ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿՈՒՆՔ
Կապադովիոյ կայսերական գունդէն, Դ. դարու սկիզբը, բոլորն ալ կանխաւ քրիստոնեայ եղած, Փոքր Ասիոյ զանազան քաղաքներէն քառասուն երիտասարդ՝ Սեբաստիա գտնուած միջոցին, Լիւսիաս Կեսարիոյ դուքսը՝ իշխանի եւ կոմսի միջեւ ազնուականը, հրաման ստացաւ Լիկիանոսէ քննել, թէ կա՞ն քրիստոնեաներ բանակին մէջ։
Պատուէրը հաղորդուած ըլլալով Ագրիկողայոսի, քառասուն երիտասարդ բանակակիցներն ալ քննութեան ենթարկուեցան։
Իրենց անվեհեր՝ անվախ պատասխաններով անոնք շուտով իրենց վրայ հրաւիրեցին դատաւորին զայրոյթը։ Եւ բանտարկուեցան, բայց, աւելի՛ զօրացան, հաստատուեցան իրենց հաւատքին մէջ, որովհետեւ քաջալերուեցան Տիրոջը երեւումովը։
Երբ Լիւսիաս Սեբաստիա եկաւ, դարձեալ քննութեան ատեան բերուեցան քառասուն երիտասարդները։ Դարձեալ ցոյց տուին անոնք իրենց հաստատուն հաւատքը։ Դահիճները շփոթութեան մատնուեցան, երբ հրամայւեցաւ իրենց տանջել զանոնք եւ սկսան իրարու զարնել։
Վերստին բանտարկուեցան՝ ուր դարձեալ ընդունեցին անոնք երկնային այցելութիւնը։ Վերջնական քննութեան մը աւարտին՝ անոնք մերկ վիճակի մէջ լիճը ձգուեցան իրիկնադէմին, որովհետեւ ձմեռ էր, սառեցան ջուրերը, եւ անոնց մարմինները սկսան ճեղքրտիլ։
Չկրցաւ տոկալ քառասուններէն մին եւ դուրս վազելով մտաւ հոն՝ մօտը յատկապէս պատրաստուած բաղնիքը ու իսկոյն մեռա՛ւ։
Գիշերամիջին երկնային լոյս մը ճառագայթեց լճին վրայ, պսակներ երեւցան նահատակներուն գլուխներուն վերեւ։ Այդ տեսնելով պահապան զինուորներէն մին, հոգեկան փոփոխութիւն մը զգաց իր մէջ. լիճը նետուեցաւ եւ պսակակից եղաւ միւսներուն՝ փոխան պակսածին։
Առտուան դէմ հանեցին քառասունը լիճէն, բերելով՝ հաստ գաւազաններով, լախտերով խորտակեցին անոնց բարձերը եւ մահացնելով, սայլերով գետեզրը տարին զանոնք։
Որովհետեւ անոնցմէ ամենէն մանկատին՝ փոքր տարիքի մէջ եղողը դեռ ողջ էր, իր մայրը շալկեց զայն եւ հետեւեցաւ սայլերուն, մինչեւ որ ան ալ ճանբան աւանդեց իր հոգին։
Իրենց մարմինները այրեցին եւ գետը թափեցին նշխարները։ Եպիսկոպոսը երազի մէջ տեսաւ, թէ գետին ո՛ր մասին վրայ ափունք ելած են անոնց նշխարները, հաւաքեց եւ ամփոփեց զանոնք պատուով՝ 316 թուականին։
Արեւելքի ամենէն ժողովրդական սուրբերէն եղան անոնք. իրենց վրայ ներբողականներ, գովասանական ճառեր գրեցին Ս. Բարսեղ, Ս. Գրիգոր Նիւսացի, Ս. Եփրեմ եւ մանաւանդ՝ Սեբաստիոյ հայոց Սիսիանոս Վարդապետը։
Քառասուն գմբէթեայ տաճար մը կանգնուեցաւ Սեբաստիոյ մէջ՝ իրենց անունով, «Քառասուն մանկունք» անուանակոչեալ։ Իսկ լիճը կը մնար ամփոփուած նեղ սահմանի մը մէջ՝ շուրջը եւ վրան քարէ պատերով ծածկուած։
Հայոց գերեզմանատունը կը կոչուէր նաեւ «Քառասուն մանկունք», քանի որ հո՛ն կառուցուած էր յիշեալ տաճարը։
Վերոյիշեալ քառասունին ժամանակակից էին եւ գաւառակից քառասունուհինգ երիտասարդներ եւս։
Երբ Լիւսիաս Փոքր Ասիոյ Նիկոպոլիս քաղաքը եկաւ բանակին մէջ գտնուող քրիստոնեաները դատելու համար, «Հայկական լեգէոն» կոչուած գունդէն անոր ներկայացան 43 անձեր եւ յայտարարեցին իրենց քրիստոնեայ ըլլալը։ Անոնց երիցագոյնը՝ Ղեւոնդիոս, համարձակօրէն պատասխանեց տրուած հարցումներուն, ամչցնելով հարցնողները։ Ուստի, սաստիկ խոշտանգեցին եւ տանջանքի մատնելով բոլորը եւ բանտարկեցին։
Երկրորդ հարցաքննութենէ մը վերջ աւելի ծանր տանջանքներու ենթարկեցին բոլորը, երկաթեայ եղունգներով եւ խեցիներով քերելով անոնց մարմինները։ Դարձեալ բանտ դրուեցան, ուր Բասիանէ անուն բարեպաշտ կին մը ամէն օր ջուր կը բերէր անոնց. երբ անիկա պահապաններէն կը վախնար, Ղեւոնդիոս հայերէն խօսեցաւ հետը, եւ կինը շարունակեց պատուհանէ մը բերել միշտ ջուրը։
Գիշեր ատեն, երբ սուրբերը կ՚աղօթէին, հրեշտակ մը իջաւ անոնց մօտ լուսափայլ կերպարանքով։ Զայն տեսնելով՝ անոնց հետ խառնուեցան պահապաններէն երկուքը, որոնք եգիպտացիներ էին։
Բռնաւորը հրամայեց այն ատեն սակրերով՝ զինուորական կացիններով եւ տապարներով ծայրատել՝ ծայրէն կտրել 45 վկաներուն ոտքերը եւ ձեռքերը, եւ այրելով Գայլ գետը նետել զանոնք։ Իրենցմէ մին ծայրատումի տանջանքներուն միջոցին ծարաւելով ձայնեց Տիրոջը, եւ հրաշքով ջուր բխեցաւ քարէ մը։
Երբ զինուորները կը տանէին միւսները, մոռցան ծարաւածը՝ որուն անունն էր Սիսիանոս, այն ատեն եւս ինքը անոնց ետեւէն վազելով. «Ես հո՛ս եմ, հո՛ս եմ ես» կը պոռար անոնց։
Եւ ինքն ալ նահատակուեցաւ իր ընկերներուն հետ։ Այս պատահեցաւ 317 թուականին։ Ժողվեցին քրիստոնեայ հաւատացեալները այս քառասուն եւ հինգ նահատակներուն նշխարները, եւ ամփոփեցին զանոնք եկեղեցիներու մէջ…
(Սկզբնաղբիւր.- Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, «Սուրբ եւ տօնք», Երուսաղէմ, 1939)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 28, 2025, Իսթանպուլ