Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԶԳԵՍՏՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ս. Պատարագը խորհուրդ մըն է եւ կը պարունակէ նաեւ բազմաթիւ խորհուրդներ իր մէջ։ Այս ուղղութեամբ, քահանան կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ որ ճշմարիտ եւ յաւիտենական Քահանայ եղաւ՝ ըստ Մելքիսեդեկի կարգի եւ Ինքզինք որպէս «հաց» եւ «գինի» ընծայեց Հայր Աստուծոյ։

Իսկ պարագիչ քահանային զգեստները.

Սաղաւարտը կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յաղթութեան զօրութիւնը՝ որով Ան պատերազմի ելաւ բելիարի (=սատանայ, սադայէլ) դէմ եւ Փրկութիւն շնորհեց մարդկութեան։ Ուստի, «սաղաւարտ»ը կը խորհրդանշէ ահարոնեան խոյրը (=քահանայի պատուաւոր գլխարկ). մեր արդի ձեւը մեծ մասամբ կը տարբերի Հին կտարականի քահանայական խոյրէն եւ մեր հին սաղաւարտէն։ Արդի ձեւը կը նմանի արքայական եւ թագաւորական թագի, իսկ նախկինը՝ որ պահպանուած կը նկատուի կարգ մը տեղեր, ըստ «սաղաւարտ» բառի նշանակութեան՝ զինուորներու գործածած երկաթէ եւ պղինձէ գլխարկ է։ Իսկ սաղաւարտի հոգեւոր նշանակութիւնը կը լուսաբանուի կարճ աղօթքի մէջ՝ որ քահանան կ՚արտասանէ սաղաւարտը գլխուն դնելու ժամանակ. «Դի՛ր, Տէ՛ր, փրկութեան սաղաւարտը գլխուս՝ պատերազմելու թշնամիին զօրութիւններուն դէմ»։

Շապիկը՝ կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի վարքի մաքրութիւնը եւ անմեղութիւնը եւ Աստուծոյ էութեան երանելի տեսութիւնը վայելելը։

Գօտին կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ողջախոհութիւնը եւ զգայական ցանկութիւններուն Անոր անխառն ըլլալը։

Շապիկը եւ գօտին անցեալին սովորական զգեստ կը համարուէին, եւ մեր նախնիները զանոնք անկասկած ահարոնեան «պատմուճան»ի օրինակով կ՚ընդունէին եկեղեցական սպասաւորութեան ժամանակ, ինչպէս կ՚արտասանուի աղօթքին մէջ. «Տէ՛ր, հագցո՛ւ ինձ փրկութեան հանդերձը եւ ուրախութեան պատմուճանը եւ շրջապատէ՛ փրկութեան զգեստով»։ Երկուքն ալ կը խորհրդանշեն Աստուծոյ պարուրած շնորհները՝ որոնք պատարագիչը պիտի պահպանեն չար խորհուրդներէ եւ դիւական փորձութիւններէ։

Փորուրարը՝ հայոց եւ յունաց մօտ նոյն սարկաւագի ուրարն է՝ որ կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հնազանդութիւնը՝ իրագործելու Իր փրկարար տնօրինութիւնը՝ ըստ երկնաւոր Հօր նախասահմանութեան։ Ուրարը՝ կը նշանակէ նաեւ Յիսուսի զգայարաններու ցանկութիւններէն անմասն ըլլալը։

Փորուրարը՝ սարկաւագին ուսին վրայ կրելու փոխարէն, կ՚անցնի վիզէն եւ առջեւը կը ձգուի։ Ան Քրիստոսի քաղցր լուծի եւ թեթեւ բեռի նշանակութիւնը ունի. «Առէ՛ք Իմ լուծը ձեր վրայ»՝ որը քահանան ամբողջովին իր վրայ կը վերցնէ. իսկ սարկաւագը միայն մասամբ՝ իր ուսին։

«Ուրար»ը յունարէն «օրարիոն» բառն է, որ կը նշանակէ՝ «ոսկով գործածուած»։

Բազպանը կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի սրտի յօժարութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը՝ երկնաւոր Հօր հաճութիւնը կատարելու։ Բազպանները կը խորհրդանշեն նոյն անունով պատերազմական զրահները՝ որոնք կը պաշտպանէին բազուկները թշնամիին զէնքերէն, ինչպէս աղօթքի մէջ կ՚արտասանուի. «Տո՛ւր իմ ձեռքիս զօրութիւն»։ Բազպանները ունին նաեւ գործնական նշանակութիւն. որոնք շապիկի թեւերը հաւաքուած կը պահեն, որպէսզի արգելք չըլլան Սեղանի սրբագործութիւններու ժամանակ։

Շուրջառը կը նշանակէ առաքինութիւններու ամբողջութիւնը՝ որով զարդարուած էր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութիւնը Անոր յղանալէն յետոյ, որ եւ աստուածային բնութեան միաւորուեցաւ։

Շուրջառը իրապէս հին թագաւորներու վերարկուն է՝ ձեւի չնչին փոփոխութիւններով եւ զարդերու եւ գոյներու փոքր տարբերութիւններով։

Վակասը՝ որ սկզբնական ձեւը թէեւ տարբեր է, բայց մեր նախնիները ընդօրինակած են Ահարոնի վակասէն՝ որ Հին կտակարանի մէջ կը կոչուէր նաեւ «եփուտ»։ Ահարոնի վակասին վրայ գրուած էին Իսրայէլի տասներկու ցեղերու անունները. «Երբ Ահարոնը սրբարան մտնէ, ան իր կուրծքի վրայ թող կրէ Իսրայէլի որդիներու անուններով քանդակուած դատաստանի լանջապանակը, որպէսզի Աստուծոյ առջեւ յաւիտենապէս պահպանէ անոնց յիշատակը»։ Այս առումով է, որ մեր վակասներու վրայ երբեմն կը պատկերացուի տասներկու առաքեալները՝ որոնք ցեղապետներն են -Նոր Իսրայէլ-ի, որ է՝ Քրիստոսի Եկեղեցին։

Հողաթափ, հին ձեւով կօշիկ մը՝ որ ոտքը հողէն կը պահպանէ։ Ժամարարի հողաթափերուն մէջի կողմը սովորութիւն է իժի եւ քարբի կերպարանքներ ստեղծագործել՝ ի խորհուրդ սաղմոսի խօսքերուն. «Առիւծի եւ իժի վրայ պիտի քալես. առիւծի կորիւնը եւ վիշապը պիտի կոխկռտես». (ՍԱՂՄ. ՂԱ 13)։

Թաշկինակը կամ անձեռոցիկը պարզապէս քահանայի ձեռքերը եւ սպասները սրբելու համար են։

Քահանայի աւանդատուն մտնելը՝ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ Բանին բնակուիլը ամէնօրհնեալ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ։

Քահանային զգեստաւորուիլը՝ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ Բանին ներմարմնաւորումը ամենաերանուհի Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ։

Դպիրներու «Խորհուրդ խորին» երգելը կը խորհրդանշէ այն աղօթքները եւ պաղատանքները՝ որոնք մեր հայրերը մատուցանեցին Աստուծոյ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի գալստեան համար։

Քահանայի աւանդատունէն դուրս գալը՝ կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը եւ Յայտնութիւնը։

Քահանային Բեմին առջեւ գալը՝ կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Իր աշակերտներու հետ Ձիթենեաց լեռ երթալը…

Սուրբ Օգոստինոսի խօսքով. հասկնալով հաւատանք, եւ հաւատալով հասկնա՛նք

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 30, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 31, 2026