ԱՆԱՐԱՏ ՍԻՐՏ՝ ՄԱՔՈՒՐ ԽԻՂՃ
«Սակայն դո՛ւն, ո՜վ մարդ Աստուծոյ, այդպիսի բաներէ հեռո՛ւ փախիր, եւ հետամուտ եղիր՝ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան եւ հեզութեան». (Ա ՏԻՄ. Զ 11)։
Պօղոս առաքեալ՝ Տիմոթէոսին ուղարկած առաջին նամակին մէջ յորդոր կու տայ Տիմոթէոսին, թէ ի՛նչպէս պէտք է բարի եւ օրինակելի «ծառայ» մը ըլլայ Քրիստոսի, եւ կը յիշեցնէ անոր ունենալիք պատասխանատուութիւնները՝ հաւատացեալներու զանազան խմբաւորութիւններուն հանդէպ։ Այս առիթ կը խօսի անարատ սիրտի, անկեղծ հաւատքի եւ մաքուր խղճի մասին։
Արդարեւ, անարատ սիրտը, անկեղծ հաւատքը եւ մաքուր խիղճը կ՚ենթադրէ սէր, ի՛նչ որ հիմն է ամէն բարութեան եւ հոգեւոր կեանքի։ Այս ուղղութեամբ, երբեք պէտք չէ ձանձրանալ սիրոյ մասին խորհելէ, պէտք չէ զզուիլ սիրոյ մասին խօսելէ։ Քանի որ սէրը՝ կեա՛նքն իսկ է. կեանքը կը սկսի սիրով եւ կը շարունակէ սիրով եւ սէրը երբեք չի վերջանար, քանի որ կեանքը կը տեւէ յաւիտենականութեան մէջ։
«Սէր»ը ըսելը, իր մասին խօսիլը շատ դիւրին է, բայց գործադրելը դժուար հիմնական զգացում մըն է։ «Սէր»ը կեանքի մէջ ամենէն շատ գործածուած բառ մըն է, քանի որ մարդ ամենէն շատ ինքզինք կը սիրէ. եւ մարդ ինքզինք սիրելուն համար է, որ «ուրիշ»ը՝ իր նմանը կը սիրէ, այս իմաստով, սէրը անձնասիրութեան մէկ արտայայտութիւնն է։ Կեանքի փորձառութիւնը այն ցոյց կու տայ մեզի, թէ մարդիկ, ընդհանրապէս կը սիրեն այն՝ որ «բարի» է, օգտակար է եւ այդ բարութենէն, օգտակարութենէն բաժին մը կը ստանան։ Դուք բնաւ «չար»ը եւ վնասակարը սիրող մէկուն հանդիպա՞ծ էք։
Մարդ, ուրեմն, ընդհանրապէս կը սիրէ մէկը՝ որմէ զգացական ակնկալութիւն մը ունի, անշուշտ, ասիկա կ՚իրականանայ անգիտակցաբար, քանի որ մարդ ենթագիտակցութեան մէջ միշտ նախ ինքզինք կը սիրէ, անձնասէր է։ Անշուշտ, «սէր»ը բազմաթիւ տեսակներ ունի, բայց բոլորն ալ ի վերջոյ կը յանգին եսասիրութեան, զգացական ակնկալութեան վրայ։
Թերեւս տարօրինակ պիտի թուի, բայց, մարդ Աստուածն ալ կը սիրէ, քանի որ Ան բարի՛ է եւ մարդ այդ Բարութենէն օգուտ կ՚ակնկալէ։ Չէ՞ որ մարդիկ Յիսուսը կը փնտռէին ամէն տեղ եւ կը հետեւէին Իրեն, քանի որ Ան անոնց «հաց» տուած էր, հացերու բազմացմամբ անօթի չէր թողած զիրենք, ակնկալութիւնը սիրոյ պատճառն էր…
Բայց, իրական սիրոյ համար անհրաժեշտ է. անարատ սիրտ, անկեղծ հաւատք եւ մաքուր խիղճ։ Եւ սէրը կեա՛նք է, քանի որ Աստուած սէր է, եւ սէրը, ճշմարիտ սէրը Աստուծմէ է։ Եւ ահաւասիկ, Աստուծոյ սէրը, անկեղծ սէրը, այս պատճառով կը գտնուի անարատ սրտի, անկեղծ հաւատքի եւ մաքուր սրտի մէջ։ Եւ այն ատեն է, որ սէրը կը ստանայ իր ճշմարիտ արժէքը։
Արդարեւ, այն ինչ որ անկարելի է մարդուս, կարելի՛ է Աստուծոյ համար, քանի որ Ան ամենակալ, ամենակարող է։ Մարդ երբ յոգնած է աշխարհի դժուարութիւններէն՝ Աստուած անոր հանգիստ կ՚ապահովէ՝ յոգնութենէ կ՚ազատէ. երբ մարդ կը վախնայ՝ Աստուած կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնար, ես հո՛ս եմ…»։ Եւ Սուրբ Գիրքին մէջ 365 անգամ կրկնուած է «մի՛ վախնար» խօսքը՝ մարդուս ամէն մէկ օրուան համար։ Աստուած մարդուս տուած է Հոգի որպէս պաշտպան ամէն վախի դէմ։ Բայց մարդ պէտք է սիրէ զԱստուած այս բոլորին համար, պէտք է սիրէ ան, որովհետեւ Հայր է, Աստուած է…
Եւ ահաւասիկ, մարդկային սէրը եւ Աստուծոյ անկեղծ, ճշմարիտ սէրը կը տարբերին այս կէտին մէջ։
Մարդ բնականաբար եսասէր է, բայց այս եսասիրութիւնը պէտք չէ կանխէ այլասիրութիւնը եւ կատարեալ մարդը այն մարդն է՝ որ եսասիրութիւնը կրնայ հակակշռել այլասիրութեամբ՝ մարդասիրութեա՛մբ։ Ասոր համար ալ անհրաժեշտ է ինքնաքննութիւնը։ Ուստի, անկեղծ ինքնաքննութեամբ է, որ մարդ կը հասնի ճշմարիտ, անկեղծ սիրոյ, քանի որ սէրը գոյութիւն ունի մարդոց մէջ անխտիր, որովհետեւ մարդ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ Աստուծոյ նմանութեամբ եւ Արարիչն Աստուած Սէ՛ր է…
Սիրոյ մէջ որեւէ զգացական ակնկալութիւն պէտք չէ՛ ըլլայ, մարդ պէտք է սիրէ՝ ընդոծին անկեղծ զգացումով եւ առանց փոխադարձութեան սպասումով։
Անկեղծ սիրով կեանքը երջանիկ կեանք է. Տէրը եւ Սէրը ձեզի հետ ըլլայ եւ մի՛շտ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 26, 2025, Իսթանպուլ