ՄԱՇՏՈՑԱՇՈՒՆՉ ՈԳԻՈՎ՝ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Նախապէս, հայուն հայերէնի օտար եւ անծանօթ ըլլալուն մասին խորհրդածած եւ մեր մտահոգութիւնները յայտնած էինք։ Այս մասին տեսակցութիւններ ունեցանք հայերու հետ՝ որոնք հայերէնի օտար եւ անծանօթ էին։ Այս տեսակցութիւնները մեզի այն համոզումը տուաւ, որ բաւական բանաւոր եւ գոհացուցիչ պատճառներ եւ ընկերային, պատմական, հոգեբանական իրողութիւններ կան, որոնք կարելի է ուսումնասիրել, որպէսզի աւելի առողջ գաղափար մը գոյանայ այս հարցին շուրջ։
Ուրեմն, մասամբ հասկնալի եւ ընդունելի է մաս մը հայերուն իրենց մայրենի եւ սեփական հարազատ լեզուին նկատմամբ օտար եւ անծանօթ ըլլալը՝ աւելի ժողովըրդական խօսքով՝ հայերէն չգիտնալը։
Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել այն հայերուն՝ որոնք ծանօթ են հայերէնի, եւ կամ իրենց ուսումը, վկայուած վարժարանը կ՚երաշխաւորէ, թէ հայերէն գիտեն, բայց անոնք հայերէն չեն խօսիր, չեն կարդար ի պահանջել հարկին։ Զոր օրինակ, անոնք հայերէն թերթ չեն կարդար, հայերէնը անպէտ եւ անշահ կը նկատեն, հայերէն չեն խօսիր՝ հայ միջավայրի մէջ գտնուելով հանդերձ։
Այս պարագան, գիտնալով հայերէնը չգործածել՝ աւելի ցաւալի եւ մտահոգիչ է, քան հայերէն չգիտնալը…
Հայերէն գիտնալով, եւ կամ ուսում առած վարժարանին պատճառով հայերէն գիտնալը անվիճելի եւ ակներեւ մէկու մը հայերէն չկարդալը ի՞նչպէս կարելի է պատճառաբանել եւ բացատրել։
Հայերէն թերթ կարդալը ժամանակի վատնում նկատողներու, նոյնիսկ աւելորդ գործ, ապարդիւն աշխատանք նկատողներու հանդիպելու դժբախտութիւնը ունեցած ենք յաճախ։ Անոնք ըսած են, թէ ի՞նչ կայ հայ թերթերու մէջ, որ հետաքրքրուինք, կարդանք։ Արդարեւ, շատ բան կայ իրականին, եւ եթէ ոչինչ կայ, կայ կարեւոր բան մը՝ Հայ հոգի կայ Հայ թերթին մէջ. դարերէ, տարիներէ փոխանցուած աւանդութիւն մը, ժառանգ մը, արժէքներու ամփոփումը կայ՝ մշակոյթ կայ, հաւատք կայ, հաւատարմութիւն կայ, կեա՛նք կայ… եւ եթէ այս բոլորը կարելի է ուրանալ, թող չկարդան անոնք, որոնք անշահ, անօգուտ կը նկատեն Հայ թերթը։
Տարիներ առաջ, երբ «աւելի» երիտասարդ էի՝ հազիւ 35-40 տարեկան, շոգենաւին մէջ օրուան հայ թերթերը կը թղթատէի եւ յաջորդաբար կը կարդայի օր մը, դէմս ալ, հազիւ 18-19 տարեկան երիտասարդ մը նստած էր եւ ուշադրութեամբ թերթերուն կը նայէր։ Երբ թերթերը կը ծալլէի, որպէսզի գրպանս դնեմ, անսպասելին պատահեցաւ եւ դէմս նստած երիտասարդը մաքուր հայերէնով մը ինծի ըսաւ.- Կարելի է, որ թերթերուն ես ալ ակնարկ մը նետեմ, շոգենաւին հազիւ հասայ եւ թերթերը գնելու ժամանակ չունեցայ… Ես զարմացած, ապշած-մնացած թերթերը տուի երիտասարդին։ Ես ինքս ամօթ զգացի իմ հասցէիս, քանի որ երբ ան հետաքրքրութեամբ կը նայէր թերթերուն, ես ինծի խորհած էի, որ ան հայերէն թերթեր տեսնելով, որպէս օտար գիրեր իրեն, հարցնել կ՚ուզէր ինծի, թէ ի՞նչ լեզուէ թերթեր են ասոնք, մինչդեռ ան ինձմէ աւելի Հայ մըն էր, ինձմէ աւելի ընտանի հայերէնի եւ ինձմէ աւելի հայերէն թերթի ընթերցասէր մը։ 18-19 տարեկան պատանիի մը այս ընթերցասիրութիւնը չափազանց ոգեւորեց զիս եւ յաջորդ օրուան յօդուածս այս մասին եղաւ…
Լրագրութեան մէջ յայտնի սկզբունք մը կայ, եթէ շուն մը մարդ կը խածնէ՝ ասիկա լուր մը չէ, որովհետեւ սովորական դէպք մըն է, բայց երբ մարդ մը շուն մը խածնէ՝ ասիկա լուրի արժէք մը ունի, քանի որ անսովոր դէպք մըն է։ Եւ ահաւասիկ, երիտասարդի մը հայերէն թերթ կարդալու փափաքն ալ այդքան արտասովոր թուած էր ինծի… Բայց այսօր, կարծեմ «անկարելի» բան մը պէտք է համարել ատիկա՝ յարգելով, եթէ կան, բացառիկ սիրելիները։
Եւ դժբախտաբար, այսօր ո՛չ միայն երիտասարդներ, այլ նաեւ հասուններէ շատեր ալ անտարբեր եւ հեռու են Հայ թերթի ընթերցումէն։
Հետաքրքրական է նաեւ սա պարագան. երբ կը գրենք այս տողերը մատնանշելով չկարդացողները՝ յուսալով որ անդրադառնան իրենց «սխալ» ընթացքին, մենք կ՚անդարդառնանք, որ արդէն անոնք այս տողերը չեն կարդար, այլապէս, ի՛նչպէս կարելի պիտի ըլլայ անոնք զգուշացնել։ Ուերմն, մեր յոյսն է՝ կարդացողները, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն չկարդացողներուն փոխանցելը այս մտահոգութիւնները…
Եւ ահաւասիկ կենդանի վկայութիւն մը, թէ օտարներ ո՛րքան կը հետաքրքրուին հայերէնով. երբ հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէինք Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, յաճախ օտար զբօսաշրջիկներ կ՚այցելէին եկեղեցի։ Օր մը, տեսայ ճաբոն երիտասարդուհի մը՝ որ հետաքրքրութեամբ կը դիտէր եկեղեցին, օգտակար ըլլալու նպատակով մօտեցայ իրեն, եւ քանի որ ճաբոներէն խօսելու յաւականութիւնը չունէի, փորձեցի անգլերէն խօսիլ, բայց անգամ մը եւս անսպասելին, նոյնիսկ անկարելին պատահեցաւ եւ ճաբոն խօսակիցս հայերէնով պատասխանեց ինծի. երեւակայեցէք իմ այդ պահուն զարմանքիս աստիճանը։ Ան երաժշտագէտ մըն էր, Երեւանի Համալսարանի մէջ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան վրայ յաջող աւարտաճառով մը տոքթորականի աստիճանին հասած ճաբոն երիտասարդուհի մըն էր խօսակիցս։ Եւ աւելին՝ իր տուած տեղեկութիւնները Կոմիտասի մասին՝ կը գերազանցէին մեր գիտելիքները։
Ահաւասիկ, հայերէնի մասին ճիշդ այս պատճառով մտահոգ ենք. օտարներ հայերէնի աւելի՛ հետաքրքիր են եւ աւելի՛ կը գնահատեն հայերէնը եւ մենք «օտար» եւ անտարբեր ենք հայերէնին եւ այս մասին որեւէ ըսելիք բան, որեւէ բացատրութիւն չունինք՝ հեռո՜ւ մեր հարազատէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 24, 2025, Իսթանպուլ