ՇԱՊԻԿ ՓՈԽԵԼԸ ԱՒԵԼԻ ԴԺՈՒԱՐ Է՝ ՔԱՆ ԿԻՆ ՓՈԽԵԼԸ

Կան բացասական երեւոյթներ, որոնց արմատը պէտք է հինին մէջ փնտռել ու գտնել, որովհետեւ բացասական երեւոյթները մէկ օրուան մէջ չյայտնուեցան մեր մէջ։ Անոնց ծնունդ առին, սկզբնական շրջանին քննադատուեցան, ժամանակի ընթացքին յաջողեցան «պարզ» ու «բնական» երեւոյթ ստանալ եւ հիւանդութեան մը պէս կամաց կամաց սկսան տարածուիլ։ Անոնք, որոնք սկզբնական ժամանակ քննադատեցին այս կամ այն երեւոյթը, վերջաւորութեան գերին դարձեան նոյն այդ երեւոյթին: Շատ մը երեւոյթներ սկիզբ առին «զարգացած» երկիրներու մէջ. ինչպէս՝ Ամերիկա կամ Եւրոպա եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու կողմէ անընդունելի նկատուեցան, սակայն, ժամանակի ընթացքին անընդունելին դարձաւ ընդունելի եւ այսպէս կամաց կամաց տարածում գտաւ չարը: Վատը տարածում գտաւ՝ որովհետեւ ժամանակին ժողովուրդը չկրցաւ առաջքը առնել այդ բոլորին: 

Ահաւասիկ, այդ երեւոյթներէն մէկը. այս գրութիւնը կը կարդանք մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Կեսուր» հանդէսին մէջ։ Հրատարակութիւնը իր 4 նոյեմբեր 1926-ի թիւին 309-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Շապիկ փոխելը աւելի դժուար է մեզի համար, որչափ կին կամ ամուսին փոխելը դիւրացաւ Կարմիր Ռուսիոյ մէջ: Կը բաւէ որ ճամբան, թատրոնը, ոեւէ տեղ պարոն մը ու օրիորդ մը մէկզմէկ հաւնին, արդէն իսկ այր ու կին դառնան, նշանախօսութեան պայմանագրական շրջանը չկայ՝ զիրար ուսումնասիրելու համար, այլ մէկ կողմէ կը կենակցին՝ միւս կողմէ զիրար կը ճանչնան խորապէս...: Իրարու հանդիպելէ եւ իրարու հանդէպ զգացած համակրութիւնը յայտնելէ վերջ թեւ թեւի ուղղակի կ՚երթան այն տունը՝ ուր հարս կամ փեսայ պիտի գան: Եւ այս միութիւնը ելեկտրական հոսանքի մը արագութեամբ տեղի կ՚ունենայ, ոչ իսկ տունինները տեղեկութիւն կ՚ունենան»: 

Այո, անցեալին շատ դժուար էր ամուսնութիւնը. շատեր կը բողոքէին, սակայն այդ դժուարութիւնը իր հետ կը բերէր նաեւ դժուարութիւն՝ բաժանումի, որովհետեւ այնպէս ինչպէս շուտ ձեռք բերուած դրամը, նոյնպէս ալ շուտ ու դիւրաւ կնքուած ամուսնութիւն մը դիւրաւ կարելի էր լուծարել՝ ինչպէս հիմա: Դիւրութիւնը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ իրողութիւն մը կորսնցնէ իր արժէքը. օրինակ վերցուցէք մետաղները. այն մետաղը, որ շուտ եւ աւելի դիւրաւ կը յայտնաբերուի՝ շատ աւելի աժան կ՚ըլլայ քան դժուարը՝ որ սուղ արժէք ունի իր դժուարութեան եւ սակաւութեան պատճառով: Այդ դիւրութիւնը բնականաբար արագութիւն կը ստեղծէ եւ արագութեան ու դրութեան մէջ կը կորսուի սրբութիւնը եւ ամուսնութիւնը, պսակը սրբազան կապ ըլլալէ աւելի կը դառնայ սովորական «ընկերութիւն» մը. զոյգերը դիւրութեամբ կը մտնեն ամուսնական կեանք եւ նոյն դիւրութեամբ ալ դուրս կու գան՝ մանաւանդ երբ հասարակութեան կողմէ այդ մէկը կը սկսի դիտուիլ որպէս պարզ ու բնական: Այս բոլորին արդիւնքը կ՚ըլլայ հետեւեալը. ընտանիքը կը կորսնցնէ իր սրբութեան հասկացողութիւնը եւ կը դադրի հասարակութեան ամուր հիմք ըլլալէ: Այս բոլորը բնականաբար կողմերուն մօտ կը ստեղծէ պատասխանատուութեան պակաս: Ընտանիքը դարեր շարունակ եղած է հասարակութեան հիմքը եւ հետեւաբար անոր արժեզրկումը, նուաստացումը վտանգ մըն է ամբողջ հասարակութեան: 

Հաւատացէք, որ մօտաւորապէս երկու տասնամեակ առաջ այս երեւոյթները մեզի համար եւս տարօրինակ ու արտասովոր էին, սակայն, ժամանակը պատճառ դարձաւ, որ կամաց կամաց այս բոլորը ընկալենք որպէս բնական. մենք սրբազան արժէքները պահելու, սրբութեան հանդէպ գիտակցութիւնը պահպանելու փոխարէն յաղթուեցանք ու կամաց կամաց դարձանք այն համոզումին, որ այս բոլորը «բնական» ու մարդկային են։ Միջին Արեւելքի մէջ ոչ տակաւին այնքան, սակայն մեր հայրենիքին մէջ այդ մէկը արդէն դարձած է պարզ ու սովորական։ Հայաստանի մէջ հանդիպած եմ բազմաթի՜ւ մարդոց, որոնք իրարու հետ կը կենակցին, նոյնիսկ զաւակներու տէր կը դառնան առանց սուրբ ամուսնութեան։ Անշուշտ, այս դժբախտ երեւոյթին որպէս պատճառ առաջ կը բերուի Խորհրդային Միութեան գոյութիւնը՝ ուր հաւատքը, սրբութիւնը ո՛չ մէկ արժէք ունէր: 

Անշուշտ, կը հաւատանք, որ այս երեւոյթը Խորհրդային Միութենէն աւելի «զարգացած» երկիրներու հանդէպ մեր նախանձը զարգացուց. աւելի քան դար մը առաջ հայ մտաւորական մը կ՚ըսէր, որ Եւրոպան լաւ բաներ ունի՝ ինչպէս օրինակ ուսում, մանկավարժութիւն եւ այլն. հայ ժողովուրդը անոնցմէ թող վերցնէ լաւը. սակայն մեր ժողովուրդը լաւը ձգած՝ անոնցմէ վերցուց վատը՝ սորվեցաւ սրբութիւնները արժեզրկել եւ կամաց կամաց այս անբարոյ պահուածքով եւրոպացի ըլլալ կարծեց: 

Անշուշտ, «Կեսուր» հանդէսի հեղինակը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ նաեւ նման ամուսիններէ ծնած զաւակներուն մասին, որովհետեւ այն ամուսնութիւնը, որ հեռու է սրբազան արժէքներէ, չի՛ կրնար սրբազան արժէքներու հաւատարիմ զաւակներ լոյս աշխարհ բերել. վկայ այսօր աշխարհի մէջ որբ մնացած բազմահազար զաւակները՝ որոնք ծնունդն են իրենց հօր եւ մօր անպատասխանատու յարաբերութեան. յարաբերութիւն՝ որ տարուան ցանկացած ժամուն կրնայ խզուիլ եւ նորով մը փոխարինուիլ... 

Դար մը առաջ մեզի համար անընդունելի էր այս բոլորը... սակայն այսօր բնական: Նոյն բանով մտածեցէք, թէ այսօր ի՞նչն է մեզի համար տարօրինակ.... որովհետեւ ժամանակ մը ետք պիտի դառնայ բնական եւ մենք մեզի այդ տարօրինակ վիճակին մէջ պիտի գտնենք... արդէն բնական ու պարզ դարձած վիճակի մէջ: 

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աշխարհի վրայ ամունսալուծութիւնները ինչո՞ւ շատցան:

Պատասխան. Աշխարհի վրայ տեղի ունեցող ամուսնալուծութիւններու հիմնական պատճառը ընտանեկան արժէքներու թուլացումն է, ինչպէս նաեւ հասարակական ընկալումներու փոփոխութիւնը: Մարդիկ այսօր աւելի անկախ են քան երէկ. անոնք աւելի կարեւորութիւն կու տան անհատական երջանկութեան ու ազատութեան եւ այս բոլորը պատճառ կը դառնան, որ դժուարութիւններու կամ նեղութիւններու պարագային պայքարելու փոխարէն շատ աւելի դիւրին որոշում կայացնեն ամուսնալուծութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025