ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Ա.)
Մարդկային կեանքին մէջ իւրաքանչիւր դարաշրջան կ՚ունենայ ու կը ձեւաւորէ յարաբերութիւններու շուրջ իր կանոնները. մարդկային այս կապին ու յարաբերութեան վրայ բնականաբար կ՚ազդեն մշակութային արժէքներու, ինչպէս նաեւ մտածելակերպի փոփոխութիւնները, փոխելով հասարակութեան սպասումներն ու յարաբերութեան շուրջ մարդոց ունեցած գաղափարները: Այնպէս, ինչպէս այսօրուան մարդկային յարաբերութիւններն ու սպասումները նոյնը չեն երէկուան հասկացողութիւններուն, նոյնպէս վաղուանը նոյնը պիտի չըլլայ ապագայինին եւ այսպէս ամէն ժամանակաշրջան պիտի ունենայ իր սեփական համոզումները՝ իր դրական ու բացասական կողմերով:
Մարդկութիւնը դարեր շարունակ փորձած է ուսումնասիրել մարդկային յարաբերութիւնը՝ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է մարդուն իր նմանին հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւնը, հասկացողութիւնն ու մօտեցումը, սակայն անոր մէջ իր յատուկ ու կեդրոնական տեղը գտած է զաւակ-ծնողք յարաբերութիւնը, որ եղած է շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ, քան ընդհանուրը: Դարեր շարունակ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը ունեցած է իր զարգացումը եւ տարբեր համոզումները. Օրինակ՝ եթէ աչք մը նետենք պատմութեան, պիտի տեսնենք, որ դարաւոր անցեալին զաւակ ու ծնողք յարաբերութիւնը ընդհանրապէս հիմնուած էր գոյատեւման եւ սերունդ ապահովելու վրայ. ի տարբերութիւն այսօրուան, այդտեղ գրեթէ բացակայ եղած է յուզական կապը: Այստեղ առկայ էր գոյատեւման կարեւոր հարցը, այդ իսկ պատճառով զաւակը կը դիտուէր որպէս ընտանեկան ծառը շարունակող եւ ընտանիքին ապագան ապահովող ուժ, այդ իսկ պատճառով հին քաղաքակրթութեան մէջ զաւակները հօր իշխանութեան տակ էին. հայրը ունէր անոնց ճակատագիրը որոշելու իշխանութիւն. զաւակներ պարտաւոր էին զոհել իրենց անձնական ցանկութիւնները եւ հնազանդէին իրենց ծնողներուն: Ժամանակի ընթացքին այս մէկը եւս որոշ զարգացում ապրեցաւ եւ միջնադարին ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը հիմնուեցաւ ընկերային եւ տնտեսական զարգացման շուրջ. զաւակը ուժ մըն էր, որ կրնար իր ներդրումը ունենալ ընտանեկան կեանքէն ներս, օգնելով կատարուող աշխատանքներուն եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնելով ընտանիքին։ Այդ իսկ պատճառով հին ժամանակ ընտանիքները աւելի բազմանդամ էին՝ մա՛նաւանդ գիւղացի ընտանիքները, որովհետեւ զաւակը պէտք է դաշտերուն մէջ աշխատէր եւ զանազան արհեստներու տիրապետէր՝ տնտեսապէս նեցուկ ըլլալու համար ընտանիքին. իսկ նիւթապէս աւելի հարուստ ընտանիքներու համար զաւակները միջոց էին որոշ համաձայնութիւններու. Օրինակ՝ մեծ վաճառական մը իր զաւակը կ՚ամուսնացնէր այլ վաճառականի մը զաւակին հետ, որոշ տնտեսական ու վաճառական շահեր ապահովելու նպատակով: Երկու պարագաներուն ալ զաւակը կը ծառայէր ընտանիքին տնտեսապէս նեցուկ կանգնելու:
Հին ժամանակ ապրող մարդու ընտանեկան յարաբերութիւնները սերտելու լաւագոյն միջոցը Հին կտակարանն է, որ յստակ հայելին է հին քաղաքակրթութեան: Եթէ լաւապէս սերտենք Աստուածաշունչը, պիտի տեսնենք, որ ընտանիքներու մէջ յաճախ եղած են բախումներ ու կռիւներ։ Եղբայրներ յաճախ իրարու հանդէպ ունեցած են մրցակցութեան ոգի. օրինակի համար՝ Աստուածաշունչի առաջին էջերուն մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Կայէն կը նախանձի իր եղբօր Աբէլին (Հմմտ. Ծննդոց 4:1-16). Աստուած աւելի առաջնահերթ ու ընտիր կը նկատէ Աբէլի ընծան, ինչ որ նախանձութիւն կը ստեղծէ Կայէնի մօտ, որուն որպէս հետեւանք կը սպաննէ Աբէլը, հիմքը դնելով ընտանեկան վէճերուն: Կայէնի եւ Աբէլի դրուագէն բացի, բազմաթիւ հակառակութիւններ կը տեսնենք Աստուածաշունչին մէջ. օրինակ՝ Յակոբի եւ Եսաւի պատմութիւնը (հմմտ. Ծննդոց 25:19-34). Յակոբ կը խաբէ իր հայրը՝ Իսահակը եւ կը ստանայ Եսաւին պահուած օրհնութիւնը: Այս երկու դէպքերուն կողքին, կարելի է յիշել նաեւ Յովսէփի եւ իր եղբայրներուն միջեւ եղած հակառակութիւնները (հմմտ. Ծննդոց 37-50)։ Կը տեսնենք, թէ ինչպէս Յովսէփ ստրկութեան կը տրուի իր եղբայրներուն կողմէ, դարձեալ նախանձի պատճառով:
Այս հակառակութիւններուն կողքին Աստուածաշունչի մէջ բազմիցս տեղ կը գտնեն զաւակ-ծնողք յարաբերութիւնը. անոնցմէ ամենէն վառ օրինակներէն մէկն է Աբրահամն ու Իսահակը. Աստուած Աբրահամը փորձել ուզելով կը խնդրէ Աբրահամէն իր որդին զոհաբերել՝ որպէս հնազանդութեան ապացոյց եւ այդ վստահութեան որպէս ապացոյց է որ Իսահակ փրկուեցաւ (հմմտ. Ծննդոց 22:1-19): Տարօրինակ է սակայն, որ Աստուածաշունչի մէջ յաճախ կը հանդիպինք ընտանեկան խնդիրներու եւ բախումներու. Աբէլէն ու Կայէնէն սկսեալ, Յակոբն ու Եսաւէն մինչեւ Դաւիթ եւ Աբիսողոմ, միշտ կը տեսնենք որոշ ընտանեկան խնդիրներ. օրինակի համար՝ Աբիսողոմ կ՚ապստամբի իր հօր Դաւիթի դէմ, ինչ որ կ՚ունենայ ողբերգական աւարտ՝ Աբիսողոմ կը մահանայ:
Այս խնդիրներուն կողքին, կարդալով Հին կտակարանը կրնանք որոշ համոզում մը ունենալ հին ժամանակաշրջանի ամուսնական կեանքին վերաբերեալ։ Հին կտակարանի մէջ ամուսնութիւնը կը դիտուէր որպէս ընկերային եւ կրօնական հաստատութիւն. այդտեղ ամուսնութիւնը ունէր հիմնական մի քանի պատճառներ ու նպատակներ.
Ա.- Ծննդաբերութիւն ու սերունդներու ապահովում. Աստուած Աստուածաշունչի առաջին իսկ էջերուն մէջ Ադամի եւ Եւայի ուղղելով իր խօսքը՝ կ՚ըսէ. «Աճեցէ՛ք եւ բազմացէք» եւ այսպիսով. Աստուածաշունչին մէջ ընտանիքի որպէս առաջին նպատակ Աստուած կը ճշդէ պտղաբերութիւնն ու շատանալը, ինչ որ Աստուծոյ ծրագիրին մաս կը կազմէ: Պտղաբերութեան ճամբով է, որ պիտի բազմանար մարդկութիւնը եւ ստեղծէր կեանքի շարունակութեան Աստուածային նախագիծը, որով պիտի գոյատեւէր մարդկութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Բազմակնութիւնը ճի՞շդ է, թէ սխալ։
Պատասխան. Բազմակնութեան ճիշդ կամ սխալ ըլլալը կախեալ է մշակութային, իրաւական եւ անհատական համոզումներէ. որոշ մշակոյթներու մէջ այդ մէկը ամուսնութեան օրինական ձեւ է եւ արմատաւորուած է աւանդական եւ կրօնական համոզումներով: Ժամանակակից մարդոց համար այդ մէկը կրնայ նկատուիլ խնդրայարոյց, յատկապէս սեռային հաւասարութեան պատճառով: Բազմակնութեան ճիշդ կամ սխալ ըլլալը կախեալ է անհատի համոզումներէն, ինչպէս նաեւ իր հաւատացած արժէքներէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան