ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՆՈՒԻՐԱԾ ԵՐԳԸ ՍՈՒԼԹԱՆԻՆ
Ձեզմէ քանի՞ն ձանձրացած է անդադար մամուլի եւ կամ գրականութեան մէջ նոյն անուններուն մասին կարդալէ. վստահ ենք անոնց թիւը քիչ չէ, որովհետեւ կարծես հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը միշտ նոյն անձերու շուրջ դառնան՝ հակառակ անոր, որ ունինք բազմաթի՜ւ անուններ, որոնք տրուած են մոռացութեան եւ վստահաբար անոնք աւելի պակաս արժէք չեն ներկայացներ քան մինչեւ օրս յիշուողները:
Սակայն, այսօր այդ մոռցուողներէն մէկուն յարութիւն տալու փոխարէն, յիշուող եւ սիրուած Կոմիտասի մասին պիտի խօսինք, հաւատալով, որ Կոմիտաս վարդապետ տակաւին ունի բազմաթի՜ւ մութ անկիւններ, որոնք կը կարօտին մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան: Այսօր վստահաբար պիտի չխօսինք Կոմիտասի ծնունդին, աքսորին եւ կամ մահուան մասին. այդ բոլորին մասին աւելիով արդէն իսկ գրուած է: Մենք այսօր պիտի խօսինք Կոմիտաս վարդապետի թրքերէնի հետ ունեցած յարաբերութեան մասին:
Եթէ տակաւին կան անձեր, որոնք Կոմիտաս վարդապետի թրքախօս ըլլալը չեն գիտեր, ապա կ՚արժէ ուսումնասիրեն մեծ վարդապետի մանկութիւնը՝ մասնաւորաբար ընդունելութիւնը Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարան, ուր կենալով օրուան կաթողիկոսին դիմաց վարդապետը թրքերէնով կ՚ըսէ. «Հոս եկած եմ սորվելու»։ Անշուշտ օրուան կաթողիկոսը կը զարմանայ, որ Հոգեւոր ճեմարանի մէջ ի՞նչ գործ կրնայ ունենալ պատանի մը՝ որ հայերէն չի գիտեր ու այս հարցին մեծ վարդապետը կը պատասխանէ՝ դարձեալ թրքերէնով. «Եթէ հայերէն գիտնայի, ինչո՞ւ պիտի գայի. եկած եմ սորվելու»: Անշուշտ, այս պատասխանը եւս գոհացում չի տար. կաթողիկոսը կ՚ուզէ, որ պատանին երգ մը երգէ եւ Կոմիտաս կ՚երգէ թրքերէն երգ մը եւ անոր ձայնի անուշութենէն կաթողիկոսը կը հրամայէ անմիջապէս Կոմիտասը Հոգեւոր ճեմարան տանիլ:
Անշուշտ, Կոմիտաս վարդապետ հայերէնը սորվեցաւ, սակայն, թրքերէնի հետ կապը մի՛շտ պահեց. ան հայերէն երգերու կողքին մի՛շտ ձայնագրեց ու հաւաքագրեց նաեւ թրքերէն երգեր։ Խ. Գ. Բադիկեան իր «Կոմիտասը՝ ինչպիսին եղել է» աշխատութեան մէջ կը յիշէ դրուագ մը, ուր Կոմիտաս վարդապետ թրքերէն երգ հաւաքագրած ժամանակ անձ մը հետեւեալ հարցը կու տայ. «Քեզի պէս նշանաւոր երգահանը ինչո՞ւ արժէք կու տայ թուրք այսպիսի հասարակ երգիչներու երգերուն» եւ Կոմիտաս կը պատասխանէ. «Անոնք բնածին հանճարներ են եւ անոնց աշխատանքը նոյնպէս պէտք է արձանագրել»։ Շատ անգամ գրականութեան մէջ այնպէս կը ներկայացուի, որ Կոմիտաս վարդապետ կ՚ատէր թրքերէն երգն ու մշակոյթը եւ ամէն գնով կ՚ուզէր հայ երաժշտութիւնը ազատէր թրքական ազդեցութենէն, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ. Կոմիտաս վարդապետ կ՚ուզէր հայկականը մնար հայկական, իսկ թրքականը՝ թրքական։ Ան երբեք դէմ չէր թրքական մշակոյթին եւ երաժշտութեան եւ այս բոլորին մեծագոյն փաստը անոր գրած մի քանի թրքերէն երգերն են:
Սակայն, Կոմիտաս վարդապետ այդ երգերը սիրելո՞վ գրած է, թէ դիւանագիտական հաշուարկներով՝ ընթերցողը ինք պէտք է որոշէ: Այնպէս ինչպէս Հայաստանի մէջ Խորհրդային Միութեան ժամանակ, նոյնպէս Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ «հայրենասիրութիւն» քարոզելը այնքան ալ խելացի շարժում մը չէր, որովհետեւ այնպէս ինչպէս մամուլը, նոյնպէս մշակութային ամէ՛ն հրապարակում կամ ներկայացում նոյնպէս քննութեան եւ հսկողութեան տակ կը գտնուէր. Սակայն, Կոմիտաս ուզելով շատ աւելի ազատ ու «անվախ» ձեւով իր մշակութային գործունէութիւնը տանիլ, կ՚ուզէր սիրաշահիլ Օսմանեան կայսրութեան մեծաւորները, որպէսզի շատ մը հարցերու մէջ շատ աւելի դիւրին հարցերու լուծում ստանար։ Զանոնք սիրաշահելու համար Կոմիտաս կը գրէ նաեւ թրքերէն երգեր եւ կը նուիրէ թուրք մեծաւորներուն. այս մասին աւելիով կրնանք գիտնալ անոր անձնական նամակներէն։ 28 մարտ 1912 թուականին Կոմիտաս վարդապետ Մարգարիտին կը գրէ երկար նամակ մը. նամակին վերջաւորութեան մեծ վարդապետը կը գրէ. «Երկու հատ ալ տաճկերէն երգ գրած եմ, մէկը Սուլթանին, միւսը Սահմանադրութեան նուիրուած, որպէսզի գործերնիս յաջողուի եւ բաւական ընդարձակ շրջան մը ընեմ պալատին մէջ: Երէկ Սուլթանի արարողապետը եկած էր այցելութեան. չես գիտեր, թէ ինչքա՜ն բոպիկ են երաժշտութեան մէջ»:
Այս նամակով ի յայտ կու գայ, որ Կոմիտասի թրքերէն երգերը ունէին երկու հիմք. Կոմիտաս վարդապետի համար կարեւոր էր ամէ՛ն տեսակի ու ձեւի երաժշտութիւն եւ ան ունէր ցանկութիւն գրի առնել աշխարհի բոլոր երաժշտութիւնները՝ անշուշտ առաջնահերթութիւն պահելով հայկականը, իսկ միւս պատճառը զուտ դիւանագիտական էր. շահիլ սուլթանի սիրտը եւ ազատութեամբ տանիլ այն գործն ու նպատակը՝ որ ունէր մեծ վարդապետը:
Անշուշտ, թրքական մշակոյթը առանձին կարեւոր էր վարդապետին համար, սակայն, անոր համար հիմնական խնդիր էր, երբ շարականները կ՚երգուէին թրքական, յունական եւ օտար եղանակներու ազդեցութեամբ։ Ան նոյնիսկ սխալ կը նկատէր Պապա Համբարձումի նոթաները, զայն որակելով տաճիկ եղանակներու վրայ հիմնուած:
Այս բոլորէն ետք ըսենք, որ Կոմիտաս վարդապետ յաջողեցաւ եւ իրապէս սուլթաններու սէրը շահեցաւ. փաստը դարձեալ իր նամակներէն մէկուն մէջն է. 22 յուլիս 1914 թուականին գրած իր մէկ նամակին մէջ վարդապետը կը գրէ. «Կարեւորը այն է, որ տաճիկ երաժշտանոցը պիտի բացուի: Ճէմալ փաշան բացակայութեանս ինծի հարցուցած է եւ խնդրած, որ երբ գամ իրենց իմաց տրուի. կը թուի թէ ինձ եւս պաշտօն պիտի առաջարկեն. հազիւ բան մը ըլլայ կը գրեմ...»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդիկ առաջ երգա՞ծ են թէ խօսած:
Պատասխան. Մարդիկ սկզբնական շրջանին երգած են եւ ապա խօսած: Երգը իր մեղեդիներով ու ելեւէջներով շատ աւելի բնական ու դիւրին էր զգացումներ, վախեր, ուրախութիւններ ու եղելութիւններ փոխանցելու քան պարզ խօսքը: Մարմինի ձայնը՝ նախքան լեզուի կանոնաւոր ձեւաւորումը օգտագործուած է որպէս երաժշտական արտայայտութեան ձեւ՝ զանոնք նմանեցնելով բնութեան ձայներուն: Այսպէս, երգը եղած է մարդկային հաղորդակցութեան ամենէն հին եւ ամենէն կենսական միջոցներէն մէկը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան