ՄՏԱՀՈԳՈՒԻԼ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ…

«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 7)։

Մտահոգուիլը մարդուն բնական մէկ զգացումն է։ Մարդ կը մտահոգուի ընդհանրապէս իր ապագային մասին, բայց Յիսուս կ՚ըսէ. «Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ ձեր մարմնին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Որովհետեւ կեանքը աւելի կարեւոր է քան ուտելիքը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր՝ քան հագուստը». (ՂՈՒԿ. ԺԲ 22-23)։

«Կեանքը աւելի՛ կարեւոր է…»։ Այս խօսքը կ՚արտայայտէ յաւիտենական ճշմարտութիւն մը՝ անուրանալի, անժխտելի՛։

Կեանքը աւելի կարեւոր է քան ուտելիքը. խօսքը ճշմարիտ խոստովանութեան եւ այս կերպով Յիսուսի յանձնուելու մասին է, որուն առաջնորդը Յիսուս Ի՛նքն է։ Ասիկա Քրիստոսի փա՛ռքը կը բացայայտէ։ «Կեանք»ը՝ հոս երկրի վրայ երկինքի ժառանգութիւնը կ՚արտայայտէ։ Կեանքի մէջ Յիսուս Քրիստոսի կեանքը տեսնել կը նշանակէ։ Այն կեանքը՝ որ Յիսուս Իր իսկ կեանքով կեանքեր կը պատրաստէ։ Ուստի «կեանք»ը՝ սուրբ, մաքուր կեանքի մասին է, սուրբ եւ մաքուր ձեռքով, արդարի ձեռքով հաստատուած կեանքը կ՚արտայայտէ։

Քրիստոս ջերմութիւն կ՚արձակէ, որուն կեդրոնը՝ սիրով լեցուն Իր սի՛րտն է, ուստի, «կեանք»ը Քրիստոսի սիրով լեցուն ջերմութեան՝ ջերմ կեանքի արտայայտութիւնն է, եւ կեանքը՝ որուն մէջ բացարձակապէս չկա՛յ ատելութիւն, չկա՛յ աշխարհասիրութիւն, չկա՛յ նախանձ, չկա՛յ վրէժխնդրութիւն, չկա՛յ ոխակալութիւն, չկա՛յ անհնազանդութիւն եւ չկա՛յ մեղք, այլ՝ կա՛յ սէր, կա՛յ ներողամտութիւն, կա՛յ հանդուրժողութիւն, կա՛յ սրբութիւն։

Արդարեւ, խօսքը Քրիստոսով սրբուած՝ մաքրուած անմեղ մարմնի մասին է, այն մարմնի մասին, որ ձերբազատուած է ամէն անմաքրութիւններէ։ Եւ այս մարմինը՝ անմարմին հոգի՛ն է, անժամանակ-յաւիտենական կեանք մըն է ասիկա։ Այն երկնային կեանքը՝ ուր չկա՛յ ինքնահաւանութիւն, մեծամտութիւն, այլ՝ համեստութիւն եւ խոնարհութի՛ւն։

Հագուստը՝ Աստուծոյ փառքին համար է՝ որ Քրիստոսի համար կ՚ապրուի եւ մարդ կը վայելէ։ Ան խոնարհութեան եւ համեստութեան առարկան է եւ ո՛չ թէ Սատանայի, որ Քրիստոսի թշնամին է։ Ուստի, ան Քրիստոսի յանձնուած է եւ ո՛չ թէ մեղքի եւ ատելութեան, այլ՝ արդարութեան եւ Քրիստոսի ծառայութեան յանձնուած։

Հագուստը մարմինը կը պահպանէ ցուրտէն եւ կը ջերմացնէ, բայց հագուստը փոխաբերական իմաստով՝ սէրն է. քանի որ միա՛յն Քրիստոսի սէրը կը պահպանէ մեզ եւ կը ջերմացնէ մեր հոգիները՝ որ կը խաղաղացնէ, եւ Անոր սրտաբուխ, ճշմարիտ, անկեղծ սէրն է որ կը մխիթարէ, անարգը կը փառաւորէ, սխալը կը սրբագրէ, շեղածը կը շտկէ, անկատարը կը կատարելագործէ, տկարը կը զօրացնէ, թերութիւնները կը լիացնէ։ Արդարեւ, Քրիստոսի սիրով ապրուած կեանքը ճշմարիտ սէր եւ կեանքն է։ Եւ սիրոյ եւ կեանքի կարելի է հասնիլ հաւատքով։ Հաւատք, այս իմաստով կը նշանակէ՝ ընդունիլ եւ հպատակիլ Քրիստոսի իշխանութեան, սիրով առնել Քրիստոսի լուծը։ Այս հաւատքով ծնրադրենք եւ պաշտենք Փրկիչը ամբողջ մեր կեանքին։

Ծնրադրենք Քրիստոսի առջեւ եւ յաղթենք Սատանան՝ Քրիստոսի միակ թշնամին։

Քրիստոս կը հրաւիրէ մեզ բոլորս երկրի վրայ ապրելու այնպէս՝ որ երբ բաժնուինք երկրային կեանքէն, այս ժամանակաւոր աշխարհէն՝ տեղ ունենանք Քրիստոսի սիրով ակաղձուն, զեղուն՝ յորդարատ սրտին մէջ։ Հոն՝ երկինքի փառքին մէջ, արդարներու հետ՝ արդարներու եւ սուրբերու կարգին մէջ…

Մարդ ստեղծուած է Արքայութեան համար։ Մարդ բացարձակապէս դժոխքի համար չէ՛ ստեղծուած։ Քանի որ Աստուծոյ ծրագրին մէջ չկա՛յ դժոխք. Աստուած չստեղծեց դժոխքը, քանի որ Ան բարի է եւ միայն բարին կը ստեղծէ, դժոխքը կը հակասէ Աստուծոյ նկարագրին։ Դժոխքը չէ՛ ստեղծուած այս իմաստով։ Դժոխքը՝ մարդուն «ազատ կամք»ին պատճառով պարզապէս «ընտրութիւն» մըն է, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 31-46)։

Ուստի, սիրել սորվինք, արդար անկեղծ ըլլալ սորվինք, եւ այդ ուսուցումն է որ մեզ պիտի արժանացնէ Արքայութեան, եւ մանաւանդ ներենք՝ ինչպէս Աստուած միշտ պատրաստ է ներելու… եւ մեր կեանքը լեցնենք Սուրբ Հոգիի առաքինութիւններով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 26, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025