ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
Ո՛չ մէկ ժողովուրդ գուցէ պատմութեան մէջ մղած է այն աննման պայքարը՝ զոր մղած է Հայ ժողովուրդը՝ մտաւոր եւ հոգեկան երջանկութեան համար։ Վարդանանց պատերազմը՝ 451 թուականին, մարմնական կռիւ մը չէ, հապա հոգեւոր առաքինութեան մեծագործութիւն մը՝ քաջագործութիւն մը, ինքզինք փաստելու եւ իրագործելու եղանակ մը՝ միջոց մը, լուսաւորելու, այլակերպելու եւ դիմագծելու Հայ ժողովուրդին քրիստոսաւանդ մարտիրոս-վկայ ոգին։
Ասպետական ոգի, զոհողութիւն, քաջութիւն, խանդ եւ հայրենասիրութիւն՝ առաքինութիւններ, որոնք գլխաւոր գիծերը կը կազմեն այս մեծագործութեան։ Մեծագործութիւն մը՝ որուն դերակատարներն էին գիւղացին, միջակորեարը՝ միջին հասարակութիւնը, իշխանականը, պետականը, մտաւորականը եւ հոգեւորականը։ Եւ այս բոլորին ամբողջութիւնն է Վարդան։
Արդարեւ, Վարդան, ընդհանուր առումով «հերոս» մը չէ միայն, այլ նաեւ «սուրբ» մը իր յատուկ իմաստով, որ իր ժողովուրդին փրկութիւնը չի կապեր նիւթական սովորական պայմաններու եւ մարդկային յատկութիւններու եւ կարելիութիւններու։ Եւ այս կերպով, Վարդան կը տարբերի սովորական հերոսէ եւ կը դառնայ սուրբը՝ որ ինքզինք բազմապատկելու եւ հոգեպէս աճեցնելու հմտութիւնը ունի։ Արդարեւ, Վարդան ունէր այս յատուկ եւ բացառիկ, եզակի իմացականութիւնը եւ թաքուն իրականութիւնը ուրիշներէն յստակ տեսնելու կարողութիւնը՝ որ պայմանաւոր է ապագայով։
Այլապէս, քառասուն տարի բանակներ եւ զօրքեր վարող փորձառու եւ հմուտ զօրավարը՝ Վարդան, անշուշտ տեղեակ էր, թէ ի՜նչ տեսակ ուժի մը դէմ կը հանէր իր ժողովուրդին համեմատաբար տկար եւ անզօր ուժերը։ Արդարեւ, բացարձակապէս սխա՛լ է Վարդանի գործունէութիւնը կապել նահատակութեան «եսամոլ իղձ»ին եւ կամ սխալ ռազմավարութեան եւ արկածախնդիր, բախտախնդիր կամ պատահականութեան ենթակայ ոգիին։ Վարդան կը զգայ եւ կը հաւատայ, կը վստահի իր հոգիի ուժերուն, անկարելի կարելին զգացող ոգին, իր շրջանէն եւ ժամանակէն դուրս ոստում ընող ոգին, մարդկային սովորական կարողութենէն եւ կարելիութենէն դուրս՝ Գերագոյնին հասնող ոգին։ Ան գիտցաւ վերէն նայիլ իրականութեան՝ առարկայական տեսողութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ։ Ան վստահեցաւ ո՛չ թէ մարմնական-ֆիզիքական ուժերուն, այլ՝ հոգեկան-բարձր բարոյական անյաղթելի, անպարտելի Զօրութեան։
Ահաւասի՛կ, այս կերպով միայն կարելի է ըմբռնել Աւարայրի «հերոս»ը՝ Վարդանը, սուրբը, որ կը խօսի մարդկօրէն, բայց կը զգայ աստուածօրէ՛ն։ Եւ իր մահը բացայայտ կերպով ցոյց տուաւ, թէ ճշմարի՛տ էր իր տեսիլքը։ Եւ այս տեսիլքը պիտի կերտէր եւ պիտի կառուցանէր լոյս ապագան…
Ուստի, Վարդանանց ոգիին լոյսը միշտ բեկուեցաւ դարերու եւ սերունդներու դիմաց, լուսաւորելով յուշերը եւ յոյսերը։
Արդարեւ, կեանքեր, սերունդներ իրենց ընթացքը կ՚իրականացնեն յուշերով եւ յոյսերով՝ որոնք կը յառաջանան լոյսի մէջ։ Եւ այս լոյսին մէջ Վարդանի յիշատակը Հայ ժողովուրդին համար «անծանօթ զինուորին գերեզմանը» եղաւ։ Այս պատճառով Վարդանը Հայ ժողովուրդի համար պարզ անհատ մը չէ՛, այլ մարմնացումը անանուն եւ հզօր գաղափարի մը։ Արդարեւ, ժողովուրդներու եւ զանգուածներու պաշտամունքին կ՚արժանանան անոնք միայն՝ որոնք գիտեն իրենց համար զոհուիլ եւ զոհել, որ արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար չեն վարանիր նոյնիսկ նահատակուիլ։
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, որ կեանքը եւ կեանքին նկարագրականը՝ պատմութիւնը որեւէ իմաստ չեն ունենար, եթէ անոնց պակսին երազ, տեսիլք, ոգի եւ հաւատք։ Ուստի, դո՛ւրս հանեցէք պատմութենէն մեծ գործեր կատարողներու հաւատքը, յոյսը, ճիգը, հաստատամտութիւնը, երազը, գաղափարի համար եղած անձնուիրումը եւ զոհաբերումի ոգին եւ կը մնայ միայն քարի, հողի կոյտեր, կարկառներ եւ կախարդուած աշխարհներ՝ ուր հոգին կը մնայ առանձին եւ անզուսպ։ Անշուշտ, որ պատմութիւն շինողը զանգուածը չէ, այլ ափ մը ընտրեալներ՝ որոնք կը կոփեն եւ կը պնդացնեն ժողովուրդներու ապագան՝ ճակատագիրը։
Արդարեւ, պատմութիւն չունեցող ժողովուրդներու ապագան վիճելի է եւ խնդրական, քանի որ անցեալն է, որ կը կերտէ ապագան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 26, 2025, Իսթանպուլ