ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կրնանք անկեղծօրէն ըսել, որ Հայաստանի թէ՛ ներկայ եւ թէ անցեալ իշխանութիւնները յաջող դիւանագէտներ էին. դիւանագէտ ո՛չ թէ որովհետեւ երկիրը դիւանագիտական գետնի վրայ յառաջ տարին, այլ դիւանագէտ՝ որովհետեւ ունէին դիւանագէտ ըլլալու ամենէն կարեւոր յատկութիւնները՝ կեղծիքն ու սուտը: Տասնամեակներ առաջ Անգլիոյ նշանաւոր վարչապետներէն Չըրչիլ լաւ դիւանագէտ ըլլալը կը բացատրէր հետեւեալ ձեւով. «Լաւ դիւանագէտը ա՛յն է, որ կրնայ ըսել, թէ վաղը, գալ շաբաթ, գալ ամիս եւ գալ տարի ի՞նչ պիտի պատահի։ Ապա բացատրել եւ համոզել, թէ ինչո՞ւ չպատահեցան իր ըսածները…»: 

Հայ ժողովուրդը հիմա արդէն երկրորդ հանգրուանին է. մի քանի տարի առաջ լսած սուտերուն դիւանագիտական պատասխանները կը լսէ՝ հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ համար չպատահեցան ու չիրականացան բոլոր տրուած խոստումները: Նախքան վարչապետ ընտրութիւնը՝ Փաշինեան ժողովուրդին փոխանցեց հազար ու մէկ խոստումներ եւ այսօր աւելի քան եօթ տարի ետք ժողովուրդը կը սպասէ այդ բոլորի իրականացումը: Հաւատացէ՛ք, որ կրնանք առաջ բերել հազար ու մէկ խոստումներ, սակայն պիտի բաւարարուինք անոնցմէ մի քանին շօշափելով. 

Ա.- Նախքան ընտրութիւնները՝ Փաշինեան ժողովուրդը կը վստահեցնէր, որ երկիրին մէջ գնաճ պիտի չըլլայ։ Անշուշտ, նման խոստումի մը կատարումը ժողովուրդին համար աստուածային հրաշքի մը համազօր պիտի ըլլար։ Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, Փաշինեանի ընտրութենէն մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է նուազագոյնը 25 առ հարիւր գնաճ. այո՛, որոշ չափով աճ արձանագրած են աշխատավարձերը, սակայն, կրկնապատիկ աճ արձանագրած է նաեւ գիները՝ սնունդէն մինչեւ բժշկութիւն, մինչեւ կենցաղային կարիքներ: 

Բ.- Փաշինեանի դիւանագիտական սուտերէն մէկը երկրի մէջ «ազատութեան» գոյութեան պահպանումն էր։ Անոր խոստումներուն համաձայն, քաղաքական նպատակներով բանտարկեալներ (քաղբանտարկեալներ) գոյութիւն պիտի չունենան Հայաստանի մէջ. ամէ՛ն ոք՝ նոյնիսկ ընդդիմադիր ըլլալու պարագային պիտի ունենայ իր ազատութիւնը՝ իր համոզումներն ու հայեացքները յայտնելու. այսօր Հայաստանի մէջ ունինք արդէն մի քանի տասնեակ քաղբանտարկեալներ, որոնք բանտուած են իրենց քաղաքական հայեացքներուն համար: 

Գ.- Փաշինեան ժողովուրդին կը խոստանար, որ այնքա՜ն լաւ աշխատանք պիտի տարուի, որ դէպի արտերկիր գաղթած հայերը պիտի վերադառնան։ Վիճակագրութիւններ կը պարզեն, որ թէեւ 2018 թուականին որոշ ներգաղթի հոսք մը ստեղծուած է, սակայն, 2023-2025 թուականներուն արտագաղթը եղած է գերակշռող. մինչեւ օրս հազարաւոր երիտասարդներ տնտեսական, ապահովական եւ այլ պատճառներով իրենց ապագան դուրսը կառուցելու երազը կը հիւսեն ու ամենէն յարմար առիթին կ՚ուզեն արտագաղթել:

Դ.- Փաշինեան խոստացած էր, որ քաղաքականութենէն դուրս կը դրուի խնամի-ծանօթ-բարեկամ հասկացողութիւնը եւ կը ստեղծուի արդարութեան վրայ հիմնուած իշխանութիւն մը։ Սակայն, ներկայ քաղաքական վիճակը կը պարզէ, որ այդ մէկը եւս հերթական սուտ մըն էր. ներկայ իշխանութեան մէջ Փաշինեանի աներձագէն սկսեալ հազար ու մէկ խնամի-ծանօթ-բարեկամ պաշտօններու վրայ կը գտնուի: 

Ե.- Փաշինեան խոստացած էր, որ վարչապետ ըլլալուն պէս պիտի վերացնէ ժողովուրդը տուգանքի տարափի տակ ձգող արագաչափերը. նոյնիսկ վարչապետը ի՛նք իր ձեռքով նախքան իշխանութեան գլուխը անցնիլը՝ կը յայտարարէր ժողովուրդին փակել տուգանքները ու չվճարել։ Ահաւասի՛կ, Փաշինեանի ընտրութենէն անցած է եօթ տարիներ եւ արագաչափերը վերանալու փոխարէն աճած ու շատցած են: Խոստացած էր, որ ժողովուրդը տուգանքի «առարկայ» որպէս պէտք չէ տեսնել, սակայն, մերօրեայ Հայաստանը տուգանքի կողմէ շատ աւելի «զարգացած» վիճակ մը ունի՝ քան նախկին Հայաստանը: 

Զ.- Փաշինեան խոստացած էր, որ պետական պիւտճէն չի շահագործուիր ու կը կազմուի յանձնախումբ մը, որ մօտէն կը հետեւի պետական գնումներուն՝ խուսափելու համար գողութենէն եւ շռայլութենէն: Այս ծիրէն ներս Փաշինեան կը բողոքէր, որ նախագահն ու նախարարները ունին թիկնապահներ եւ երբ տեղէ տեղ կ՚երթան, մի քանի տասնեակ ինքնաշարժներ կը հետեւին անոնց։ Պահ մը փորձեցէք տեսնել, թէ Փաշինեան տեղէ տեղ ինչպէ՞ս կ՚երթեւեկէ։ Փորձեցէք հաշուել մի քանի տասնեակ ինքնաշարժներու շարասիւնը. տակաւին մի քանի օրեր առաջ նախարարի մը համար ձեռք բերուեցաւ 125 հազար տոլար արժողութեամբ ինքնաշարժ մը՝ որպէսզի տունէն «գործ» եւ «գործ»էն տուն տանի նախարարը. նոյն նախարարը չէ՞ր կրնար արդեօք 20 հազար տոլար արժողութեամբ ինքնաշարժով մը տուն երթալ ու գալ…: 

Է.- Փաշինեան կը յայտնէր, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն պիտի չունենայ մենաշնորհներ։ Իբրեւ թէ ամէն բան արդարութեան վրայ հիմնուած պիտի ըլլայ։ Վկայ ներկայ իշխանաւորներու ընտանիքներն ու անոնց ստացած մենաշնորհները. տակաւին մի քանի ամիս առաջ ստեղծուած ընկերութիւն մը կը շահի պետական մենաշնորհ եւ կը ստանձնէ այս կամ այն աշխատանքը. դրամատուները նախարարներուն եւ կամ անոնց հարազատներուն կը շնորհէ մեծամեծ պարտքեր ու դրամաշնորհներ… ճիշդ այնպէս՝ որուն հակառակը խոստացած էր Փաշինեան: 

Ը.- Փաշինեան կը խոստանար, որ Հայաստանէն հնարաւորինս պիտի վերացուի աղքատութիւնը։ Այո՛, երկիրին մէջ որոշ զարգացումներ տեղի ունեցան, սակայն, այդ բոլորը տեղի ունեցան հայ ժողովուրդի քսակի հաշուին. Հայաստանի արտաքին պարտքը մօտաւորապէս 100 առ հարիւր տոկոսով աճ արձանագրեց… եւ այդ պարտքը ո՛չ թէ պետութեան, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդին պարտքն է: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար իշխանութիւնը նախքան ընտրութիւն խոստումներ կու տայ, սակայն, երբեք չի գործադրեր:

Պատասխան. Իշխանութիւնները նախքան ընտրութիւնները՝ խոստումներ կու տան, որովհետեւ անոնց հիմնական նպատակը կ՚ըլլայ քուէ հաւաքելը: Այդ խոստումները կը տրուին ընտրողներու սպասելիքները բարձրացնելու համար, որպէսզի մարդիկ վստահին եւ ընտրեն ու ձայն տան: Սակայն, երբ ընտրութիւններէն ետք իրականութեան դէմ յանդիման կու գան՝ կը պարզուի, որ այդ խոստումներէն շատ շատեր անհնարին ու անիրականանալի է տնտեսական, քաղաքական եւ այլ պատճառներով: Շատ անգամ չեն իրականանար, որովհետեւ այդ խոստումները պարզապէս մարդ գրաւելու համար ըսուած խօսքեր կ՚ըլլան եւ ո՛չ իրական նպատակներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 28, 2025