ՀԱՐՍՏԱՆԱԼՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
Յայտնի փիլիսոփաներէն Արիստոտել կ՚ըսէ. «Յաջողութիւնը պատահականութիւն չէ. ան տաղանդի, սովորութեան եւ գիտակցուած ընտրութիւններու արդիւնք է»։ Սակայն, այնպէս ինչպէս Արիստոտել, այլ բազմաթիւ մտածողներ կը հաւատան, որ տաղանդը յաջողութեան հասնելու համար բաւարար միջոց մը չէ։ Շատեր կը հաւատան, որ յաջողութեան մէջ տաղանդը միայն մէկ առ հարիւր տոկոսով դեր ունի, իսկ մնացած 99 առ հարիւր տոկոսը աշխատանք է։ Ինչպէս նախապէս ըսինք, այս երեւոյթը փաստելու համար բաւարար է աչքէ անցընել կեանքը մեծ մտաւորականներու, որոնք իմաստուն ըլլալով, Աստուածատուր տաղանդ ունենալով հանդերձ այնքան ալ փայլուն կեանք մը չեն ապրած՝ հակառակ անոր, որ փորձած են մարդոց քարոզել, թէ ինչպէս պէտք է ապրիլ կեանքը: Հակառակ այս բոլորին՝ տաղանդը կարեւոր է. իւրաքանչիւր մարդ ունի ունակութիւն մը եւ որոշ ճիւղերու մէջ կրնայ աւելի շուտ ու արագ սորվիլ՝ քան ուրիշներ. օրինակի համար, մարդ կայ շինարարական արհեստ մը շատ արագ կը սորվի, սակայն երաժշտութեան կամ ժամանակից գիտութիւններու մէջ նոյն յաջողութեամբ չի կրնար ըմբռնել. կը նշանակէ, թէ ինք ունի տաղանդը շինարարական ասպարէզին եւ հետեւաբար այդ ճիւղին մէջ շատ աւելի շուտ կրնայ զարգանալ ու յաջողութիւններ արձանագրել՝ քան այլ մասնագիտութիւններու մէջ: Անշուշտ, տաղանդը եւս բաւարար չէ. մարդ պարտի սէր ունենալ անոր հանդէպ եւ երբ տաղանդ ու սէր կը միանան, արդէն իսկ յաջողութիւնը ապահովուած կ՚ըլլայ, որովհետեւ կը յաջողի ան՝ որ իրապէս կը յաջողի զարգացնել իր տաղանդը եւ այդ մէկը ընելու համար սէրը անհրաժեշտ է: Երբ տաղանդն ու սէրը մարդու ասպարէզին մէջ ըլլան, աւելի կարճ ժամանակի մէջ շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կարելի է ակնկալել, որովհետեւ ուրիշներ երբ կը դժուարանան՝ ինք կը բարձրանայ։ Նոյնը պիտի ըլլայ հակառակ պարագային. այլ ասպարէզի մը մէջ, որուն հանդէպ տաղանդ ու սէր չունի, պիտի տեսնէ, թէ ուրիշներ կը բարձրանան, սակայն ինք կը շարունակէ մնալ հոն, ուր որ է: Եթէ ասպարէզի մը մէջ մարդ տաղանդ ունի՝ աւելի քիչ կը յոգնի քան ուրիշներ. դժուարութիւնները զինք այնքան չեն յուսահատեցներ՝ ինչքան ուրիշները եւ այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ հակառակ դժուարութիւններուն՝ ճամբէն չշեղի, որովհետեւ տաղանդը մարդուն մէջ ինքնավստահութիւն կը ստեղծէ, իսկ տաղանդը չունեցողներու պարագային՝ մարտահրաւէր:
Օրինակը վերցնենք այսպէս. այսօր Լեւոնը եւ Սարգիսը սեղան կը շինեն։ Երկուքը կը գործածեն նոյն նիւթերն ու նոյն փայտերը. Լեւոնը կը յաջողի, սակայն նոյն գործով Սարգիսը կը ձախողի. եթէ նիւթերը նոյնն են, փայտերը նոյնն են, ուրեմն տարբեր են աշխատելաձեւերը, տարբեր են մօտեցումները եւ հետեւաբար նիւթէն անկախ աշխատանքն է, որ կ՚որոշէ ձախողն ու յաջողը:
Տաղանդի մասին խօսելու ժամանակ պէտք է նկատի առնել հետեւեալը. շատեր կը հաւատան, որ տաղանդը ի վերուստ տրուած է եւ հետեւաբար մարդ այդ տաղանդը կա՛մ ունի եւ կամ չունի. սակայն կան պարագաներ, ուր մարդ ունի սէրը՝ սակայն չունի տաղանդը: Եթէ սէրը կայ, ժամանակի ընթացքին մարդ կրնայ այդ տաղանդը եւս ձեռք ձգել, որովհետեւ տաղանդը կը զարգանայ եւ շատ անգամ շնորհիւ հաստատակամութեան՝ անտաղանդը կը գերազանցէ տաղանդաւորը, որովհետեւ չմշակուած տաղանդը ժամանակ մը ետք անտաղանդութենէն բանով մը չի տարբերիր: Ի ծնէ տաղանդը կը դիւրացնէ մարդու կեանքը, սակայն ցանկութիւնն է, որ կը զարգացնէ զայն: Ի դէպ, շատեր կը հաւատան, որ սէրն ու ցանկութիւնը պատահական չէ. եթէ մարդ իր մէջ սէր ունի այս կամ այն ասպարէզին հանդէպ, կրնայ ըլլալ թէեւ անգիտակ, սակայն ունի իր մէջ անոր կապուած տաղանդ մը՝ որ պէտք է բացայայտել. գրողը կ՚ըսէ. «Ո՛չ մէկ ցանկութիւնը կը գոյանայ հոն՝ ուր չկայ համապատասխան ուժ»: Տաղանդը մէկ օրէն միւսը չի կրնար զարգանալ։ Մարդ պէտք է սպասէ, աճի ու պատրաստուի, այդ իսկ պատճառով յաջողութիւն ակնկալող մը պէտք է լաւապէս հասկնայ, որ իր ակնկալած յաջողութիւնը ժամանակի ընթացքին պիտի յայտնուի։ Եթէ մարդ կեդրոնանայ իր գործին, արդէն իսկ չսպասած մէկ պահուն կը նկատէ, որ յաջողութիւն ձեռք բերած է, սակայն, եթէ անդադար յաջողութիւնը հետապնդէ՝ հիմնական աշխատանքին ու զարգացման վրայ չի կրնար կեդրոնանալ։ Երագ սպասուած յաջողութիւնը կրնայ ձախողութիւններուն մեծագոյնը ըլլալ. աճապարելու կարիք չկայ, որովհետեւ յաջողութիւնը միշտ ալ կայ. հարստութիւնը մի՛շտ ալ կայ. անսպառ աղբիւր. պէտք է պարզապէս քայլ առ քայլ եւ ճիշդ մօտենալ անոր։ Աճապարել պէտք չէ, որովհետեւ մարդ աճապարելու ընթացքին շատ աւելի սխալներ կը գործէ՝ քան խաղաղ առաջնորդուելու պարագային։ Ստեղծագործական վիճակը ժամանակ կը պահանջէ։ Խաղաղ ընթացքը մարդուն մէջ կը զօրացնէ գործին հանդէպ ունեցած իր հաւատքը եւ անոր դիմաց յստակութիւն մը կը գծէ: Այդ իսկ պատճառով, մտածողներ կ՚առաջարկեն դժուարութիւններու դիմաց արագ որոշում չկայացնել. խաղաղութեան մէջ մարդ աւելի կրնար տրամաբանել:
Որպէս ընդհանուր վերջաբան, կը հաւատանք, որ մարդկային կեանքը կ՚անցնի այս յաջողութեան հետապնդումը կատարելով։ Այո՛, կան մարդիկ, որոնց համար նիւթականը նշանակութիւն չունի, սակայն, յաջողութիւնը չի կրնար նշանակութիւն չունենալ, որովհետեւ ամէ՛ն մարդ՝ անկախ ինքնութենէն, գոյնէն, հասակէն ու սեռէն, կ՚ուզէ յաջողիլ: Այս անվերջ պայքարին մէջ բոլո՛րս կանք. պայքար՝ որ ունի սկիզբ, սակայն, երբեք աւարտ մը չունի. պէտք է պայքարիլ առանց դադար առնելու, որովհետեւ կեանքը յոգնածները կը ճզմէ. պէտք է պայքարող ըլլալ:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հայը կազմակերպուելու պարագային, բռունցքուելու պարագային, միասնականութիւն գոյացնելու պարագային, յաղթանակի հասնելու հաւատք ունենալու պարագային կրնայ ծունկի բերել թշնամին։ Թող չըսեն մեզի, որ հայը ոչխարի պէս մորթուած է։ Ո՛չ, խոշոր սուտ մըն է այդ։
ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան