ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՍՊԵ՞Լ Է
Իրականութեան մէջ բոլոր այն առարկութիւնները, որոնք կը հերքեն Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը՝ անիմաստ ու այնքան ալ համոզիչ փաստարկներ չեն. օրինակի համար, Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը հերքող հեղինակը՝ Փիէռ Պէյլի կը խօսի Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան մասին եւ այդտեղ դարձեալ ժամանակագրական հարցեր կը բարձրացնէ. օրինակի համար, Մարկոսի Աւետարանը կ՚ըսէ, թէ Յիսուս մահացաւ «իններորդ ժամուն», սակայն, միւս աւետարանները ժամի եւ ժամանակամիջոցի մասին բան չեն յայտներ։ Յովհաննէս կը յիշէ, որ Պասեքի նախօրէին կը դատուի Քրիստոս, սակայն, ի տարբերութիւն ժամանակաշրջանի, բոլոր աւետարաններն ալ կը յիշեն, թէ խաչելութիւնը տեղի ունեցած է ուրբաթ օրով:
Պահ մը պատկերացնենք, որ աւետարանները ամբողջութեամբ տարբեր թուականներ ու ժամանակաշրջաններ յայտնած ըլլան, այդ մէկը բաւարա՞ր է Քրիստոսի գոյութիւնը հարցականի տակ դնելու։ Բոլոր այն խնդիրները, որոնք ժամանակաշրջանի եւ թուականներու հետ աղերս ունին, որպէս պատճառ ունին Քրիստոսի առաքելութենէն տասնեակ տարիներ ետք գրի առնուիլը, որովհետեւ աւետարաններուն հիմնական պատճառը ո՛չ թէ Քրիստոսի ապրած ժամանակաշրջանը ներկայացնել է, այլ անոր Աստուածութեան ու առաքելութեան վրայ շեշտը դնել։ Աւետարանները պատմագրութիւններ չեն, որպէսզի թուականներուն եւ ժամանակաշրջանին մանրամասն ուշադրութիւն դարձնեն:
Եթէ փորձենք իրարու քով բերել հայ պատմիչները՝ որոնք գրած են նոյն ժամանակաշրջանի մասին, պիտի տեսնենք ժամանակագրութեան տարբերութիւններ. օրինակի համար, եթէ Խորենացի եւ Փաւստոս նոյն անձին մասին տարբեր ժամանակաշրջաններով խօսած ու գրած ըլլան՝ կը նշանակէ՞, որ հարցականի տակ պէտք է դնել անձին գոյութիւնը. իւրաքանչիւր պատմաբան, իւրաքանչիւր գիրք ու գրող ունին տարբեր շեշտադրումներ, նպատակներ, լսարաններ եւ հետեւաբար այդ տարբերութիւնները անձի մը գոյութիւնը հերքելու համար բաւարար փաստեր չեն:
Ի դէպ ըսենք, որ աւետարանիչներու ժամանակագրական տարբերութիւնները ո՛չ թէ Քրիստոսի գոյութիւնը հերքելու, այլ ընդհակառակն փաստելու լաւագոյն առիթներէն են։ Եթէ աւետարանիչները «սուտ» ըլլային եւ ուզէին ստեղծել կերպար մը, որ իրականութեան մէջ գոյութիւն չէ ունեցած, մտածին կերպարին գոյութիւնը ամրապնդելու համար կրնային համաձայնելով նոյն թուականի եւ նոյն ժամանակաշրջանի մասին բաներ գրել։ Այդ պարագային Մատթէոսը տարբեր նկարագրութիւն եւ Մարկոսը տարբեր նկարագրութիւն չէին ըներ։ Յիսուսի Աստուածութիւնը փաստելու համար Մատթէոս եւս կը պատմէր այն հրաշագործութիւնները, որոնք Յովհաննէսի մէջ կան եւ Մատթէոսին մէջ չկան: Առասպելներն ու ժողովրդական աւանդութիւնները մեզի գրեթէ հասած են միատեսակ. նոյն այդ միատեսակ կերպար մը ստեղծելու համոզումով՝ աւետարանիչները կրնային նոյնը գրել. հետեւաբար, տարբերութիւնները եւս փաստ են, որ անոնք չեն փորձած արհեստականացնել եւ համաձայնեցնել պատմութիւնները՝ պարզապէս որ «ժողովուրդը համոզեն»:
Ի դէպ, եթէ ժամանակագրութեամբ Յիսուսի անձը եւ այս պարագային խաչելութիւնը պիտի հերքուի, ըսենք, որ աւետարաններէն բացի այլ աղբիւրներ, ինչպէս՝ Հովսէփոսը, Տակիտոսը եւ այլ պատմիչներ իրենց պատմագրութեան մէջ յիշած են Յիսուս անունով մեղաւոր մը՝ որ խաչ բարձրացած է:
Ժամանակագրական տարբերութիւնները, անշուշտ, ունին նաեւ խորհրդանշական իմաստ. օրինակի համար, Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ խաչելութեան Պասեքի նախօրեակին ըլլալուն մասին շատ կը կարդանք. այստեղ կայ խորհրդանշական իմաստ մը. Յովհաննէս աւետարանիչ Յիսուսը կը փորձէ ներկայացնել որպէս Պասեքի գառ՝ որ կը զոհաբերուի: Այս մէկը հեղինակին համոզումներն ու պատկերացումներուն ապացոյցն են եւ Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը հարցականի տակ դնելու համար տրամաբանական հիմք չեն հանդիսանար:
Նոյն այս համոզումով նկատի ունենանք Ալեքսանդր Մակեդոնացին. անոր կեանքը ներկայացնող աղբիւրները հիմնականին մէջ գրուած են անոր մահէն 300-400 տարիներ ետք։ Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք, որ անոր կեանքը ներկայացնող պատմիչները, ինչպէս՝ Պլուտարքոս, Արիանոս, Կուրտիոս եւ ուրիշներ, պատերազմներու տարբեր թուականներ կը յիշեն. անոնք նոյնիսկ կը խառնեն պատերազմներու հերթականութիւնը. օրինակի համար, նոյն ճակատամարտին մասին երկու պատմիչներ կը ներկայացնեն, որ Մակեդոնացիի բանակը պարտուած եւ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին, սակայն, միւս պատմիչը ամբողջութեամբ հակառակ՝ կը ներկայացնէ յաղթած Մակեդոնացի մը. մին ճակատամարտի թուական կը յիշէ 331-ը, իսկ այլ աղբիւր մը ամբողջութեամբ տարբեր թուական մը. հետեւաբար, թուականներու անհամատեղելիութեան պատճառով հարցականի տակ դնե՞նք Մակեդոնացիի գոյութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Յեղափոխութիւնը դաւանանք մըն է, կրօնք մըն է, եւ այն միակ կրօնքը, որուն միշտ կոյր ու մոլեռանդ պաշտումով պիտի երկրպագէ մարդկութիւնը, եւ որուն մէջ դարերու ընթացքը, զարգացումը, քաղաքակրթութիւնը, նորանոր գիւտերը բան մը չպիտի կրնան փոխել: Անիկա պիտի մնայ յաւիտենական նորը, մի՛շտ ճշմարիտը միշտ ստիպողականը, միակ տիեզերականը:
ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան