ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲԵՐ
Կարգ մը հաւատացեալներ «սրբադասել»ով, այսինքն հանդիսաւորապէս հռչակելով, թէ անոնք առաքինութիւնները հերոսաբար գործադրեցին եւ Աստուծոյ շնորհքին հաւատարմութեան մէջ ապրեցան, եւ անոնք իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին անընդհատաբար հաւատարիմ մնացին առաքինութիւններու եւ աստուածային պատուիրաններու՝ Եկեղեցին կը ճանչնայ իր մէջ եղող սրբութեան Հոգիին զօրութիւնը եւ կը հրահրէ հաւատացեալներու յոյսը՝ սուրբերը իբրեւ տիպար եւ բարեխօս տալով անոնց։ Այս ուղղութեամբ, Եկեղեցւոյ պատմութեան դժուար շրջաններուն սուրբերը եւ սրբուհիները վերանորոգումի սկզբնաղբիւր եղած են միշտ։ Արդարեւ, սրբութիւնը թաքուն աղբիւրն է եւ անսխալական չափը Եկեղեցւոյ առաքելական գործունէութեան եւ քարոզչական թափին։
Ուստի, հաւատացեալը Եկեղեցիէն կը սորվի «սրբութեան օրինակ»ը. անոր տիպարը եւ աղբիւրը կը տեսնէ Սուրբ Կոյս Մարիամի մէջ. զայն կը նշմարէ վաւերական վկայութեան մէջ անոնց՝ որոնք կ՚ապրին զայն. զայն կը գտնէ հոգեւոր աւանդութեան եւ երկար պատմութեան մէջ սուրբերուն, որոնք կանխեցին զինք եւ զորս ծիսակատարումը կը տօնէ Տօնացոյցին էջերով։
Եկեղեցին սուրբ է. ամենասուրբ Աստուած անոր հեղինակն է։ Քրիստոս՝ անոր փեսան, Ինքզինք զոհեց սրբացնելու համար զայն։ Սրբութեան Հոգին կը կենդանացնէ զայն։ Թէեւ ան մեղաւորներէ կը բաղկանայ, սակայն «մեղաւորներ»է բաղկացած անբիծն է։ Սուրբերուն մէջ կը շողայ անոր սրբութիւնը. իսկ Մարիամի մէջ ան արդէն ամենասրբուհին է։
Արդարեւ, «սուրբ» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ իսկապէս մաքուր, գերազանցօրէն կատարեալ. մաքուր, անարատ, անմեղ, անպիղծ, կոյս, արդար, նաեւ՝ նուիրական, վեհ, սրբազան, աստուածային. աննենգ, ողջախոհ։
Ուստի, մենք երկինքի բնակիչներուն յիշատակը չենք մեծարեր միայն անոնց տուած բարի օրինակին համար, այլ մենք աւելին փնտռելով՝ կը զօրացնենք ամբողջ Եկեղեցւոյ միութիւնը Հոգիին մէջ, եղբայրական սիրոյն գործադրութեամբ։ Որովհետեւ ինչպէս որ քրիստոնեաներուն միջեւ երկրի վրայ հաղորդութիւնը մեզ դեռ աւելի կը մօտեցնէ Քրիստոսի, նոյնպէս ալ սուրբերու հետ մեր հասարակութիւնը մեզ Քրիստոսի հետ կը միացնէ, որմէ՝ իբրեւ անոնց պետէի կը բխի Աստուծոյ ժողովուրդին ամէն շնորհք եւ ամէն կեանք։
Մենք կը պաշտենք Քրիստոսը, քանի որ Ան Աստուծոյ Որդին է՝ Աստուած, իսկ սուրբերը՝ մարտիրոսները կը սիրենք իբրեւ Տիրոջ աշակերտները եւ «նմանողներ»ը, եւ արդար է ասիկա իրենց Թագաւորին եւ Վարդապետին հանդէպ իրենց ունեցած աննման նուիրումին պատճառով. երանի՜ թէ մենք ալ կարենայինք անոնց խմբակիցները եւ աշակերտակիցները ըլլալ…։
Արդարեւ, Երկինքի բնակիչները Քրիստոսի հետ աւելի՛ սերտօրէն միացած ըլլալով, աւելի հաստատօրէն կը սատարեն Եկեղեցւոյ ամրացումին սրբութեան մէջ։ Անոնք չեն դադրիր բարեխօսելէ մեզի համար Հօր մօտ, ընծայելով այն արժանիքները՝ զորս շահեցան երկրի վրայ՝ Քրիստոս Յիսուսով, միակ Միջնորդով Աստուծոյ եւ մարդոց։ Եւ այսպէս սուրբերուն եղբայրական հոգածութիւնը մեծ օգնութիւն մը կը հանդիսանայ մեր տկարութեան համար։
«Հոգին իսկապէս սուրբերուն վայրն է, իսկ սուրբն ալ Հոգիին համար յատուկ վայր է, քանի որ ան ինքզինք կը նուիրէ Աստուծոյ բնակութեան՝ կոչուելով Անոր Տաճարը», կ՚ըսէ Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի։
Սուրբերու բարեխօսութիւնը իրենց մեծագոյն ծառայութիւնն է ի սպաս Աստուծոյ ծրագրին։ Մենք կրնանք եւ պարտինք աղօթել անոնց՝ որպէսզի բարեխօսեն մեզի եւ համայն աշխարհի վրայ։ Սուրբերուն հաղորդութեան մէջ, Եկեղեցիներու պատմութեան ամբողջ ընթացքին ծաղկեցան զանազան «հոգեւորութիւններ»։
Քրիստոնեայ հոգեւորութիւնները կը մասնակցին աղօթքի կենդանի աւանդութեան եւ անհրաժեշտ առաջնորդներ են հաւատացեալներուն համար։ Իրենց հարուստ բազմազանութեան մէջ, անոնք կը ցոյացնեն վճիտ եւ միակ լոյսը Սուրբ Հոգիին։
Քրիստոնեայ ընտանիքը աղօթքի դաստիարակութեան առաջին վայրն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 27, 2025, Իսթանպուլ