ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Աւանդութիւններու մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս կը յիշէ նաեւ արժէքներու խնդիրը. իրականութեան մէջ հարցականի տակ է, թէ ի՞նչ է հայուն արժէքները. վերջապէս «արժէք» ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ, մանաւանդ նման ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր հայը օտարին արժէքները շատ աւելի գրաւիչ ու առաջնահերթ կը նկատէ, քան իր սեփականը: Ինչքան ալ փորձենք ձեւանալ տէր կանգնիլ մեր արժէքներուն, աւելի քան երբեք պարզ է: Առաջին հերթին՝ եթէ կ՚ուզենք նոր սերունդը տէր կանգնի մեր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, նախ եւ առաջ պէտք է յստակ սահմանում մը տանք, թէ որո՞նք են մեր արժէքները եւ այդ արժէքները այսօր ինչքանո՞վ անհրաժեշտ ու կարեւոր են մեր կեանքէն ներս: «Արժէք» բառը կարծես միւս բառերէն աւելի կորսնցուցած է իր արժէքը, որովհետեւ այդ արժէքը չենք տեսներ, սակայն ձեւով մը կը հաւատանք անոր գոյութեան: 

Արժէքներու տեսակները շատ են. ազգային, կրօնական, ինչպէս նաեւ անհատական. պէտք է ճարտարօրէն բանաձեւել, թէ անոնց գոյութիւնը ինչքանով անհրաժեշտ են մեր կեանքէն ներս. այսօր բեմերէն կը լսենք «տէր դառնանք մեր արժէքներուն» արտայայտութիւնը։ Այո, երիտասարդութեան ուղղուած լաւ կոչ մըն է, սակայն եկէք տեղ մըն ալ բացատրենք, թէ ի՛նչ են այդ արժէքները. անոնց սահմանումը անհատակա՞ն է, թէ համազգային. որպէս Հայաստան, որպէս սփիւռք նոյն արժէքները որպէս սեփական արժէքներ կը զգա՞նք. իսկ եթէ կը զգանք, ինչո՞ւ համար մեծ է օտարինին ազդեցութիւնը: Այս եւ նման հարցերու յստակ պատասխան մը չստեղծած՝ դժուար է արժէքներու հանդէպ հաւաքականութեան մը քարոզել, որ տէր դառնան, որովհետեւ տէր դառնալու համար պէտք է ճանչնալ եւ մերօրեայ երիտասարդութիւն, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, ինչքանո՞վ ծանօթ է այդ արժէքներուն՝ կը մնայ հարցական: 

Շատերու համար այդ արժէքը հայկականութիւն ցոյց տուող որոշ երեւոյթներ են. օրինակի համար՝ տուտուկը, Արարատ լեռը, հայկական գինին եւ այլ բաներ, որոնք հայկական խորհրդանիշներ են եւ շա՜տ նուրբ լար մը գոյութիւն ունի արժէքին եւ խորհրդանիշին միջեւ: 

Արամ Ա. Կաթողիկոս երազային հրաշքի մը մասին կը խօսի. «իտէալներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտածողութիւններու, գործելակերպերու ու սովորութիւններու ամբողջութիւն...». հայութեան մէջ ամբողջութիւն փնտռելը անջրպետի մէջ այլ մոլորակ փնտռելէ տարբեր չէ. այսօր եթէ կ՚ուզենք ամբողջականութիւն, ապա պէտք է որոշ հարցեր իրենց վերջնական պատասխանը գտնեն. օրինակի համար՝ ո՞վ է թուրքը մեզի համար, հայը ի՞նչ սպասումներ ունի թուրքէն, ի՞նչ է մեծ եղեռնը, ի՞նչ է Հայաստանի կեցուածքը այս նուրբ նիւթերուն մասին. որոշ արժէքներու հանդէպ պէտք է հաւաքական կարծիք մը ստեղծել եւ աշխատիլ այդ կարծիքը զօրացնել, սակայն մեր ժողովուրդին մօտ ինչքան մարդ՝ այնքան կարծիք, ինչքան մարդ՝ այնքան համոզում: Գիտէ՞ք ինչպիսի հրաշք մը կ՚ըլլար տեսնել հայերը ամբողջացած նոյն իտէալներով, նպատակներով ու տեսլականով. մեզ տկարացնողը արդէն իսկ այդ ամբողջութեան պակասն է: Գուցէ աշխարհի վրայ կարելի չէ գտնել ազգ մը, որուն մտաւորականները այնքան խօսած ու շեշտած ըլլան միասնական ըլլալու կարեւորութեան մասին՝ քան հայերը, սակայն հակառակ այս ճշմարտութեան, կարելի չէ գտնել նաեւ միասնութեան թշնամի ազգ մը՝ աւելի քան հայերը: 

Որպէս իտէալական գաղափար Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքերը ընտիր են. «Ունենալ սերունդ մը, որ ունին նոյն հեռանկարները, նոյն իտէալներն ու նպատակները, տէր են նոյն արժէքներու եւ լաւապէս գիտեն անոնց կարեւորութիւնը». որպէս տող ու գաղափար հրաշալի է, սակայն կը պակսի հիմնական «ինչպէ՞ս»ը: Եթէ կ՚ուզենք որոշ արժէքներ սերունդէ սերունդ փոխանցել, ապա պէտք է այդ արժէքները լաւապէս դրոշմել մերօրեայ սերունդին մէջ. արժէքներ, որոնք իրենց ամբողջական վիճակին մէջ չեն, սերունդէ սերունդ չե՛ն կրնար փոխանցուիլ եւ ժամանակի ընթացքին կ՚արժանանան այն դժբախտութեան, որ այսօր արժանացած է մեր հայկական արժէքներէն շա՜տ շատեր: Եթէ այդ արժէքներուն մէջ նկատի ունինք օրինակ՝ պատմութիւնը. այսօր ի՞նչն է մեր պատմութիւնը. ո՞րն է ճիշդը եւ որը սխալ։ Մերօրեայ հայուն համար ինչքանո՞վ կարեւոր է իր անցեալը. օրինակի համար՝ ինչո՞ւ համար արեւելահայը 1915 թուականը այնքան իր պատմութիւնը չի նկատեր՝ ինչքան արեւմտահայը. Ինչո՞ւ համար ամբողջութեամբ ուրիշ են այս երկուքը՝ որ էութեամբ հայ են, արիւնակից են: Ինչպիսի՞ ամբողջութեան մասին կը խօսինք, երբ արեւմտահայը կատարեալ սէր չունի արեւելահային հանդէպ եւ հակառակը. երբ արեւելահայը սէր չունի Արցախի իր հայրենակիցին հանդէպ. մեր մօտ ամբողջականութեան մասին խօսիլը որոշ տեղերու մէջ կուսութեան կարեւորութեան մասին խօսելէ տարբեր բանի մը չի կրնար նմանիլ. մենք մեր ներկան լաւապէս չսրբագրած՝ չենք կրնար մտածել ապագայ սերունդներուն մասին, որովհետեւ մենք մերօրեայ սերունդը չենք կրցած փրկել օտարի ոչնչացնող ճանկերէն... ներկան չփրկած՝ չես գիտեր ի՜նչ երազներով ապագայ սերունդները փրկելու կը նայինք:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար հայ մտաւորականներ միշտ շեշտած են միասնութեան կարեւորութիւնը:

Պատասխան. Հայ մտաւորականները արտաքին սպառնալիքներու պատճառով յաճախ շեշտած են միասնութեան կարեւորութիւնը՝ հաւատալով, որ միասնութիւնը միջոց է պահպանելու մշակոյթը եւ հեռու մնալու ձրուելու վտանգէն: Պատմութեան ընթացքին շրջապատուած ըլլալով հսկայ կայսրութիւններով եւ շա՜տ երկար ժամանակ չունենալով ինքնիշխան պետութիւն, հայերը իրենց յոյսը դրած են միասնականութեան վրայ, պահպանելու համար իրենց լեզուն, աւանդութիւններն ու մշակոյթը: Հայ մտաւորականներ կը գիտակցէին, որ միասնութիւնը ո՛չ մային կը խրախուսէ պատկանելիութեան եւ համերաշխութեան զգացումը, այլեւ ուժ կու տայ ազգի մը պաշտպանելու իր իրաւունքները: Անոնց կարծիքով՝ միասնութիւնը գոյատեւման հիմնաքարն է, բարգաւաճ ապագայ մը ունենալու համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2025