ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ
«Սուրբ Հոգիին արդիւնքներն են՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն…». (ԳԱՂԱՏ. Ե 22)։ Մարդկային կեանքի մէջ Սուրբ Հոգիին արդիւնքները անհրաժեշտ վիճակներ են՝ որոնք կը ձեւաւորեն կեանքին ընթացքը եւ կը գոյապահպանեն եւ կ՚ապահովեն կեանքի գոյատեւումը։ Ահաւասիկ, անոնցմէ մէկն է հաւատարմութիւնը։ Հաւատարմութիւնը, ընդհանրապէս, կը համապատասխանէ հաստատամտութեան եւ ճշմարտութեան հանդէպ անշեղ վճռակամութեան եւ հետեւողականութեան։ Այս իմաստով՝ հաւատարմութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ որ կ՚ազնուացնէ մարդուն սիրտը։
«Հաւատքի Հանգանակ»ին՝ Հաւատամքին վերջին «Ամէն»ը կը վերակոչէ եւ կը վերահաստատէ իր առաջին «Կը հաւատամ» բառը։ Հաւատալ՝ Աստուծոյ խօսքերուն, խոստումներուն, պատուիրաններուն «Ամէն» ըսել է, ամբողջովին վստահիլ է Անոր՝ որ անհո՜ւն սիրոյ, ճշմարտութեան եւ կատարեալ, անվերապահ հաւատարմութեան «Ամէն»ն է։ Քրիստոնեային ամէնօրեան պիտի դառնայ այն ատեն «Ամէն» մը՝ իբր պատասխան մեր Ս. Մկրտութեան հաւատքին դաւանութեան «Կը հաւատամ»ին։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Թող քու Հանգանակդ ըլլայ քեզի՝ զերդ հայելի մը։ Ինքզինքդ դիտէ՝ անոր մէջ տեսնելու համար, թէ դուն արդեօք կը հաւատա՞ս այն ամէն ինչին՝ որուն հաւատալ կը յայտարարես։ Եւ ամէն օր հրճուէ՝ ուրախացիր քու հաւատքովդ»։
«Ամէն»ը Ի՛նք Քրիստոսն է. (ՅԱՅՏ. Գ 14)։
Հաւատարմութիւնը, արդարեւ, հաստատ հաւատքի եւ վստահութեան բնական արտայայտութիւնն է։
«Զինք դէպի ամբողջական ճշմարտութիւն». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13) առաջնորդող Ս. Հոգիով, Եկեղեցին տակաւ առ տակաւ ճանչցաւ Քրիստոսէն ստացած այս գանձը եւ ճշդեց անոր «մատակարարում»ին ձեւը, ինչպէս որ ըրած էր Աստուածաշունչի կանոնին եւ հաւատքի վարդապետութեան պարագային՝ իբրեւ հաւատարիմ տնտես Աստուծոյ խորհուրդներուն. (ՄԱՏԹ. ԺԳ 52), (Ա ԿՈՐՆԹ. Դ 1)։
Եկեղեցին նոյնպէս դարերուն ընթացքին իր ծիսական հանդիսակատարումներուն հետ եւ անոնց մէջէն եօթը խորհուրդներ զատորոշեց, որոնք բառին հարազատ իմաստով Տիրոջմէ հաստատուած են։ Սկիզբէն իսկ՝ Եկեղեցին Տիրոջ պատուէրին հաւատարիմ մնաց։
Երուսաղէմի Եկեղեցւոյ մասին «Առաքեալներու գործերը» գրքին մէջ՝ որ շարունակութիւնն է Ղուկասի Աւետարանին, գրուած նոյն ինքն Ղուկասի կողմէ, կը կարդանք.
«Անոնք կը յարատեւէին առաքեալներուն վարդապետութեան մէջ, հաւատարիմ՝ եղբայրական հաղորդութեան, հացին բեկանումին եւ աղօթքներուն…։ Օր ըստ օրէ, միասիրտ յարատեւութեամբ կը յաճախէին տաճարը եւ կը բեկանէին հացը իրենց տուներուն մէջ, կ՚առնէին իրենց կերակուրը ուրախութեամբ եւ սրտի պարզութեամբ». (ԳՈՐԾՔ. Բ 42-46)։
Հաւատարմութիւնը՝ յարգել եւ պահել է աւանդութիւնները, այնքան ատեն, որ անոնք ճշմարտութիւնը կը բովանդակեն եւ կ՚արտայայտեն։ Այս առթիւ պէտք է յիշել, թէ՝ աւանդապահութիւնը որքան որ օգտակար է, նոյնքան վնասակար՝ աւանդապաշտութիւնը։
Կիրակնօրեայ Ամենասուրբ եւ Անմահ Պատարագին հասարակաց հանդիսութեան մասնակցութիւնը վկայութիւն մըն է հաւատացեալին պատկանելութեան եւ հաւատարմութեան Քրիստոսի եւ Անոր Եկեղեցիին։ Ասով հաւատացեալները կը հաստատեն իրենց հաղորդակցութիւնը հաւատքին եւ սիրոյ։ Անոնք միասին կը վկայեն, թէ Աստուած սուրբ է եւ թէ իրենք յոյս ունին փրկութեան։ Անոնք փոխադարձաբար զիրար կ՚ոգեւորեն առաջնորդութեան տակ Սուրբ Հոգիին։
Ճշմարիտին եւ ճշմարտութեան հաւատարմութիւնը մարդս կ՚առաջնորդէ ապահովութեան, քանի որ հաւատարիմ մարդը կը ճանչնայ ճշմարտութիւնը, եւ չի վարանիր, չ՚երկմտիր, հաստատակամ եւ հաստատամիտ է, որոնք մարդս կ՚առաջնորդեն ինքնավստահութեա՛ն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 26, 2026, Իսթանպուլ