ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՕՐԷՆՔԸ

Հոգեւոր կեանքը շիտակ դիմաւորելու եւ անոր մէջ յառաջանալու, հաստատուելու, աճելու եւ պտղաբերելու համար մարդ պարտի իր ներքին հոգեւոր մարդուն համար եւս կիրարկել նոյն օրէնքները՝ զորս նկատելի են եւ անհրաժեշտ ֆիզիքական-մարմնական կեանքին համար։ Առօրեայ հարկադրիչ եւ պարտաւորիչ օրէնքներն են՝ նախ, կեանք ունենալ, ծնանիլ, վերստին ծնունդ, յետոյ՝ շնչառութիւն, հաւատք, երրորդ՝ գիրկ կամ օրօրոց, աստուածային ներկայութիւն եւ եկեղեցւոյ փարախը. չորրորդ՝ սնունդ, Աստուծոյ խօսքը, հինգերորդ՝ ջուր, աղօթք, վեցերորդ քնանալ եւ վստահելով սպասել եւ վերջապէս՝ շարժում, գործել, աշխատիլ, այսինքն՝ գործնական կեանք։

Արդարեւ, մարդուն համար ամէն ինչ նախապատրաստուած, այսինքն՝ ծրագրուած ըլլայ ալ, որուն ոմանք «ճակատագիր» կ՚ըսեն, մարդ առանց ծնանելու ո՛չ կրնայ ապրիլ եւ ոչ ալ կրայ կեանքը ապրիլ, վայելել զայն։ Արդարեւ, «կեանքը ապրիլ» եւ «կեանքը վայելել» թէեւ մերձիմաստ, բայց երբեք նոյն բաները չե՛ն։

Նոյնպէս՝ հոգեւոր կեանքի բոլոր օրէնքները գիտնալ առանց վերստին ծնունդի անօգուտ է։ Ասոր համար է, որ Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ». (ՅՈՎՀ. Գ 3)։ Ուստի, Աստուծոյ կամքը այն է, որ ամէն անձ նորէն ծնի։ Միայն թէ ինչպէս Մարիամ Բարձրեալին հովանիին եւ Սուրբ Հոգիին հովանաւորութեան ներքեւ ապաստանեցաւ, նոյնպէս պէտք է իւրաքանչիւր անհատ Աստուածային ներկայութեան մէջ մտնէ, որպէսզի կեանքը սկսի։ Այս իմաստով, «վերստին ծնունդ»ը՝ հոգիին Աստուծոյ հետ միանալն է՝ սրտին Քրիստոսի բացուիլը եւ մարդուս հոգիին Սուրբ Հոգիին հետ շփման գալը։

Վերստին ծնունդը՝ Հօրը սիրոյն, Որդւոյն արեան եւ Սուրբ Հոգւոյն կեանքին մարդուն փոխանցումն է։ Ասիկա անիմանալի, անբացատրելի խորհուրդ մըն է, սակայն իւրաքանչիւր անհատի համար կարելի քայլ մըն է։ Այս աշխարհի վրայ ամէն անհատ այս վիճակը ստանալու է, որովհետեւ անկարելի է ստանալ մահէն վերջ։

Գալով շնչառութեան. շնչառութիւնը միասին կը սկսի մարդուս ծննդեան հետ եւ գիշեր-ցերեկ կը շարունակէ ցվերջ։ Մարմնոյն միւս բոլոր անդամները կրնան գործելէ դադրիլ եւ հանգչիլ, սակայն սրտին բաբախումը եւ շնչառութիւնը բնաւ չեն կրնար դադրիլ։ Ասոնց դադարումը մա՛հ կը նշանակէ։

Նոյնպէս հաւատքը կեանքի հետ կը սկսի եւ ամէն ատեն պէտք է շնչառութեան պէս, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Արդարը, հաւատքէն պիտի ապրի». (ԵԲՐ. Ժ 38)։ Ուստի հաւատքը անհրաժեշտ է կեանքի, փրկութեան, բժշկութեան եւ օրհնութեան համար։ Ինչպէս նաեւ պտուղի, պարգեւի եւ յաղթութեան համար, անցեալի, ներկայի եւ գալիքի համար, կեանքի ամէն պարագայի մէջ, ամէն ատեն եւ ամէն տեղ։

Ինչպէս շնչառութեամբ ապականած օդը կ՚արտաշնչենք եւ մաքուր օդ կը ներշնչենք, նո՛յնպէս հաւատքը մեր մէջի ապականութիւնը արտաքսելով Յիսուսի նոր կեանքը մեզի կը ներմուծէ եւ ամէն օր մեզ կը նորոգէ։

Եւ երբ «նորոգել»ու մասին է խօսքը, կը մտաբերենք սա իրողութիւնը, թէ՝ ամէն նորոգութիւն անցեալի հետքերը սրբել կը նշանակէ։ Արդարեւ, կարելի՞ է անցեալը փոխել։ Երբ «հին»ը կը «նորոգենք», ասիկա անցեալը նորոգել, կամ «փոխել» չի՞ նշանակեր։ Այս հարցը կու տանք, քանի որ ոմանք, չըսելու համար թերահաւատներ, կասկածոտներ կ՚ըսեն, թէ՝ Աստուած թէեւ ամենակարող է, ամէն ինչ կրնայ ընել, բայց «չի՛ կրնար անցեալը փոխել…»։ Իրապէս, Աստուած չի՞ կրնար փոխել անցեալը։ Այս հարցումին պատասխանը կը գտնենք Եսայի մարգարէի մարգարէութեան մէջ՝ ուր կ՚ըսէ. «Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան ըլլայ թէ Տէրը այս իր ըսած խօսքը պիտի կատարէ.- ահա ստուերը Աքասին արեւու ժամացոյցին վրայ իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ պիտի դարձնեմ, եւ արեւը իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ դարձաւ». (ԵՍ. ԼԸ 7-8)։ Արդարեւ, ամենակարողութիւնը բացարձակ է Աստուծոյ. հաստատ, աներկբայ զօրաւոր հաւատքը Աստուծոյ ամենակարողութեան մասին որեւէ կասկած չ՚ընդունիր։ Ուստի, Աստուած տէրն է ապագային եւ ներկային, նաեւ՝ անցեալին։ Արդէն Աստուած միշտ ներկա՛յ է եւ այս պատճառով Ան միշտ «Է»։ Եւ այս կը նշանակէ, որ Աստուծոյ համար որեւէ տարբերութիւն չունին անցեալը եւ ապագան, քանի որ անոնք միշտ ներկայ են Անոր համար, եւ ուրեմն Աստուած բացարձակապէս տէ՛րն է անցեալին, եւ կրնա՛յ փոխել, նորոգել զայն, բայց մարդկային միտքը եւ մարմնաւոր աչքը կարող չէ զայն հասկնալ եւ տեսնել։ Սակայն չհասկնալ, չմբռնել եւ չտեսնել չի՛ նշանակեր որ ճշմարտութիւն չէ այդ երեւոյթը, շիլ աչքը չի՛ փոխեր ճշմարտութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 28, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025