ԵՐԿՈՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ
Մեր թուականէն 105 տարիներ առաջ՝ 1920 թուականին, երբ Հայաստան արդէն իր առաջին Հանրապետութիւնը հիմնած էր, Եգիպտոսէն երկու մեծահարուստ եղբայրներ՝ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները նամակ կը ղրկեն եւ կը խնդրեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունենալ. հայ ըլլալու եւ կամ հայ զգալու համար մայրենի լեզուն գիտնալը անհրաժե՞շտ է՝ չենք գիտեր, սակայն երկու եղբայրները հայերէն չէին գիտեր. թրքախօս էին, սակայն կ՚ուզէին ունենալ Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ իրենց ունեցած ամբողջ հարստութիւնը կը նուիրէին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Երկու մեծահարուստ եղբայրներ, որոնք իրենց մայրենի լեզուն չէին գիտեր, սակայն, անսահման սէր ունէին իրենց ազգին, իրենց եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթի հանդէպ. այդ սէրերը վերացական չէին. անոնց վկան էր այն բոլոր անձնուէր նուիրատուութիւնները, զորս երկու եղբայրները ըրած էին: Ծխախոտի վաճառական երկու եղբայրները իրենց գործով տարուած յաճախ հեռու կը թուէին ըլլալ հայկականութենէ, սակայն, անոնց կատարած կտակը այդ կարծիքներու սխալ ըլլալու մեծագոյն փաստը եղաւ. օրուան մամուլը անոնց մասին կը գրէր. «Կան տակաւին բազմաթիւ պատուական հայեր, որոնց քսակը եթէ լեցուն է, սիրտն ալ դատարկ չէ երբեք, որոնք թէեւ իրենց առօրեայ վերաբերումներուն մէջ անհաղորդ կը թուին ըլլալ իրենց հայրենիքի եւ հայրենակիցներուն ծով կարիքներուն, անզգայ անոնց ցաւերուն ու պահանջներուն, սակայն անոնց էութեան խորքին մէջ միշտ արթուն է հայու տեսլապաշտ ոգին, եւ այդ ոգին օր մը ուշ կամ կանուխ պիտի խորտակէ զինք խեղդող Եսին ու նիւթին պատեանը եւ դուրս գայ անկէ յաղթանականօրէն»:
Երկու եղբայրները, սակայն, երբեք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի չկրցան ըլլալ։ Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւնը տապալեցաւ եւ Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ անցաւ Հայաստան։ Երկու եղբայրներէն առաջին մահացողը եղաւ Գրիգորը եւ Կարապետ իր իսկ կենդանութեան իր հարստութիւնը եղբօր հարստութեան միացնելով որոշեց նուիրել ազգին. սակայն այդ նուիրաբերումի ընթացքը եղաւ քիչ մը խայտառակ իրավիճակի մէջ. որոշ անձեր իրենց սեփական շահերը փորձեցին դուրս բերել այդ նուիրատուութենէն եւ վերջապէս Եգիպտոսի դատարանի որոշումով նուիրատուութիւնը հասաւ իր նպատակին՝ հետեւեալ պայմաններով.
Ա.- Կիպրոսի Նիկոսիա քաղաքին մէջ կառուցուած Մելգոնեան հաստատութենէն ներս պիտի պահուին տարեկան առնուազն 500 երկսեռ որբեր:
Բ.- Տարեկան 1000 ոսկի պիտի տրամադրուի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Ժառանգաւորաց վարժարանին՝ ապահովելու համար աշակերտներու կեցութիւնն ու ծախսը:
Գ.- Տարեկան 1000 ոսկի պիտի տրամադրուի Պոլսոյ Պատրիարքարանին:
Դ.- Տարեկան 500 ոսկի պիտի տրամադրուի Պոլսոյ Ազգային Հիւանդանոցին՝ Մելգոնեան եղբայրներու անունով հիւանդներ պահելու եւ բուժելու համար:
Ե.- Տարեկան 3000 ոսկի Երեւանի Համալսարանին՝ հայերէն լեզուի, հայոց գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ճիւղերուն համար:
Երկու եղբայրներու նուիրատուութեամբ պիտի բացուէր տպարաններ, արուեստանոցներ, մանկապարտէզներ. աշխատասէր ուսանողներ պիտի ղրկուէին Եւրոպա՝ անվճար ուսանելու: Այս անձնուէր եղբայրներու նուիրատուութեամբ է, որ հիմնուեցաւ մինչեւ օրս գործող Հայաստանի Ազգային գրադարանը. Մելգոնեան եղբայրները պետութեան տրամադրած գումարին չափ եւ աւելի տրամադրելով մասնակցեցան գրադարանի շէնքի շինութեան:
Այս բոլորը կու գան մէկ բան ըսելու. հայրենասիրութիւնը մայրենի լեզուն գիտնալով չի՛ վերջանար. թէեւ մայրենի լեզուի իմացութիւնը անհրաժեշտ ու կարեւոր է. երկու եղբայրները գուցէ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին հայերէն չխօսեցան, սակայն, նոյնիսկ յետ մահու իրենց նուիրատուութեամբ պատճառ դարձան, որ բազմաթի՜ւ հայեր պահեն իրենց հայու ինքնութիւնը։ Եթէ մարդ լաւապէս սերտէ սփիւռքահայ կեանքն ու պատմութիւնը՝ լաւապէս պիտի հասկնայ, թէ ինչ մեծ արժէք ունեցած է եւ ունի Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը՝ որուն շրջանաւարտները մինչեւ օրս աշխարհի չորս կողմը կը շարունակեն պահել իրենց հայու ինքնութիւնը՝ շնորհիւ իրենց դաստիարակութեան: Այսօր ունինք հայերէն խօսող բազմաթի՜ւ հայ մեծահարուստներ, որոնք կ՚ապրին միայն ու միայն իրենց անձին համար. Կարապետ Մելգոնեան իր եղբօր՝ Գրիգորի մահէն ետք իր կենդանութեան կը հրաժարի իր հարստութենէն ու կը նուիրէ հայ ժողովուրդին: Տարբերութիւնը շատ պարզ ու յստակ է. բազմահազար որբեր, ուսանողներ իրենց կրթութիւնը ստացան երկու եղբայրներուն շնորհիւ։ Եթէ անոնք իրենց անձնուէր նուիրատուութիւնը կատարած չըլլային, այդ բազմաթիւ ուսանողներէն շատե՜ր կորսուած պիտի ըլլային:
Այսօր Հայաստանի մէջ այս երկու եղբայրներուն մասին ո՞ր երիտասարդը բան գիտէ՝ չենք գիտեր, սակայն, իւրաքանչիւր հայ որ մուտք կը գործէ Ազգային գրադարան, յիշէ՛, որ այդ շէնքը այդտեղ է, որովհետեւ երկու եղբայրներ հրաժարելով իրենց հարստութենէն ուզած են, որ հայ ժողովուրդը իր մշակոյթով, իր գրականութեամբ հզօրանայ ու զարգանայ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Նոր տարին կապ ունի՞ Քրիստոսի ծնունդին հետ:
Պատասխան. Նոր տարին որոշ առումով կապ ունի Քրիստոսի ծնունդին հետ՝ սակայն ո՛չ անմիջականօրէն: Հին տոմարով Յունուարի 1-ը ունէր այլ նշանակութիւն՝ որպէս տարուան առաջին օրը՝ կապուած արեւային շրջադարձին հետ: Երբ Հռոմէական կայսրութիւնը քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունեց, որոշ տօներ ու աւանդութիւններ սկսան միաձուլուիլ: Այսինքն Քրիստոսի ծնունդէն ալ առաջ Յունուարի 1-ը տարուան առաջին օրն էր. մշակութային տօն էր առաւելաբար՝ քան կրօնական:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան