ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
«Փորձէ զաւկիս ուժ տալ, որպէսզի չհետեւի ամբոխին՝ երբ բոլորը նոյնը կ՚ընեն». այս նախադասութեան մէջ կրնանք տեսնել հօր մը ունեցած յոյսն ու վստահութիւնը իր զաւկին հանդէպ, որովհետեւ շատերու այնպէս կը թուի, թէ ամբոխին հետեւիլը ապահով ըլլալու միջոց մըն է, սակայն Լինքըն չ՚ուզեր, որ իր զաւակը հետեւի այն գաղափարներուն պարզապէս այն պատճառով, որ բոլորը կը հետեւին. երբ ամբողջ ամբոխը կը հետեւի բանի մը, այդ մէկը քննադատելը շատ անգամ «դժուար» կ՚ըլլայ. սակայն Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը այդ ամբոխին գերին չըլլայ, այլ ունենայ իր սեփական համոզումները եւ ունենայ ուժը հարցադրելու, տեսած սխալներն ու անարդարութիւնները բարձրաձայնելու եւ այդ բոլորը յաջողեցնելու համար զաւակը առաջին անգամ կարիքը ունի ուժի:
Առաջին հերթին զաւակը ուժ պէտք է ունենայ զոհը չդառնալու հասարակական ճնշումին, որովհետեւ մարդկային հասարակութիւնը մեծաւ մասամբ կ՚առաջնորդուի խմբային մտածողութեամբ. մարդիկ իրենց կեանքը կը ձեւաւորեն այլոց կեանքը օրինակ առնելով եւ անոնց ըրածները ընդօրինակելով. այդ ընդօրինակութեան լոյսին տակ է, որ հաւաքական համոզումներ եւ վերաբերմունք կը կազմուի, որովհետեւ մարդիկ կ՚առաջնորդուին «բոլորը այդպէս կ՚ընեն» նշանաբանով: Եթէ այդ ընդօրինակուածը լաւ երեւոյթ մը ըլլայ, վստահաբար ըսելիք մը չունինք, սակայն, մի՛շտ չէ, որ այդ մէկը դրական երեւոյթ է. նոյնիսկ անբարոյականութիւնը ընդօրինակուելու ատակ երեւոյթ մըն է, որ հաւաքականութեան մէջ կը ստեղծէ անբարոյական վարքագիծ:
Լինքըն իրականութեան մէջ չ՚ուզեր, որ իր զաւակը հաւաքականութեան դէմ պայքարի կամ անոնց դէմ դուրս գայ. Լինքընի ուզածը հետեւեալն է. զաւակս ունենայ ինքնուրոյն համոզում ու մտածում, որ հիմնըւած ըլլայ ո՛չ թէ հաւաքականութեան համոզումներուն վրայ, այլ՝ սեփական մտածողութեան եւ արժէքներուն վրայ: Այլ խօսքով, Լինքըն հաւաքականութեան դէմ ըմբոստ զաւակ մը չ՚ուզեր ունենալ, պարզապէս կ՚ուզէ, որ ան չազդուի ամբոխէն. Կ՚ուզէ, որ անոր որոշումները ունենան իր տրամաբանական հաստատումները:
Այս երեւոյթը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. Պատկերացուցէք, որ հաւաքուած են հարիւր անձեր. անոնց թող տրուի հարց մը եւ աւելի քան 70 հոգի թող տայ սխալ պատասխան. այդ պարագային միւս 30-ին մէջ պիտի ստեղծուի կասկած մը եւ անոնք պիտի սկսին կասկածով նայիլ իրենց գիտցած ճիշդին: Նոյնն է մարդու ինքնավստահութեան պարագան. մարդ յաճախ չի՛ գիտնար, որ ինք ունի ուժը՝ մինչեւ շուրջինները չվկայեն այդ մասին. այս մէկը ցոյց կու տայ, որ մարդ արարած կ՚առաջնորդուի ամբոխին կարծիքով: Այսօր մի քանի տասնեակ հոգի թող վատաբանեն անձ մը. այդ պարագային ուրիշ մը այդ անձը առանց ճանչցած ըլլալու անոր հանդէպ վատ տպաւորութիւն պիտի ունենայ: Հաւաքականութիւնը յաճախ կը ճնշէ, որ մարդ ուժը չունենայ այդ բոլորը մերժելու:
Այս բոլորին մեծագոյն օրինակը հետեւեալն է. աշխարհի մէջ տարբեր ձեւերով այս երեւոյթը փորձած են ստուգել։ Վերելակի մէջ դրած են չորս գլխարկ։ Անձ մը մուտք գործելէ ետք մէկ առ մէկ սկսած են ներս մտնել անձեր եւ գետնէն վերցնելով գլխարկը դնել իրենց գլխուն։ Երկրորդ մը, երրորդ մը, չորրորդ մը. առաջին անձը, որ այս պարագային թիրախն է, առանց հասկնալու ի՛նք եւս վերցուցած է գլխարկը եւ դրած է գլխուն՝ պարզապէս որովհետեւ միւս երեքը ըրած են նոյնը:
Լինքըն կը հաւատայ, որ մարդ շատ աւելի լիարժէք կ՚ապրի, երբ կ՚առաջնորդուի իր արժէքներով եւ ո՛չ թէ այլոց ճնշումով։ Ամբոխին չհետեւիլը բարոյական քաջութիւն կը պահանջէ. այդ մէկը կը պահանջէ ուժ եւ կ՚ապահովէ մարդուն թէ՛ մտաւոր, թէ՛ հոգեկան անկախութիւնն ու ազատութիւնը:
Հին փիլիսոփայութեան մէջ եւս սեփական համոզումներն ու արժէքները ունենալը կը դիտուէին որպէս իրական ուժ։ Ամերիկացի փիլիսոփայ Ռալֆ Էմըրսոն իր «Ինքնավստահութիւն» գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ով որ կ՚ուզէ մարդ դառնալ, պէտք է տարբերի»: Նիցչէ եւս բազմիցս կը շեշտէ, որ այլոց համոզումներուն համար սեփական արժէքներն ու համոզումները պէտք չէ զոհել:
Անշուշտ, այս ուսուցումը աշակերտական կեանքէն աւելի ապագայ կեանքին պատկանող արժէք մըն է, որովհետեւ անձ մը, որ կ՚առաջնորդուի ուրիշներու համոզումներով՝ վերջաւորութեան կը տուժէ: Մեր շրջապատին մէջ կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը կը կառուցեն այլոց արժէքներուն, համոզումներուն գոհացում տալով. շատեր իրենց սեփական արժէքները կը զոհեն, պարզապէս որովհետեւ շրջապատի կողմէ ընդունուած չեն. մանաւանդ հայ իրականութեան մէջ կան բազմաթիւ անձեր, որոնք կ՚առաջնորդուին «ուրիշը ինչ կ՚ըսէ»ով. մարդ երբ ամբոխին համոզումին հակառակ գործէ, կ՚ունենայ վախ, առանձնութեան զգացում։ Լինքըն կ՚ուզէ, որ զաւակը ունենայ քաջութիւնը այդ վախը յաղթահարելու:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ուրիշները հաճեցնելու համար պէ՞տք է զոհել սեփական արժէքները:
Պատասխան. Ո՛չ, ուրիշները հաճեցնելու համար կարելի չէ զոհել սեփական արժէքները, որովհետեւ այդպիսով մարդ կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնն ու ներքին խաղաղութիւնը: Երբ մենք սկսինք ապրիլ ուրիշներու ակնկալիքներով, մեր ընտրութիւնները կը դադրին մերը ըլլալէ: Ճշմարիտ փոխյարաբերութիւնները կառուցուած են անկեղծութեան ու փոխադարձ յարգանքի վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան