ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Այսօրուան մեր թիւով կ՚ուզենք վերջ դնել մեր «Հաշուետուութիւն» խորագրեալ յօդուածին, յոյս ունենալով, որ միւս տարի՝ յունուար ամսին բախտաւորութիւնը կ՚ունենանք դրական ձեւով գրելու բոլոր այն գործերուն ու ձեռքբերումներուն մասին, ինչ որ պիտի ունենայ «Աւանդութիւններուն վերակենսաւորման տարի»ն. արդէն իսկ իր աւարտին հասաւ յունուար ամիսը եւ մենք մեր դիմաց ունինք ամբողջ տասնմէկ ամիսներ. մեր երազն ու յոյսն է, որ եթէ ոչ ամբողջութեամբ, ապա շա՜տ փոքր տարբերութեամբ մը մեր ժողովուրդի զաւակները զգան տարբերութիւնը 2024-ին եւ 2025-ին. մեր երազն է, որ այս բոլորը գրաւոր խօսք չմնան, այլ վերածուին գործի: 

Պէտք է արդար ըլլալ եւ ըսել, որ մարդուժի պատրաստութեան տարին ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս. լուսանցքէ դուրս դրուած ո՛չ մէկ մարդուժի վերադարձը տեսանք: Ո՛չ մէկ հաստատութիւն իրապէս անդրադառնալով իր սխալներուն՝ ներողութիւն խնդրելով չհրաւիրեց մարդուժերը, որպէսզի շարունակեն այն գործը՝ որուն հանդէպ մեծ սէր ունին: Իրականութեան մէջ «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»ն աւելորդ էր, որովհետեւ նոր մարդուժ պատրաստելէ առաջ «մարդուժի վերադարձի տարի» մը պէտք էր մեզի, որովհետեւ մենք ունինք բաւականին շա՜տ մարդուժեր, որոնք սխալ ղեկավարներու ճամբով այսօր հեռու կը մնան հաւաքական կեանքէն: Շատեր անոնց հեռու մնալը կը մեղադրեն, առանց նկատի ունենալով այն միջավայրը, որոնց մէջ գործելու պարտաւորութիւնը կ՚ունենան. առանց նկատի ունենալու, որ մտաւորական մարդուժը յաճախ անգրագէտ կուսակցականի մը եւ կաղ ղեկավարի մը ձեռքին տակ աշխատելու կը պարտադրուի:

Եթէ գործնական ձեւով պիտի չզգանք տարբերութիւն այս տարուան եւ գալիք միւս տարուան, ապա անիմաստ է նոր անուններ ստեղծելը. հաւատացէ՛ք, որ անուններ ստեղծելէ դիւրին բան չկայ. մէկ օրուան մէջ կարելի է ստեղծել մի քանի տասնեակ անուններ. օրինակի համար՝ 2026 թուականը կրնանք հռչակել «Հայ բանակի տարի», 2027-ը «Հայ ուսանողի տարի» եւ այսպէս ամէն մէկ տարուան անուն մը տալով հասնիլ 2030 թուական՝ առանց գործնական արդիւնքի: 

Օրինակի համար՝ այս տարի աւանդութիւններու տարի է. ահաւասիկ շատ կարճ ժամանակէն պիտի դիմաւորենք Մեծ պահքը. ձեզմէ մէկը նման տարուան մը լոյսին տակ Մեծ պահքի ունեցած աւանդութիւններուն եւ անոնց կարեւորութեան մասին բան լսե՞ց. Մեծ պահքը իր հետ կը բերէ նաեւ մի քանի այլ աւանդութիւններ. անոնց իմաստը արժեւորելու եւ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու համար գործնական աշխատանք մը ի գործ դրուեցա՞ւ. եթէ պատասխանը ոչ է, ապա ամենէն դիւրինը երբ չենք կրնար գործի վերածել, ի՞նչ ակնկալութիւն կրնանք ունենալ: Տեառնընդառաջի տօնը մօտ է. շատեր վստահաբար լսած են, որ այդ տօնը եղած է հեթանոսական աւանդութիւններէն. գործնական գետնի վրայ այդ աւանդութեան եւ անոր կարեւորութեան մասին լրացուցիչ բացատրութիւններ տրուեցան եւ կամ պիտի տրուի՞ն. մեր աւանդութիւններուն մասին լրացուցիչ դաստիարակչական տեղեկութիւններ պիտի ընդգրկուի՞ն մեր կրթական ծրագիրէն ներս: 

Օրինակը կ՚ուզեմ վերցնել մահմետականներէն. այսօր շատ մը քրիստոնեաներ իրենք զիրենք աւելի բարձր կը նկատեն քան արաբները եւ կամ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող մահմետական կրօնի հետեւորդները, սակայն անոնք իրենց արժէքներուն հանդէպ շատ աւելի գիտակցութիւն ունին, քան մենք: Հայաստանի մէջ կը ճանչնամ արաբներ, որոնք հեռու ըլլալով իրենց միջավայրէն, իրենց մշակոյթէն ու նոյնիսկ կրօնական դաստիարակութենէն, ամէ՛ն տարի ամենայն հաւատքով կը պահեն իրենց ծոմապահութիւնն ու աւանդութիւնները. այդ մէկը կ՚ընեն ո՛չ թէ մարդիկ տեսնեն ու գնահատեն, այլ կ՚ընեն, որովհետեւ այդ մէկը իրենց առօրեայ կեանքին մէկ մասն է: Գացէք ու տեսէք, որ երկիր մը ամբողջ՝ մեծամասնութեամբ ինչպէս յանձն կ՚առնեն պահել իրենց աւանդութիւնները. այսօր մեր մէջ քանի՞ հոգի պահք կը պահէ. այդ պահք պահողներէն քանի՞ն այդ մէկը նիհարնալու փոխարէն հաւատքով կ՚ընեն: Բացէ՛ք պատմութիւնը եւ տեսէք, որ մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ ինչպէս կարեւորած է պահքը, խօսած է անոր կարեւորութեան ու արժէքին մասին: Ո՞ւր են այսօր այդ արժէքները. մեղաւորը ժողովո՞ւրդն է, թէ անոնց փոխանցուած դաստիարակութիւնը, ուր այդքան ալ գոյութիւն չունին հայկական աւանդութիւնները: 

Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Ժողովուրդ մը իր աւանդութիւններով կ՚ապրի ու կը գոյատեւէ պատմութեան մէջ». եթէ ընդունինք, որ այս մէկը ճիշդ է, ապա մենք գոյատեւելու լուրջ խնդիրի մը դիմաց կը գտնուինք։ Եթէ ազգ մը իր աւանդութիւններով կենդանի կը մնայ, ապա այս ընթացքով մենք քիչ քիչ կը կորսնցնենք մեր կենդանութիւնը. յոյսով ենք, որ մեր ժողովուրդը տեղ մը անդրադառնայ այս բոլորին եւ զգաստանալով անցնի աշխատանքի, որովհետեւ այդ անտարբեր ընթացքը մեր ազգը պիտի առաջնորդէ մահուան եւ այս ընթացքով շատ ալ հեռու չենք այդ դժբախտ օրէն: 

Անցնող երկու շաբաթներու այս նիւթերուն շուրջ գրած մեր մտածումները յոյսով ենք, որ խօսքէն աւելի վերածուի գործի, որովհետեւ հիւանդը մահամերձ է եւ խօսքէն աւելի գործն ու բուժումը զինք կեանքի կրնայ վերադարձնել:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդկային կեանքին մէջ խօ՞սքը կարեւոր է, թէ գործը:

Պատասխան. Գործը շատ աւելի բարձր կը խօսի, քան նոյնինքն խօսքը, որովհետեւ խօսքին իմաստ տուողը գործողութիւնն է: Գործողութիւնները ցոյց կու տան մտադրութիւնը, նուիրուածութիւնն ու իրական ազդեցութիւնը. խօսքը կրնայ ոգեշնչել, սակայն խօսքը առանց գործի ոչ մէկ արժէք կ՚ունենայ. խօսքը կարեւոր է գաղափարները տարածելու համար. այդ իսկ պատճառով խօսքին եւ գործին միջեւ հաւասարակշռութիւնը կը սահմանէ անոր իրական ազդեցութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025