ԶԱՆՑԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թերացումներ, պարտականութեան անտեսումներ՝ զանցառումներ բնական են մարդուս համար, քանի որ ան թերութիւններ, տկարութիւններ ունի եւ անկատա՛ր է։

Եւ մենք բոլո՛րս ալ ո՜վ գիտէ ինչ զանցառութիւններ ունեցեր ենք եւ մեր զանցառութիւնները որքա՜ն վնասաբեր եղած են եւ սուղի նստած են մեզի եւ դառնապէս տուժած ենք։ Երբեմն մեր ընտանեկան յարկին մէջ ալ զանցառութիւններ, անտեսումներ ունինք՝ անպէտ եւ յախուռն ծախքեր, տարօրինակ եւ այլանդակ սովորութիւններ, խնամքի, հոգածութեան եւ հսկողութեան թերութիւններ, եւ ապա դառնապէս զղջացած ենք մեր զանցառութեան եւ անտարբերութեան վրայ։

Երբեմն կը տեսնենք մեր զաւակներու կրթութեան դանդաղ եւ տափակ, մակերեսային եղանակը, որոնք վարժարանէ վարժարան շրջան կ՚առնեն եւ չեն օգտուիր. ամուլ միտքե՛ր, հասակնին կ՚առնեն՝ տակաւին նախակրթարանի վիճակ ունին, եւ մենք ալ այս բոլորը իբրեւ ծնողք կը տեսնենք, «աչք կը գոցենք» եւ կ՚ըսենք. «Ի՛նչ կ՚ուզէ թող այն ըլլայ…»։ Անտարբերութիւն, զանցառութիւն եւ ճակատագրապաշտութի՛ւն…

Երբեմն կը տեսնենք մեր զաւակներուն ոլոր մոլոր գնացքը սանձարձակ ազատութեամբ, բարքերու աղտոտ նկարագրի հետեւողութեամբ, իրենց համեստութիւնը եւ պարկեշտութիւնը վտանգելու վիճակին հասած, եւ անհոգ, անտարբեր կը գտնուինք, ահա Աւետարանի խօսքը. «Տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ…». (ՂՈՒԿ. Ժ 31-32)։

Երբեմն կը տեսնենք մեր արենակից եղբայրներ բարոյապէս վիրաւոր եւ դարմանի կարօտ՝ մտաւոր խեղճութիւններու մէջ, կարօտութիւններով համակուած, կը լսենք նաեւ անոնց սրտաճմլիկ ողբերու ձայնը, բայց կը գոցենք մեր աչքերը, կը խցենք մեր ականջները, եւ ահա. «Տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ…»։ Ո՜րքան կը նմանին հինը եւ նորը՝ անցեալը եւ ներկան, եւ քանի որ դաս առնուած չէ պատմութենէն, կրկնուած կ՚երեւի պատմութիւնը…

Երբեմն մեր շուրջը կը տեսնենք արբեցողներ, գինեմոլներ, ծխամոլներ, թմրեցուցիչներու գերին դարձած խեղճ մարդիկ, խաղամոլներ, որոնք մեծամեծ կորուստներով դուրս կու գան գինետուներէ եւ խաղարաններէ, որոնք իրեն մահը կ՚արագացնեն, իրենց կորուստը եւ կործանումը կը փութացնեն, տուն՝ ընտանիք եւ զաւակներ անխնամ եւ անօգնական կը թողուն՝ կը հիւծին եւ կը մաշին, եւ մենք այս բոլորը կը տեսնենք, չենք հասնիր, չեն խրատեր եւ յորդորեր՝ որպէսզի ետ կենան այդ բարոյական աւերումներէն, եւ թերեւս գտնուին մարդիկ՝ որոնք անոնց կորստեան վրայ ուրախանան եւ ծիծաղին։ Բայց ընդհանրապէս չենք մտածեր, որ մեր այս ընթացքով մեր հանրային օգտին եւ բարւոյն կը վնասենք։

Ահաւասի՛կ, այս կէտին կ՚ամփոփուի աստուածային պատուէրը, թէ՝ «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ». (ՂՈՒԿ. Ժ 37)։ Եւ մենք ալ ո՛չ զանցառու մարդոց նման, այլ ողորմութիւն ընողներու, բարեխիղճ՝ խղճմտանքով գործ կատարողներու նման գործելու ենք։

Այս կեանքի ընթացքը ճամբայ մըն է, որուն վրայ կը քալենք բոլորս։

Ո՜վ անցո՛րդ, ո՜վ ճամբորդ, ո՛վ ոք ալ ըլլայ քու ճամբուդ վրայ, ո՛վ ոք ալ տեսնես լքեալ եւ անկեալ, յափշտակուած եւ կողոպտուած, վիրաւոր, մահամերձ եւ օգնութեան կարօտ. մի՛ հարցներ անոր ազգանունը, ցեղը եւ համոզումները, հաւատքը, կրօնքը, այլ իջի՛ր քու բարձրութենէդ, ամենեւին մի՛ զզուիր, մի՛ խորշիր, մի՛ պժգար գանիր. սիրէ՛ մարդը եւ ամբողջ մարդկութիւնը, հասկացողական համակրանքով մօտեցիր բոլորին, մօտեցիր մարմնաւոր եւ հոգեւոր վիրաւորին՝ անոր դարման տանելու համար՝ մխիթարէ իր վիշտերուն, ցաւերուն մէջ. օգնէ՛ անոր, անսակարկ եւ անվարա՛ն, ինչ որ կարող ես, քու կարողութեան չափով, եւ առաւել հաճելի պիտի թուի Աստուծոյ՝ երբ առանց խտրութեան կը փութաս օգնել. ատոր մէ՛ջն է առաքինական մեծութիւնը, ինչպէս մեր Տէրը ցոյց տուաւ մեզի օրինակը, անխտիր իրեն դիմողներուն ձայնին լսելով եւ գթալով՝ հաստատելով ոսկի սկզբունքը, թէ՝ «Աւելի երանելի՜ է տա՛լը, քան առնելը». (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։

Մենք ալ, ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, հաւատարիմ մնանք եւ գործադրենք այս ոսկի սկզբունքը՝ ուր է երջանկութիւնը, երանութիւնը. հետեւինք սիրեցեալ Փրկչին պատուէրին, մենք ալ բարոյապէս եւ նիւթապէս օգնենք մեր շուրջիններուն, հաւատարիմ մնալով մեր ստեղման նպատակին եւ կոչումին, թէ՝ մեր առաջնակարգ պարտքն է՝ իրերօգնութիւնը, հաւատալով ե՛ւ գիտնալով, թէ Աստուած փոխարէնը լիապէ՛ս պիտի հատուցանէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 29, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025