ՄԵՂԱ՜Յ… ՉԵ՛Մ ԳԻՏԵՐ ՈՐՈ՞Ւ
Հայաստանի մերօրեայ ղեկավարութիւնը իր որոշումները քիչ մը շուկայական հասարակութեամբ կը կայացնէ. նախքան որոշում մը կամ օրէնք մը հրապարակելը շա՜տ աննշան ակնարկ մը կ՚ընէ անոր շուրջ, ստուգելու եւ տեսնելու ժողովուրդին հակադարձութիւնը, անոր ազդեցութեան լոյսին տակ որոշելու հրապարակել նման յայտարարութիւն, թէ ոչ:
Նման շուկայական հաշուարկ մը կատարուեցաւ մի քանի օրեր առաջ, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ակնարկեց, թէ պէտք է վերատեսութեան ենթադրել 1915 թուականը՝ հասկնալու համար, թէ ի՞նչ պատահած է այդ թուականներուն. այս ղեկավարութեան աշխատաձեւը լաւապէս ճանչցած ըլլալով՝ կրնանք հասկնալ, որ հեռու չէ հայոց ցեղասպանութեան հարցի վերացումը, նաեւ մեծ է հաւանականութիւնը, թէ մեղաւորները մենք ինքներս ըլլանք... վերջապէս մէկը մեզի չըսաւ գացէ՛ք ու աքսորուեցէք:
Անշուշտ, վարչապետի այս յայտարարութենէն ետք (ինչպէս միշտ), ի յայտ կու գան որոշ մունետիկներ, որոնք կը փորձեն այսպէս կամ այնպէս մեղմացնել վարչապետի խօսքերը, փորձել գտնել ու մատնանշել անոր տրամաբանական կողմերը եւ վերջապէս ժողովուրդին ուղեղին մէջ մտցնել, որ իրապէս պէտք է որոշ քննութիւն մը՝ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ պատահած է: Այս լոյսին տակ մի քանի օրեր առաջ երիտասարդ մը հետեւեալ տողերը հրապարակեց.
«-Եկէ՛ք ապրելու եւ արարելու շուրջ համախմբուենք, երեխէք։
-Չէ, լաւ ա, մենք ամէն օր կը յիշենք մեր կոտորածները ու այդպէս հայ կը մնանք։ Դա է մեր ազգային ինքնութիւնը»:
Երիտասարդը իր այս խօսքով կ՚ուզէր ըսել, որ Հայաստանի պետութիւնը կ՚առաջարկէ մոռնալ կոտորածները, մոռնալ ցաւալի անցեալը եւ կառուցել նոր Հայաստան, համերաշխ ու համախումբ. Սակայն, այս դրական առաջարկին դիմաց ընդդիմադիր խումբը յամառութեամբ կ՚ուզէ հեռու մնալ նոր ու պայծառ Հայաստանի ապագայէն եւ երկիրը կառուցելու եւ «արարելու» փոխարէն, կ՚ուզէ լալկանութեամբ շարունակել իր լալը: Այլ խօսքով երիտասարդը համաձայն էր մոռնալ պատահարները, մոռնալ աղէտները եւ «բան մը չեղած»ի պէս ուրախութեամբ տեսնել նոր արարուող Հայաստանը: Պէտք չէ մեղադրել երիտասարդը, որովհետեւ իրեն պէս մտածողները քիչ չեն եւ նման մտածողութիւն ունեցողները (չես գիտեր ինչո՛ւ) ընդհանրապէս անոնք են, որոնք կը քաջալերեն եւ կողմնակից են մերօրեայ իշխանութիւններուն: Երիտասարդը իր տեսակէտը կը շարունակէ հետեւեալ տողերով.
«Կեղծ հայրենասիրութեան քարոզիչները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեանց դէմ յոխորտացողները յստակ պատասխաններ պէտք է տան ստորեւ նշեալ հարցումներուն.
Ա.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայոց ցեղասպանութեան ուղղութեամբ ի՞նչ պահանջատիրութիւն պէտք է ունենար, ըստ իրենց, յստակ, բառացի՝ որմէ՛, ի՛նչ պէտք է պահանջէր, ըստ իրենց. հարեւան երկրներէ՞ն, թէ միջազգային ատեաններէն։
Բ.- Ի շարունակումն նախորդին. իսկ եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յոխորտար ու պահանջէր ու արժանանար հարեւան երկրներուն զայրոյթին, ապա ինչպէ՞ս պէտք է պաշտպանէր երկիրը կործանարար պատերազմ(ներ)էն։ Հաշուի առնելով, որ ծաւալապաշտներուն ուզած Մեծ Հայքը տարածքներ ունէր բոլոր՝ չորս հարեւան պետութիւններուն տարածքներէն։
Գ.- Հայաստանի Հանրապետութեան ո՞ր իշխանութիւնը երբեւէ որեւէ պահանջ ներկայացուցած է միջազգային ատեաններ։ Ըստ իրենց փնթի բառապաշարին՝ մինչեւ այս «դաւաճան» իշխանութեան ղեկին գալը, «ազգայնական» իշխանութիւնները որմէ՞, ի՞նչ պահանջած են` յստակ փաստերով»:
Թող այսօր ե՛ս ըլլամ կեղծ հայրենասէր եւ համեստաբար պատասխանեմ երիտասարդին հարցումներուն. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցեղասպանութեան ուղղութեամբ ի՞նչ պահանջատիրութիւն պէտք է ունենար». առաջին հերթին այս մէկը ո՛չ թէ ներկայ կամ նախկին, այլ ընդհանուր մեր ազգին ամօթներէն մէկն է. բազմիցս ըսած եմ ու դարձեալ կ՚ըսեմ. թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր մենք եղած ենք այնքա՛ն անմիաբան, որ նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ուզենք. այս կապակցութեամբ մեծագոյն յուսախաբութիւն էր 2015 թուականին 100-ամեակին նուիրուած նախագահական կոնդակը, ուր կար պահանջ բառը, սակայն, ո՛չ մէկ ձեւ յստակ էր, թէ ի՞նչ է պահանջուածը: Կաթողիկոս մը կ՚ուզէ եկեղեցիները, կուսակցութիւն մը կ՚ուզէ պատմական Հայաստանը, այլ կուսակցութիւն մը լոկ ճանաչում կը պահանջէ, իսկ անդին այլ ինքնագլուխ մը տարբեր բան կը պահանջէ: Այսօր, 110 տարիներ ետք նո՞ր պիտի մտածէ մեր ազգը, թէ պահանջատիրութիւն ըսելով ի՞նչ կը պահանջէ։ Նման հարց մը մերօրեայ կամ նախկին իշխանութիւններուն տրուած որոշում մը չէ, որովհետեւ ղեկավարները կրնան երկրին վերաբերեալ որոշումներ կայացնել, սակայն, նման հայկական հարցի մը պարագային անոնք ինքնագլուխ չեն կրնար ըլլալ. նման հարցի պարագային մտաւորականն ու պատմաբանը շատ բան ունի ըսելիք՝ քան քաղաքական գործիչը, որ իր դիւանագիտական հաշիւներով ու իր շահերուն համար պատրաստ է ամէն տեսակ պատմական անցեալ զանց ընել՝ պարզապէս կեանքի կոչելու համար իր նպատակները:
•մնացեալը վաղուան թիւով
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Պետութիւն մը պէ՞տք է վախկոտ ըլլայ, թէ ոչ պէտք է իր ուժերուն վստահի:
Պատասխան. Պետութիւնը պէտք է վստահի իր ուժերուն եւ պէտք չէ վախկոտ ըլլայ, որովհետեւ սեփական ուժին վրայ ապաւինիլը կը խթանէ ինքնապաշտպանութիւնն ու ուժը: Թէեւ անհրաժեշտ է զգուշութիւն եւ ռազմավարական որոշումներ կայացնել, խուսափելու համար արտաքին ուժերէն, ինչ որ կը խթանէ ինքնիշխանութիւնն ու շահերը: Լաւ պատրաստուած պետութիւն մը, որ կը վստահի իր ուժերուն, պատրաստուած կ՚ըլլայ ամէն տեսակի մարտահրաւէր դիմագրաւելու եւ դիմակայելու, իր անկախութիւնը հաստատելու եւ կայունութիւնը պահպանելու համար. վախը եւ կասկածը կաթուածահար պետութիւն կը ստեղծեն: Սեփական ուժերուն վստահիլը միասնութիւն կը ձեւաւորէ եւ արտաքին սպառնալիքներուն դիմաց վստահութիւն կը ներշնչէ ժողովուրդին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան