Ի՞ՆՉ Է ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մինչեւ հիմա տեսանք, որ մարդու մը բարոյականութեան մէջ ինչպիսի ազդեցութիւն ունի ընտանեկան դաստիարակութիւնն ու դպրոցական կրթութիւնը, սակայն, մարդու բարոյական արժէքները չի սահմանափակուիր այս երկուքով. անոնց վրայ կու գայ աւելնալ երրորդը.
Գ.- Կրօնական բարոյագիտութիւն.- Իւրաքանչիւր մարդ, ըլլայ քրիստոնեայ, մահմետական թէ պուտտայական, ունի իր կրօնական սկզբունքները, որոնք միանալով մարդկային սկզբունքներուն ամբողջական համոզում մը կը յառաջացնեն մարդուն մէջ: Օրինակ՝ քրիստոնէութեան մէջ գոյութիւն ունի Տասնաբանեայ պատուիրանները, Քրիստոսի «սիրոյ կանոն»ը, որ ինքնին բարոյական սկզբունքներու աղբիւր մըն է։ Մահմետականներու պարագային գոյութիւն ունի աղքատին օգնելու եւ արդարութիւն ընելու օրէնքները՝ շերիաթի հրամանները, որոնք դարձեալ բարոյական սկզբունքներու աղբիւր մըն է եւ այսպէս գրեթէ ամէն կրօն ունի իր սկզբունքներն ու ուսուցումները, որոնք գրեթէ ունին հասարակաց գիծեր ու նոյնութիւններ՝ որոշ չնչին տարբերութիւններով: Կրօնական բարոյագիտութեան լաւ կողմը այն է, որ մարդուն կը փոխանցէ բարոյական սկզբունքներու հիման վրայ ապրելու պարգեւատրումը եւ անոնց հակառակ ապրելու հետեւանքները:
Կրօնական սկզբունքները կը կեդրոնանան մարդուն մէջ սերմանել չարին ու բարիին գիտութիւնը. իւրաքանչիւր անհատ իր հաւատացած կրօնը կ՚ընդունի որպէս ուղեցոյց կեանքի։ Պէտք է համոզուիլ, որ կրօնական գիրքերը միայն վերացական հաւատալիքներու մասին չեն խօսիր։ Անոնց կողքին ունին ուսուցումներ, որոնք անմիջականօրէն կապ ունին մարդկային կեանքին հետ. ամէն կրօն ունի իր բարոյական սկզբունքները ուսուցանելու գիրքը. ինչպէս՝ Նոր կտակարան, Գուրան, Թորա եւ այլն. բոլորն ալ ունին սկզբունքներ, որոնք թէ՛ մարդկային են եւ թէ կրօնական։ Իրականութեան մէջ կրօնական սկզբունքներուն ու պատուիրաններուն հիմնական նպատակը արդէն իսկ մարդկային կեանքը որոշ սկզբունքներու շուրջ հաւաքելու կը միտի. օրինակ՝ գրեթէ բոլոր կրօններուն մօտ կը տեսնենք «մի՛ սպաներ», «մի՛ գողնար» ուսուցումները. բոլորին մէջ ալ կը տեսնենք սիրոյ, ներումի, արդարութեան, խոնարհութեան սկզբունքները։ Այս մէկը եւս իրականութեան մէջ համայնքային միասնութեան մաս կը կազմէ, որովհետեւ կրօնական սկզբունքները չեն հակասեր մարդկային սկզբունքներուն, այլ զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Անշուշտ, կրօններու միջեւ որոշ արժեչափերու տարբերութիւններ կարելի է տեսնել. օրինակ՝ կանանց իրաւունքներու տարբերութիւն, սովորութիւններ ու աւանդութիւններ եւ այլն երեւոյթներ, սակայն, որպէս բարոյական սկզբունք բոլորը ունին բարիին հանդէպ հակում:
Մեր կեանքին վրայ կրօնական սկզբունքները կամայ թէ ակամայ կ՚ունենան իրենց ազդեցութիւնները. օրինակ՝ կրօնը կը խրախուսէ օգնել աղքատին, մխիթարել անմխիթարը, չանտեսել եղբայրը եւ այլն։ Այս բոլոր բարոյական սկզբունքներն են, որոնք ժամանակի ընթացքին՝ մանաւանդ Սուրբ Գիրքերու ուսուցումով՝ մարդ կ՚աւելցնէ իր ընտանեկան ու կրթական սկզբունքներուն վրայ:
Սակայն, կայ չորրորդ ազդակ մը եւս.
Դ.- Կեանքի փորձ.- Վերոյիշեալ երեք աղբիւրներէն ետք կու գայ այլ կարեւոր ուսուցիչ մը՝ կեանքի փորձը (շատերու համար կեանքի դաս՝ որովհետեւ կը սորվեցնէ): Թէ՛ ընտանեկան, թէ՛ կրթական եւ թէ կրօնական բարոյական սկզբունքները մարդ ի գործ կը դնէ իր կեանքին մէջ եւ անոնց հիման վրայ կը շահի կեանքի փորձ, այլ խօսքով՝ կը ստանայ անոնց փոխադարձ արձագանգը՝ որպէս լաւ կամ որպէս վատ: Կեանքի փորձով է, որ մարդ աւելիով կը զգայ բարոյական սկզբունքներու կարեւորութիւնը, որովհետեւ կեանքին մէջ է, որ կը ստանայ անոնց փոխադարձ արձագանգը։ Փորձութիւնները, կարիքը, կորուստը, անարդարութիւնն ու վատութիւնը պատճառ կ՚ըլլան, որ անհատը աւելիով սիրէ արդարութիւնը, սիրէ բարին, որովհետեւ աւելիով կը սկսի հասկնալ բարոյական սկզբունքներէն հեռու ապրելու ազդեցութիւնը, եթէ ոչ իր՝ ապա այլոց կեանքին վրայ: Օրինակի համար՝ աղքատութիւն ապրող անձ մը աղքատներու օգնելու մէջ շատ աւելի նրբանկատ կ՚ըլլայ եւ այդ մէկը իր սկզբունքներէն մէկուն կը վերածէ՝ որովհետեւ լաւապէս գիտէ այդ զգացողութիւնը եւ, հետեւաբար, փորձը բարոյական սկզբունք մը աւելիով իր մէջ ամրացնելու պատճառ կը դառնայ:
Մարդկային կեանքի մէջ մեր ապրածները՝ սէր, ցաւ, ուրախութիւն եւ ամէն տեսակ երեւոյթ, ինքնին բարոյական սկզբունք մըն է. բոլոր ուսուցումներն ու կեանքի անհատական փորձը կը կազմեն մարդու խիղճը, որ հայելին է բարոյական սկզբունքներուն, որովհետեւ եթէ երեւոյթի մը հանդէպ մարդ բարոյական սկզբունք չունի, ինքզինք պարտաւորուած չի զգար, բնականաբար խղճի խայթ եւս պիտի չզգայ:
Բարոյական սկզբունքը ուսումի պէս է. որոշ գիտելիքներ կը սորվինք դպրոցէն կամ համալսարանէն ներս, սակայն, փորձով կը կատարելագործենք։ Նոյնն է բարոյական սկզբունքները, որոնք այս օրերուն ցաւալի վիճակ մը կը պարզեն. եթէ ամբողջ աշխարհը ունենար բարոյական սկզբունքներ, բնականաբար կ՚ունենար նաեւ խիղճ եւ եթէ ունենար խիղճ՝ այսքան չարութիւններ տեղ չէին գտներ այս տիեզերքին մէջ:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Բարիին չարով հակադարձեցին. ի՞նչ պէտք է ընել:
Պատասխան. Եթէ բարիին չարով հակադարձեցին, ամենէն առաջ պէտք չէ զայրանալ եւ կամ վրէժխնդիր ըլլալ ուզել: Փոխարէնը պէտք է պահել հանգստութիւնը ու տիրապետել անձին, որպէսզի կարենաս աւելի յստակ վերլուծել ու հասկնալ վիճակն ու շարժառիթները: Երբեմն լռութիւնն ու ներողամտութիւնը շատ աւելի զօրաւոր զէնքեր են, քան պատասխանելն ու հակադարձելը: Բայց, եթէ անարդարութեան դէմ պէտք է կանգնիլ, պէտք է ընել խելամտօրէն եւ արժանապատուութեամբ՝ չիջնելով այն մակարդակին, որով քեզի վնասած են:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան