ԱՆԽՌՈՎ ՍԻՐՏ ՈՒՆԵՆԱԼ
Ինչպէ՞ս կարելի է անխռով՝ խաղաղ սիրտ մը ունենալ։
«Ապա Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն.- Թող չխռովին ձեր սիրտերը։ Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի։ Հօրս տան մէջ շատ տեղ կայ. եթէ այդպէս չըլլար՝ չէի ըսեր ձեզի, թէ կ՚երթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 1-2)։
Կա՞յ արդեօք բան մը՝ որուն այսօրուայ մարդը աւելի կարօտի. բան մը՝ որ աւելի անձկութեամբ որոնէ, քան անխռով սիրտ մը։
Այս տագնապալի ժամանակներուն մէջ դրամէ եւ ստացուածքէ, փառքէ եւ դիրքէ, դպրոցէ եւ դաստիարակութենէ աւելի կարեւոր է մարդոց՝ ներքին եւ արտաքին այլազան խռովքներէ զերծ սիրտ մը՝ որ երջանկութեան միակ գաղտնիքն է։ Ահաւասիկ, սոյնօրինակ սրտի մը կարելիութեան խօսելով կ՚ըսէ Տէր Յիսուս. «Ձեր սիրտերը չխռովին, Աստուծոյ հաւատացէ՛ք, ինծի ալ հաւատացէք…»։
Այս խօսքերը Աւետարանի ամենէն նուիրական, ամենէն սրտապնդիչ, ամենէն սփոփիչ խօսքերն են։ Եթէ հարկ ըլլար Սուրբ Գիրքի միայն մէկ համարը վերապահել՝ բոլոր միւսները կորսնցնելով, շատեր պիտի ընտրէին վերոյիշեալ խօսքերը պահել։ Որովհետեւ անոնք դուրս կը հանեն մեզ որեւէ նեղութեան խոր վիրապէն եւ կը դնեն մեր բերանը ուրախութեան եւ ցնծութեան, օրհնութեան եւ գովաբանութեան նոր երգը։
Հաւատացեալներ կը վկայեն եւ իրենց կեանքի փորձառութեամբ ցոյց կու տան, թէ այս խօսքերուն առջեւ կը ցնդէին իրենց հոգերուն, մտավախութիւններուն, մտահոգութիւններուն եւ մտատագնապներու մութ, սեւ ամպերը։
Յիսուս «Սիրտերնիդ չխռովի…» խօսքերը ըսաւ, երբ Իր աշակերտները հաւաքած էր վերնատունը՝ պատրաստելու համար զանոնք Իր մօտալուտ մահուան։
Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է անխռով սիրտ մը ունենալ։ Այս կարեւոր հարցման օրհնեալ պատասխանը Յիսուս կու տայ. «Աստուծոյ հաւատացէ՛ք, ինծի ալ հաւատացէք…»։ Ուստի, անխռով խաղաղ սիրտ մը ունենալու համար պէ՛տք է հաւատանք Աստուծոյ եւ Իր միծին Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի։ Այս կէտին՝ պէտք է նկատի ունենալ, որ այս խօսքը ըսուած չէ անհաւատներու, հապա Յիսուսի աշակերտներուն եւ հետեւողներուն։ Անոնք կը հաւատային Աստուծոյ եւ կը պաշտէին զԱյն նախանձաւորութեամբ եւ երկիւղածութեամբ։ Սակայն իրենց հաւատքը կատարեալ չէ՛ր, ոչ ալ իրենց նուիրումը անվերապահ, ոչ ալ մեռած էին իրենց ԵՍին եւ անձին։ Ուստի, զարմանալի բան չէր երբ կեանքի այդ ճգնաժամային վայրկեաններուն մէջ սիրտերնին մեծապէս խռովիլ, տագնապիլ սկսաւ։
Ուրեմն, մենք հաւատացեալներս ալ պէտք է հարցնենք մենք մեզի, թէ մեր հաւատքն ալ որքա՛ն յար եւ նման է առաքեալներուն այդ ժամանակուայ հաւատքին։
Անշուշտ, մենք անհաւատ չե՛նք, եւ կը խորշինք այդ պիղծ անուանումէն։ Սակայն մեր ալ հաւատքը կենդանի եւ ներշնչող ուժ մը չէ յաճախ մեր կեանքերուն մէջ, որովհետեւ շատեր կը պաշտեն զԱստուած անգիտակցաբար, երբեմն կասկածներով, անվստահութեամբ եւ թերահաւատութեամբ։
Ուրեմն զարմանք չպատճառէ մեզի՝ երբ մեր կեանքերը գերի են դարձեր հոգերու, մտահոգութիւններու, մտմտուքներու եւ անպէտ անիմաստ վախերու։ Չզարմանանք՝ երբ մեր սրտերը խռոված են այսօր։ Արդ, լսենք Փրկչին պատուէրը. «Չխռովին ձեր սիրտերը. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէ՛ք…»։ Աստուծոյ հաւատալ, Աստուծոյ ձեռքը բռնել, Աստուծոյ հետ քալել՝ Անոր վստահելով, Անոր ապաւինելով եւ Անոր յանձնուելով։ Անխռով սիրտ մը ունենալու համար չի բաւեր հաւատալ Աստուծոյ, պէ՛տք է Քրիստոսի՝ մեր միակ Փրկչին ալ հաւատալ։ Քանի որ միայն Անոր մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ հայրութիւնը. սէրը եւ ներկայութիւնը, եւ միայն Անոր մէջ ապրելով, միայն Անով կը վերանայ, կը սրբուի մեր մեղքը եւ դատապարտութիւնը, ցաւը եւ հիւանդութիւնը։
Հարցնենք մենք մեզի. կը հաւատա՞նք Աստուծոյ ճշմարտապէս, կը հաւատա՞նք Յիսուս Քրիստոսի։
Ահաւասիկ, հարցը այս է. իրապէս հաւատալ՝ ճշմարտապէս, առանց թերամտութեամբ, առանց կասկածի, առանց երկմտութեամբ։ Ուստի, պէտք է հաւատանք անդրշիրիմեան՝ յաւիտենական կեանքի մը, այլ խօսքով «երկնաւոր տան» մը գոյութեան, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան»։ Եւ այս խօսքը վերցնել կը պատգամէ եւ կ՚աւանդէ սրտերու խռովքն ու մղձաւանջը։
Առանց անմահութեան հաւատքի՝ կարելի չէ՛ երեւակայել անխռով սիրտ մը եւ կեանք մը։ Այս հաստատ հաւատքի ազդեցութեամբ սուրբեր արհամարհեցին տառապանքը, հալածանքը, բանտարկութիւնը, սուրը եւ մահը։
Իր հաւատքի աչքերը դէպի անդրաշխարհ սեւեռելով «Տէր Յիսուս ընդունէ իմ հոգիս» ըսող Ս. Ստեփաննոս կրցաւ անողորմ քարկոծման մը տաժանքներուն տոկալ, դիմանալ։ Հռովմէական հալածանքներու ընթացքին՝ փափկասուն կիներ, դեռատի աղջիկներ, քաջարի երիտասարդներ եւ ալեւոր ծերունիներ ապշեցուցիչ քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ քերթուեցան, մորթազերծուեցան, սղոցուեցան, վայրի գազաններու առջեւ նետուեցան եւ ցիցերու վրայ բարձրացան, այն հաստատ հաւատքով՝ թէ յետ մահու պիտի ընդունուին պատրաստուած երկնային բնակարաններու մէջ։
Մեր բեռը աւելի պիտի թեթեւնայ, մեր կեանքը աւելի պիտի համովնայ, մեր խաղաղութիւնը աւելի կատարեալ պիտի ըլլայ եւ մեր ողորմելի սիրտը աւելի անխռով, աւելի խաղաղ, եթէ մեր կեանքին իւրաքանչիւր ժամը եւ վայրկեանը ուղղակի՛ անմահութեան եւ հաւատքի ազդեցութեան տակ ապրինք։
Ուստի, եւ անխռով, խաղաղ սիրտ մը ունենալու համար պէտք է հաւատանք Աստուծոյ հաւատարմութեան։
Աշակերտներուն սրտին խռովութիւնը փարատելու համար Տէրը անոնց ուշադրութիւնը կը դարձնէ Իր հաւատարմութեան վրայ։
Վստահինք եւ ապաւինինք Աստուծոյ հաւատարմութեան եւ անխռով ըլլանք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 27, 2025, Իսթանպուլ