ԵՍԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզնար, չի հպարտանար… միայն ինքզինք չի մտածեր…». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-5)։

Եսասիրութիւնը եւ նախանձը կարծես անասնական բնազդում մըն է, ամէն անհատ աշխարհի վրայ առաջին անգամ ինքզինք կը սիրէ։

Անհատականութիւնը արդէն ինքնին եսասիրութեան սկզբունքի վրայ հիմնուած է։ Ամէն անհատ՝ քանի որ ուրիշ անհատի հետ յարաբերութիւն ունի, եւ այդպէսով կազմուած են ընկերակցութիւններ՝ այսինքն ընտանիքներ, ցեղեր, ժողովուրդներ, ազգեր, բնական բերմամբ այդ անհատը ցանկական աչքով պիտի նայի իր ընկերի առաւելութիւններուն վրայ։

Սակայն քրիստոնէութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը այդ անասնական հակումները բանականացուցած՝ ազնուացուցած են։ «ԵՍ»ը ինքզինք սիրելով՝ ո՛չ թէ ուրիշի ունեցածը կործանելու հակամէտ պէտք է ըլլայ՝ ըստ քրիստոնէութեան, այլ ուրիշին ունեցածին ինքն ալ ձգտում պէտք է ունենայ։

«Քու ընկերդ սիրէ իբրեւ քու անձդ» սկզբունքին մէջ՝ անհատականութիւնը իր բարձր եւ հաւասար դիրքը ունի եւ ուրիշին յաջողութեան դէմ կը դրուի իր անհատականութեան զօրացումը, եւ չար նախանձի դէմ բարի նախանձի մրցումը։

«Կրնա՞ք խմել բաժակը՝ զոր ես կը խմեմ, կամ մկրտութիւնը զոր ես կը մկրտուիմ». այն դժուարութիւնը եւ այն արեան մկրտութեամբ զոհաբերութիւնը ընել կարո՞ղ ենք։

Ահա առաջին կարեւոր հարցումը մեր «ԵՍ»ին հարցնելիք։ Եթէ կարող ենք այդ բանական կորովը ունենալ, երկրորդ հարցում մըն ալ. «Պատրա՞ստ ենք ծառայել». այս հարցումն ալ մեր նախանձին ուղղենք, եթէ կարող ենք, մենք հաւասարապէս մեծ ենք, յաջող ենք եւ երջանիկ ենք՝ ինչպէս ուրիշները։

Եւ ահա պատասխաններ՝ զորս մեր բոլորին կու տայ Սուրբ Գիրքը. մենք բոլորս ալ մէկ մարմնի մը անդամներն ենք, եւ այդ մարմինը իրարու հետ կապուած է առաձգական այլ անբեկանելի ջղովը՝ որ «Սէր» կը կոչուի։ Ո՛չ ճկոյթը թող գանգատի, թէ ինչո՞ւ փոքր մնացեր է եւ ո՛չ բազուկը թող հպարտանայ, թէ որքա՜ն մեծ է։

Միայն թող ցաւին ա՛յն անդամները, որոնք աւելորդ են եւ օր մը շա՛տ երկարելով՝ եղունգի պէս պիտի կտրուին եւ պիտի նետուին։ Ամէն անգամ իր հասարակաց մարմինի օգտին համար այդ «սիրոյ ջիղ»ը զօրացնել պէտք է ջանայ իր կարողութեանը համեմատ։

Այդ «Սէր»ը չի սիրեր նախանձ, չի սիրեր եսասիրութիւնը. «Սէրը չի՛ նախանձիր, չի խնդրեր իրենը». ահա Պօղոս առաքեալի մեզի տուած դասը։

Եսասիրութիւնը եւ նախանձը՝ որոնք Սուրբ Աւետարանի ընթերցումին մէջ երեւան կու գան եւ, դժբախտաբար, մեր մէջ ալ քիչ ծաւալ չեն գտած։ Ըսե՞նք արդեօք, թէ մեր սեփական ախտերէն, հիւանդութիւններէն են ատոնք։ Եւ որքա՜ն աւերներ գործած են այդ վատշուէր՝ անզգամ, շաղաշոյտ նկարագիրները անցեալին մէջ։

Սակայն չկարծենք թէ, քանի որ այդպիսի նկարագիր մը արմատացած է մեր մէջ բազում դարերէ ի վեր, չի կրնար տկարանալ՝ ջնջուիլ։ Եսասիրութեան դէմ, մեր նախանձին դէմ, պէտք է զոհողութիւն եւ ծառայելու պատրաստականութիւն կամ կարողութիւն։ Եթէ կարող չենք մեծը ընել, մեծը ընել կրցողին չնախանձի՛նք, այլ մենք ալ մեր ունեցածովը գոհանանք եւ զայն գործածենք հանրութեան համար, հասարակաց բարիքին համար, եկեղեցւոյ համար, որով մեր «ԵՍ»ին գործածած կ՚ըլլանք, այդպիսով կը ջնջուին այդ աղտոտ բարքերը։

Եթէ կը սիրենք հանրութիւնը՝ մեր ընկերները, այդ սիրոյ մէջ «ԵՍ» չկա՛յ. «Սէրը ինքզինք չի՛ խնդրեր». եթէ կը սիրենք մեր կրօնակիցները եւ հայրենակիցները ամբողջութեամբ, կը սիրենք մարդկութիւնը, եւ ուրիշ «ԵՍ» մը չենք նկատեր անոնց մէջ բառին յոռի կիրառութեամբ, հոն նախանձ չկա՛յ, քանի որ այդ միւս անհատին մեծութիւնն ալ՝ երջանկութիւնն ալ մե՛րն են։ «Սէրը չի նախանձիր»։ Եթէ մեծ է մեր պաշտօնեան է, եթէ առաջին է՝ մեր ծառան է։

Եթէ կը սիրենք, հապա պէտք է ուրախ ըլլանք՝ «խնդանք» մեր ընկերին յաջողութեան՝ երջանկութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ «խանդանք», այսինքն՝ նախանձինք, չարակնինք։

Որքա՜ն հետաքրքրական է, որ հայերէնի մէջ «խնդալ» եւ «խանդալ» թէեւ ձայնանման, բայց բոլորովին հակասական բառեր են…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 23, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025