ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Այս տարի հռչակուեցաւ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի». որպէս խորագիր ականջի անուշ կը հնչէ. առաջին հերթին աւանդութիւն ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը աւանդութիւնը կը բացատրէ հետեւեալ ձեւով. «Ընդհանուր սահմանումով, աւանդութիւնը տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ որեւէ կազմակերպութեան առընչուած հաւատալիքներու, արժէքներու, իտէալներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտածողութիւններու, գործելակերպերու ու սովորութիւններու ամբողջութիւնն է, ինչպէս նաեւ՝ անոնց փոխանցումը սերունդէ սերունդ». եթէ մենք ալ աւանդութիւնները հետեւեալ ձեւով կ՚ընդունինք, ապա կրնանք ըսել, որ ինչպէս մարդուժի պատրաստութիւնը, այս մէկը եւս շատ կարեւոր տեղ ունի՝ մանաւանդ մերօրեայ հայ ժողովուրդին համար: Աւանդութիւնները ժողովուրդի մը գոյնն են, իր ինքնութեան անբաժան մէկ մասնիկը եւ աւանդութիւններէն հեռանալ, ինքնութեամբ օտարանալ կը նշանակէ: Այսօր մենք այդ օտարանալու վտանգին դիմաց կը գտնուինք եւ աւելին, շատ մը գաղութներու մէջ մեր երիտասարդութիւնը արդէն իսկ օտարացած կեանք մը կ՚ապրին: Աւանդութիւնը՝ այլ խօսքով մեր ինքնութեան պահպանման մասին մտածելու համար քիչ մը շա՜տ ուշացած ենք, որովհետեւ ինչպէս յստակ է մեռնողին դեղ տալը իմաստ չունի. պէտք է կենդանութեան բուժել, սակայն գուցէ կարելի ըլլայ փրկել միւս մասը, որ տակաւին մահամերձ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ եթէ շարունակենք մնալ անտարբեր՝ մահուան օրը այնքան ալ հեռու չի թուիր ըլլալ:
Սակայն, հիմա կ՚ուզենք լաւատես ըլլալ. Կ՚ուզենք հաւատալ, որ այս տարին իրապէս աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի ըլլայ եւ իր նպատակին ծառայելով բուժէ բազմաթի՜ւ մահամերձ հայու ինքնութիւններ:
Աւանդութիւնը բացատրած ժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոս կը խօսի կրօնական արժէքներու ու հաւատալիքի մասին. այս բոլորը ամրացնելը պէտք է որոշ տեղէ սկսիլ եւ ահաւասիկ սկիզբ մը. այսօր մեծահասակներու մէջ կան շատե՜ր, որոնք լուրջ ձեւով յարգանք ունին կրօնական աւանդութիւններուն, ինչպէս նաեւ կրօնական հաստատութիւններու հանդէպ, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել երիտասարդութեան մասին (թէեւ ի տարբերութիւն անցեալին այսօր որոշ աշխուժութիւն մը կը նկատուի երիտասարդութեան կողմէ): Եկեղեցին առաջին հերթին պէտք է լրջօրէն մտածէ այս մասին. որոշ ժամանակ կար այն համոզումը, որ միայն ծերերը կու գան եկեղեցի, սակայն, ինչպէս ըսինք, վերջին շրջանին կը տեսնենք երիտասարդներու ներկայութիւն, թէեւ թիւով շա՜տ քիչ: Կրօնական ու հոգեւոր աւանդութիւնները վերականգնելու համար նախ պէտք է մտածել, թէ ինչո՞ւ համար հինէն եկող որոշ ատելութիւն մը գոյութիւն ունի եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հոգեւոր կառոյցներուն հանդէպ. ինչո՞ւ համար որոշ ատելութիւն մը գոյութիւն ունի եկեղեցականներու հանդէպ (անշուշտ, բացառութիւններ միշտ կան եւ եղած են). մեր ազգին մէջ հոգեւոր արժէքներ քարոզողն ու տարածողը եկեղեցին է եւ եթէ ժողովուրդ մը ամբողջ հոգիով ու սիրտով չսիրէ եկեղեցին, դժուար թէ կարենայ սիրել այն արժէքներն ու աւանդութիւնները, որոնք նոյնինքն եկեղեցւոյ կողմէ պիտի փոխանցուին: Կարելի չէ քննադատել այդ սրբազան արժէքները անտեսողները՝ մինչեւ չկատարուի կատարեալ ինքնաքննութիւն մը: Բարեբախտաբար, մեր եկեղեցին ալ գիտէ, որ հոգեւոր ու աստուածային կառոյց ըլլալով հանդերձ այսպէս կամ այնպէս ունեցած է եւ գուցէ ունի իր թերութիւնները եւ զանոնք ծածկելու փոխարէն, արդարանալ փորձելու փոխարէն, կը փորձէ ամէն գնով սրբագրել զանոնք: Բայց պէտք է ընդունիլ, որ բացթողումը մեծ է:
Եկէ՛ք, օրինակը վերցնենք նոյնինքն Լիբանանէն, ուր կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Փորձեցէք օր մը տրամադրել եւ այցելել Լիբանանի մէջ գտնուող սրբավայրեր. օրինակի համար, Սուրբ Շէրպիլի եւ կամ Սուրբ Ռիթայի ուխտավայրերը: Պիտի նկատէք, որ այդտեղ քիչ չեն հայերու թիւը. հայը տարօրինակ սէր ու յարգանք ունի օտար սուրբերու հանդէպ, սակայն, տարօրինակ ձեւով նոյն սէրն ու յարգանքը չունի իր սեփական սուրբերուն հանդէպ: Այսօր շատ մը հայեր իրենց տան մէջ ունին այդ օտար սուրբերուն նկարները, սակայն չեմ տեսած ընտանիք մը, որ այդ սուրբերուն փոխարէն իր տան պատէն կախած ըլլայ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Յակոբի եւ Նարեկացիի, Տաթեւացիի եւ այլ սուրբերու սրբապատկերները: Այսօր շատ մը հայ զոյգեր իրենց պսակադրութիւնը, իրենց զաւակներուն Սուրբ Մկրտութիւնը կը կատարեն այդ օտար սուրբերու հովանիին տակ եւ այս մէկը թէ՛ ազգային եւ թէ հոգեւոր որոշ արժէքներու նկատմամբ թերութիւն որպէս կը տեսնենք: Ինչո՞ւ համար մեր հայ սուրբերը չեն կրցած նման համբաւ ու ներգործութիւն ունենալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն վրայ, ինչքան օտար սուրբերը: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս օտարը կը յաջողի գրաւել մեր հայորդին իր արժէքներով, սակայն, մենք չենք յաջողիր նոյնը ընել մեր արժէքներով: Ահաւասիկ, եկեղեցւոյ առջեւ դրուած հարց մը. հարց՝ որ կրնայ լաւ սկիզբ մը ըլլալ աւանդութիւններու վերակենսաւորման համար: Նախ եկեղեցին ի՛նք պէտք է արժեւորէ իր սուրբերը, զանոնք լաւապէս ծանօթացնելով իր ժողովուրդին. այսօր հայը կը դիմէ օտար սուրբերու, որովհետեւ անոր մասին շա՜տ լսած ու անոր հրաշքներուն մասին շատ տեղեկութիւններ ունի. մենք ի՞նչ գիտենք մեր սուրբերուն մասին. մեր ո՞ր սուրբը ծանօթ է որպէս բժշկող սուրբ. ինչո՞ւ համար կարծուի, որ օտար սուրբին բարեխօսութիւնը շատ աւելի ազդու ու դրական է, քան հայ սուրբին բարեխօսութիւնը… պէտք է լրջօրէն մտածել:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Բոլոր սուրբերը հաւասա՞ր են, թէ կան մեծ ու փոքր սուրբեր:
Պատասխան. Քրիստոնէութեան աւանդութեան համաձայն, Աստուծոյ դիմաց բոլոր սուրբերը հաւասար են. անոնց «մեծ» կամ «փոքր» ըլլալը կապուած է երկրային կեանքին մէջ իրենց ունեցած ազդեցութեան, հոգեւոր ներդրումներուն եւ անոնց ճանաչման հետ: Նոյնիսկ առաքեալներու մասին խօսելով շատ մը առաքեալներ՝ ինչպէս Պետրոսը, Պօղոսը կը նկատուին մեծ, իսկ օրինակ՝ Թովմասը եւ կամ ուրիշներ աւելի «փոքր»: Սուրբերուն մեծութիւնը մարդոց սիրով կարելի չէ չափել. անոնց մեծութիւնը Աստուծոյ սիրոյ մէջ պէտք է տեսնել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան