ՀԱՒԱՏՔԸ՝ ՈՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԷ

Աշխարհի մէջ ինչքա՞ն իմաստուն մարդ կայ՝ չենք գիտեր, սակայն վստահ ենք, որ անմիտ ու թեթեւամիտ մարդիկը թիւով շատ աւելի են՝ քան իմաստունները: Այս դժբախտ իրականութիւնը փաստելու համար շատ պարզ փորձեր ընելը բաւարար կրնայ ըլլալ. օրինակի համար, անձ մը տունը ձանձրանալով կրնայ դուրս գալ եւ յայտարարել, թէ ինք Քրիստոսն է՝ Աստուծոյ Որդին եւ այսպէս կամ այնպէս մի քանի տասնեակ հոգի կրնայ համոզել՝ այնպէս ինչպէս շատ մը տղամարդիկ իրենց կին ըլլալը եւ շատ մը կիներ իրենց տղամարդ ըլլալը համոզել կը փորձեն եւ տարօրինակ ձեւով կը յաջողին: Իրականութեան մէջ այնքան ալ դժուար բան մը չէ այս բոլորը ընելը. սեփական սուտին հաւատալը բաւարար է եւ վստահ եղէք, որ մարդիկ պատրաստ են կոյր վստահութեամբ հաւատալ այնպէս, ինչպէս հնդիկ Միրզա Ղուլամ հաւատաց, որ ինք ընտրուած է որպէս Աստուծոյ որդի եւ մինչեւ իր մահը յաջողած է իր սուտին հաւատակից դարձնել աւելի քան 50 հազար անձ: 

Մարդոց մտային տկարութեան մակարդակը աւելի յստակ դարձնելու համար պատմենք հետեւեալը. 1970 թուականներուն Մարշալ Ափլհայթ իրեն նման վերացական երեւոյթներով տարուած Պոնի Նետլսի հետ կը հիմնէ նոր կրօն մը եւ կը սկսի քարոզութեան։ Անոնք կը հաւատային, որ աշխարհի վախճանը շատ շատ մօտ է, հետեւաբար պէտք է պատրաստուիլ այս աշխարհէն մեկնելու աւելի բարձր մակարդակ մը՝ ուր մարմնապէս կարելի չէ երթալ։ Աշխարհը իր վերջին օրերը կ՚ապրի եւ մարդ որպէսզի յաջողի այդ աւելի բարձր ու «յաջող» մակարդակին հասնիլ՝ պարտի բաժնուիլ իր մարմինէն. ամէն մարդ պէտք է ծախէ իր ունեցուածքը, խզէ իր կապը ընտանիքի անդամներուն ու հարազատներուն հետ եւ ապրի համեստ կեանք մը: 

Ըստ հիմնադիրներուն՝ կար «յատուկ օր» մը եւ այդ օրը բոլորը իրարու հետ պիտի բաժնուէին իրենց մարմիններէն եւ բարձրանային դէպի աւելի բարձր մակարդակ։ Այսօր մէկը նման քարոզութեամբ մը հանդէս գայ ինչքանո՞վ կը հաւատաք՝ չենք գիտեր, սակայն, օրին երկու հիմնադիրները յաջողած են համոզել մի քանի տասնեակ մարդիկ, որոնք իրենց ունեցուածքը ձգած, հարազատներու հետ ամէն կապ խզած ու հետեւած են անոնց՝ հասնելու համար այդ բարձր մակարդակին: 

Այս «յատուկ օր»ը չեկած հիմնադիրներէն Պոն կը մահանայ եւ այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ միւս հիմնադիրը՝ Մարշալ շատ աւելի կեդրոնանայ ճակատագրի վրայ եւ կը յաջողի համոզել, որ հիմնադիր Պոն մարմնապէս մահացաւ, բայց հոգեպէս իրենց հետ է եւ շուտ մեկնեցաւ՝ որպէսզի անոնց համար «տեղ պատրաստէ» բարձր մակարդակին մէջ: Հիմնադիրին մահէն ետք Մարշալ կը սկսի իր քարոզութեան մէջ տեղ տալ նաեւ այլմոլորակայիններու. անոնք սկսան հաւատալ, որ այլմոլորակային տիեզերանաւ մը զիրենք պիտի առաջնորդէր իրենց երազած «բարձր մակարդակ»ը:

Թէ՛ հիմնադիրը եւ թէ մի քանի տասնեակ հետեւորդները այս բոլորին այնքա՜ն հաւատացին, որ իրապէս սկսան պատրաստուիլ այս «յատուկ» օրուան. փաստօրէն այդ օրը 1997 թուականի մարտի 26-ն էր. հիմնադիրն ու խումբի անդամները վարձակալեցին մեծ առանձնատուն մը եւ այդ օր՝ մարտի 26-ին գործեցին խմբային ինքնասպանութիւն. 39 անդամ՝ ներառեալ հիմնադիր Մարշալ ինքնասպանութեամբ վերջ տուին իրենց կեանքին. սակայն բոլորն ալ համոզուած էին, որ կը մեկնին իրենց սպասած յատուկ տեղը։ Նախքան ինքնասպանութիւնը բոլորը կրեցին սեւ հագուստներ. հագուեցան «Nike» ապրանքանիշի կօշիկներ: Իրենց առաջնորդը՝ Մարշալ փաստօրէն ինք եւս լիովին համոզուած էր այն գաղափարներուն՝ զորս կը քարոզէր։ Ան այլոց ինքնասպանութիւնը չդիտեց, այլ ինք եղաւ առաջին ինքնասպաններէն մէկը՝ համոզուած ըլլալով, որ իր իսկ հիւսած պատմութիւնը ճշմարտութիւն է: 

Անշուշտ, այս բոլորը իր մէջ լուրջ հոգեբանական ուսումնասիրութիւն կը պահանջէ. մարդ ինչո՞ւ ատակ է հաւատալ երեւոյթներու եւ գաղափարներու՝ որոնց մասին վստահ չէ։ Անշուշտ, առաջնորդին եւ քարոզիչին դերն ու կեցուածքը եւս մեծ դեր ունի, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն խօսքով, այլ հոգեբանական զգացական մօտեցումներով եւս լաւապէս գիտեն ինչպէս ներգրաւել անձը եւ համոզիչ դարձնել գաղափարներ՝ որոնք հեռու են ճշմարտութենէն: Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր կրօնները հիմնուած են անհատի կամ անհատներու կողմէ. անոնք յաջողած են բազմահազար մարդիկ իրենց գաղափարներով համոզել եւ այս մէկը լուրջ կարողութիւն է. կրօնական նման պարագաներու անձերը համոզելու հիմնական մի քանի ճամբաներ գոյութիւն ունին. անոնցմէ առաջինը վախն է, երկրորդը բացառիկ գիտելիքը. մարդիկ կրօնական գիտելիքներուն լաւապէս ծանօթ չըլլալով՝ յաճախ վախով կը մօտենան նման հարցերու. վախ՝ որ գուցէ այդ մէկը ճշմարիտ է եւ ճշմարտութեան հանդէպ թերահաւատ ըլլալով մարդ պատիժի կ՚արժանանայ. երկրորդը՝ բացառիկ գիտելիքը այն է, որ մարդիկ յաճախ կը սիրեն լսել շատ իմաստուն տողեր ըսող մարդոց՝ նոյնիսկ եթէ այդ ըսուածէն բան չեն հասկնար: Ընդհանրապէս կրօնական առաջնորդները եղած են ճառախօսներ, որոնք իրապէս խօսքի արուեստին տիրապետելով՝ յաջողած են մարդիկը իրենց գաղափարներուն ստրուկը դարձնել: 

Այս օրերուն կը տեսնենք, թէ բազմաթի՜ւ մարդիկ նիւթապէս կը կողոպտուին. ատոր ետին եւս ծածուկ է խօսքի արուեստն ու ճարտար խօսքը, համոզելու արուեստը։ Աշխարհը զարգացաւ, սակայն հոգեբանական թակարդներով տակաւին կարելի է անձեր պատանդ դարձնել:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ ինչո՞ւ սուտ աղանդներու կը հետեւի:

Պատասխան. Աղանդներու հանդէպ հաւատք ունենալը հիմնականին մէջ ունի հոգեբանական պատճառներ. շատեր կը փնտռեն կեանքի իմաստ, անվտանգութիւն, հոգեւոր հանգստութիւն. աղանդները շատ անգամ մարդոց կը փորձեն պարզութեան մէջ տալ այն բոլորը՝ ինչ մարդ կը փնտռէ. պարզ ու յստակ պատասխաններ կը տրամադրեն համայնքային աջակցութիւն եւ այդ աջակցութեամբ անվտանգութիւն կը խոստանան. նման վիճակի մը զոհ կը դառնան մանաւանդ անոնք՝ որոնք առանձնութեան մէջ կ՚ապրին: Յաճախ մթնոլորտն ու առաջնորդին հմայքը անոնցմէ հեռու կը տանի քննադատական մտածողութիւնը եւ անոնց մօտ կախուածութիւն կը ստեղծէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2025