը պէտք է ունենայ). ինչպէ՞ս հայերէն խօսիլ: Այստեղ եւս կայ երկու հակառակ կարծիքներ ու համոզումներ. կայ խումբ մը, որ կը հաւատայ, թէ հայը պէտք է հայերէնը մաքուր խօսի. պէտք չէ անոր խառնէ արաբերէն, թրքերէն եւ կամ անգլերէն բառեր, իսկ կայ խումբ մը, որ այդ օտար բառերը համբերութեամբ կը հանդուրժէ լսել՝ պայմանով, որ նոր սերունդը հայերէն խօսի ու հայերէն մտածէ:
Երկու կարծիքներն ալ յարգելի ու համոզիչ են, սակայն, մենք կողմնակից ենք երկրորդին. թող նոր սերունդը իր խօսակցութեան մէջ անգլերէնն ու արաբերէնը խառնէ՝ սակայն հայերէն խօսի, քան ընդհանրապէս հայերէն չխօսի. վստահաբար, իտէալականը պիտի ըլլար բոլորին մաքուր հայերէն խօսիլը, սակայն, ներկայ իրավիճակին մէջ նախընտրելի է արաբախառն ու ամերիկախառն հայերէնը՝ քան ամբողջութեամբ օտար լեզուով արտայայտուիլը:
Վերջերս համացանցի վրայ երիտասարդ աղջիկ մը հարցազրոյց տուած էր սփիւռքահայ կազմակերպութիւններէն մէկուն. իր խօսակցութեան ժամանակ բաւականին գործածած էր «կոր» արտայայտութիւնը եւ արժանացած ոմանց «քննադատութեան»։ Անշուշտ, այդ քննադատողները չեն կրցած տակաւին հասկնալ, որ «կոր»ով հայերէն խօսող երիտասարդ հայուհին շատ աւելի գնահատելի է՝ քան ընդհանրապէս հայերէն խօսիլ չգիտցող բազմահազար հայերը, որոնք կ՚ապրին աշխարհի տարածքին: Հաւատացէ՛ք, որ կան շատեր, որոնք հայերէն չեն խօսիր պարզապէս քննդատութիւններէ հեռու մնալու համար. այսօր մենք կը գտնուինք իրավիճակի մը մէջ, որ ո՛չ թէ մաքուր հայերէն, այլ պարզապէս հայերէն խօսիլ պիտի աղերսենք մեր նոր սերունդէն. հիմա այն ժամանակն է յայտարարելու, որ խօսեցէ՛ք հայերէն, նոյնիսկ «կոր»ով, նոյնիսկ օտար բառերու օգնութեամբ, որովհետեւ տասն բառանոց նախադասութեան մէջ երկու արաբերէն կամ անգլերէն բառը շատ աւելի ընդունելի է՝ քան ամբողջութեամբ օտար լեզուով արտայայտուիլը:
Հայ մտաւորականներէն մին՝ որ հայ լեզուի զինուոր կարելի է նկատել, կը փորձէր ամէ՛ն կերպով հայերէն լեզուն սրբագրել. օրինակի համար, իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. մի՛ ըսէք «Այս խնձորը համով խնձոր է», այլ ըսէ՛ք. «Այս խնձորը համով է». այսպիսով կ՚առաջարկէր ենթական էական բային հետ երկու անգամ չկրկնել։ Այսօր այնպիսի վիճակի մէջ ենք, որ կը համարձակինք ըսել. ըսէ՛ք «Այս խնձորը համով խնձոր է», կարեւորը հայերէնով ըսէք. կարեւորը խնձո՛ր ըսէք:
Նման սրբագրութիւններ կատարելը նման է այն մարդուն, որ տակաւին տունը չշինած կահոյքը ապահովել կը փորձէ. տրամաբանութիւնը կ՚ըսէ նախ տունը շինէ, ապա կահաւորէ. մեր վիճակը նոյնն է. թող նախ հայերէն խօսին, որպէսզի յետոյ կարենան մաքուր հայերէն խօսիլ:
Գիտէ՞ք չէ... կաղացող էշը մեռած ձիէն աղէկ է. բոլորիս համար ալ ձին աւելի ազնուական է՝ քան էշը, սակայն երբ ձին մահացած է, էշը շատ աւելի արժէք կ՚ունենայ: Այս համոզումով մի՛ կաշկանդէք նոր սերունդը. թող «կո՛ր» ըսեն, թող սխալին, թող օտար բառերու օգնութեան դիմեն՝ սակայն թող շարունակեն հայերէն արտայայտուիլ:
Անշուշտ, մի քիչ տրամաբանող մը լաւապէս պիտի հասկնայ, որ մենք մաքուր հայերէնի գործածութեան դէմ չենք. մենք դէմ ենք թէկուզ սխալներով հայերէն խօսողները քննադատողներուն, որոնք պատճառ կ՚ըլլան, որ շատ անգամ նոր սերունդը աւելիով հեռանայ իր արմատներէն, իր մայրենիէն։ Պոլսոյ մէջ տեսանք հայեր, որոնք կը նախընտրեն թրքերէն խօսիլ՝ վախնալով, որ հայերէն խօսած ժամանակ կրնան սխալներ դուրս տալ. աւելի լաւ չէ՞ միթէ սխալներ դուրս տալով հայերէն խօսիլ՝ քան ընդհանրապէս հայերէն չխօսիլ:
Մենք այսօր ազգովին հոգի՛ պէտք է տանք, որպէսզի նոր սերունդը «կոր»ով հայերէն խօսի՝ կարեւորը խօսի. արդէն կէս դար եւ աւելի հնութիւն ունեցող «կը նահանջէ լեզուն» ահազանգը բաւարարաչափ ցաւ ու ահ կը պատճառէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է, որ մարդը իր արմատներէն կը հեռացնէ:
Պատասխան. Մարդ իր արմատներէն կը հեռանայ շրջապատի ազդեցութեամբ, ինչպէս նաեւ օտար մշակոյթներու հանդէպ հետաքրքրութեան պատճառով, ինչ որ զինք հեռու կը պահեն իր մշակոյթէն: Անձը, որ չի կարեւորեր իր մայրենի լեզուն, իր ազգային արժէքներն ու ինքնութիւնը, աստիճանաբար կը հեռանայ իր արմատներէն եւ ինքզինք օտարին մէջ միաձուլուած կը գտնէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան