ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
«Բայց նաեւ առիթ տուր մտածելու թռչուններու խորհրդաւորութեան, արեւի տակ գտնուող մեղուներու եւ կանաչ բլուրին վրայ գտնուող ծաղիկներուն մասին». այս խնդրանքը հաւասարակշռութեան մը խնդրանք է՝ իրապաշտին եւ վերացականին միջեւ: Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը գիրքէն դուրս, ուշադրութիւն դարձնէ նաեւ դուրսի աշխարհին, բնութեան, որովհետեւ բնութիւնը մտաւոր, զգացմունքային, ստեղծագործական եւ բարոյական զարգացում կը յառաջացնէ մարդուն մէջ: Բնութիւնը մարդուն մէջ կը զարգացնէ բանաստեղծական ոգին եւ զգացական որոշ նրբութիւն մը կու տայ անոր եւ այս մէկը կարելի չէ բնութագրել որպէս սովորական հետաքրքրութիւն. այս մէկը գիտակցուած է, որովհետեւ մարդ իր շատ մը հարցերուն պատասխանը կը փորձէ ստանալ բնութենէն եւ հետեւաբար բնութեան վրայ կեդրոնացած ըլլալը շատ մը հարցերու պատասխանն ու որոշ անորոշութեանց իմաստը փնտռել կը նշանակէ:
Մանկական տարիքին համար շատ մը անհասկնալի հարցեր տալը կը նպաստէ, որպէսզի հետաքրքրուին, կարդան եւ գիտութեան հանդէպ սէր մը ունենան. օրինակի համար՝ իւրաքանչիւր մանուկի համար վստահաբար զարմանք եղած է, թէ ինչպէ՞ս թռչունները կը թռչին եւ այդ մէկը խորհրդաւոր բան մը կը պահէ իր մէջ: Յառաջադէմ կը տեսնենք ուսուցիչներ եւ ծնողներ, որոնք կ՚ուզեն աշակերտներու ուշադրութիւնը թռչուններէն բերել դասագիրքին եւ առանց գիտակցելու աշակերտը գիրքին գերին կը դարձնեն, մինչ Լինքըն կ՚ուզէ, որ ինչպէս ամէն պարագայի, այստեղ եւս իր զաւակը կարենայ հաւասարակշռել այդ բոլորը: Այնպէս ինչպէ թռչունին թռչիլը, նոյնպէս ալ սեփական գոյութիւնը որոշ հարցումներ պիտի տայ մանուկին. այդ բոլորէն բացի այդ երեւոյթները իր մէջ պիտի ստեղծեն բարոյական նրբութիւն մը. օրինակի համար՝ պիտի սորվի, որ թռչունը ազատութիւն ու ձգտում կը խորհրդանշէ. պէտք է աշակերտը տեսնէ, թէ ինչպէ՞ս թռչունը իր սաւառնելու առաջին փորձերը կ՚ընէ. կը վախնայ, կը փորձէ ու կը ձախողի, անգամ մըն ալ կը փորձէ, եւ առաջին մի քանի վայրկեանը կաղալէ ետք կը սկսի թռչիլ. մանուկը պէտք է իր կեանքի օրինակը վերցնէ այդ թռչունէն. պիտի վախնայ, պիտի ձախողի՝ սակայն երբեք պիտի չյուսահատի: Թռչունը մինչեւ իր սաւառնելու օրը կը դիտէ իր մեծերը, կը դիտէ իր մայրը, սակայն, ճշմարիտ թռչիլը փորձով է, որ կը սորվի: Նոյնն է նաեւ մարդու պարագային. մենք մեր ծնողներէն ու ուսուցիչներէն կեանքին ինչ ըլլալը կը լսենք, կը տեսնենք, սակայն, ճշմարիտ կեանքը սեփական փորձով կը սորվինք:
Մանուկը պէտք է օրինակ վերցնէ նաեւ մեղուներէն, որոնք կ՚աշխատին նպատակի մը համար. «արեւի տակ» արտայայտութիւնը կը խորհրդանշէ մեղուներու տքնաճան աշխատանքը. անոնք ամէն պայմաններու տակ կ՚աշխատին, որպէսզի արդիւնք տան, մեղր արտադրեն: Դժուարութիւնները եւ կամ արեւին սաստկութիւնը պատճառ չ՚ըլլար ծուլութեան: Մեղուները ճանչցուած են որպէս կազմակերպուած աշխատողներ, ուր ամէն մէկը իր յստակ դերը ունի: Հասարակութեան համար մեծագոյն օրինակն են անոնք մարդկային կեանքը կազմակերպելու համար. հասարակ մեղուն թագուհիին չի՛ նախանձիր եւ չ՚ուզեր անոր դերը ստանձնել. ամէն մեղու ունի իր պաշտօնի «գիտակցութիւն»ը եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լաւագոյնը ընելու համար: Մեղուն լաւագոյն օրինակն է հասկնալու համար, որ իւրաքանչիւր անհատ, ինչքան ան աննշմար դեր ունենայ հասարակութեան, մէջ կրնայ իր նպաստը բերել ընդհանուր նպատակի մը համար:
Կանաչ բլուրի ծաղիկները մանուկին մէջ կը զարգացնեն գեղագիտական ճաշակը եւ կեանքի ճշմարտութեան մասին կը խօսին. ծաղիկները ծնունդ կ՚առնեն, կը գեղեցկացնեն բլուրը եւ ժամանակ մը ետք բնութեան պայմաններու բերումով կ՚անհետանան: Նոյնն է մարդ արարածի կեանքը՝ իր պատանեկան, երիտասարդական եւ ծերութեան փուլերով:
Մարդկային կեանքը վերլուծելէ առաջ պէտք է դիտել, զգալ ու ապրիլ եւ Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը լոկ գիրքին մէջէն չճանչնայ աշխարհը, այլ իր սեփական աչքերով զայն ուսումնասիրելու առիթ ունենայ: Մանուկը աշխարհը պէտք է դիտէ՛. այստեղ կ՚ուզենք յստակ տարբերութիւն մը դնել տեսնելուն եւ դիտելուն միջեւ, որովհետեւ դիտելը ըմբռնելու, զարմանալու եւ զարգանալու ընթացք մըն է: Դիտելով մանուկը կը սկսի նկատել նոյնիսկ մանրուքները եւ նկատել բաներ, որոնք նորութիւն են իրեն համար: Մանուկը դիտելով պէտք է զարմանայ, պէտք է հարցեր տայ, որովհետեւ մարդ կը զարգանայ իր հարցերուն պատասխան փնտռելու ճամբուն մէջ. հին փիլիսոփայութիւնը զարգացած է հարցումներու վրայ, որովհետեւ մարդ ուզած է պատասխան գտնել իր հարցումներուն: Մենք որպէս մեծահասակներ շատ անգամ, ցաւ ի սիրտ, կարեւորութիւն չենք տար անոնց հարցումներուն, առանց նկատելու, որ անպատասխան հարցերը դրական ո՛չ մէկ երեւոյթ յառաջ կը բերեն անոնց կեանքէն ներս: Պէտք է արտօնել, որպէսզի անոնք հարցեր տան.... բազմատեսակ հարցեր, որովհետեւ այդ հարցերու պատասխանը զարգացում ու գիտելիք է եւ ո՛չ սովորական հետաքրքրութիւն մը:
Դիտելով, տեսնելով եւ հարցումներուն պատասխանները գտնելով է, որ մանուկը պիտի սորվի, թէ ինչպէ՞ս մարդ կը դառնայ. այդպէս է, որ իմաստ եւ որակ կը ստանայ կեանքը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Պէ՞տք է նեղանալ, երբ մանուկները շատ հարցում հարցնեն:
Պատասխան. Երբ մանուկները շատ հարցեր տան, պէտք չէ նեղանալ, որովհետեւ այդ մէկը նշան է հետաքրքրութեան, մտածելու կարողութեան եւ աշխարհը ճանչնալու ձգտումի: Անոնց հարցերը յաճախ տարօրինակ կրնայ թուիլ մեծահասակներուն, բայց մանուկի մը համար անոնք բացայայտումի ուղիներ են: Երբ մենք համբերատար ձեւով պատասխանենք՝ օգնած կ՚ըլլանք, որպէսզի անոնք ճանչնան աշխարհը. այդ ձեւով կ՚ամրապնդուի անոնց ինքնավստահութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան