ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
«Հպարտութիւն». պատուի զգացում, որ կը յաւակնի եւ կը ձգտի իր ուժերէն եւ դիրքէն վեր։ Այս իմաստով հպարտութիւնը բոլոր մեղքերու սկզբնապատճառն է։ Հպարտութիւնը նաեւ ամէն չարիքի մա՛յրն է՝ «Չար»ը ծնունդ առաւ հպարտութեան վատամիտ ամբարտաւանութեամբ։
Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել «անտարբերութեամբ», որ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ նկատի առնել աստուածային սէրը։ Եւ Աստուծոյ դէմ ատելու ատելութեամբ՝ որ կու գայ հպարտութենէն։ Ան կը հակառակի Աստուծոյ սիրոյն, կը ժխտէ, կը մերժէ Անոր բարութիւնը եւ կը համարի անիծել զԻնք իբրեւ այն անձը՝ որ կ՚արգիլէ մեղքերը եւ կը սահմանէ պատիժները։
Հպարտութիւնը մերժում է եւ ուրացում իր իսկ անձին, քանի որ հպարտանալով, մարդ կը ձգտի ուրիշ անձնաւորութեան մը՝ որ ինքը չէ՛…
Հպարտութիւնը՝ ինքնախաբէութի՛ւն է։
Հպարտութիւնը նաեւ խաթարում եւ աւերում կը ստեղծէ հաւաքական-ընկերային կեանքին մէջ։
Անարդարութիւնները, անիրաւութիւնները, տնտեսական կամ ընկերային կարգի չափազանց անհաւասարութիւնները, նախանձը, անվստահութիւնը, անկայունութիւնը եւ հպարտութիւնը, որոնք կը տիրեն մարդոց, ժողովուրդներու եւ ազգերու վրայ, խաղաղութեան դէմ անվերջ վտա՛նգ կը սպառնան եւ անհամաձայնութիւններու, կռիւներու եւ պատերազմներու պատճառ կ՚ըլլան։ Արդարեւ, վէճեր կը սկսին փոխադարձ եւ չզիջող, յամառ, կամապաշտ հպարտութեամբ։
Հպարտութիւնը, արդարեւ, կանխակալ կարծիք մը՝ նախապաշարում մըն է ինքն իր մասին։
Հպարտութեան ստեղծած անհատական եւ ընկերային անկարգութիւններուն յաղթահարելու ամէն արարք կը նպաստէ խաղաղութիւնը՝ հանդարտութիւնը եւ անդորրութիւնը կառուցանելու եւ կռիւներէ խուսափելու։
Որքան ատեն որ մարդիկ հպարտութեան զգացումով կ՚ապրին, մեղաւորներ են, խռովութեան, խառնակութեան, ոխակալութեան, քէնի, շփոթութեան, երկպառակութեան վտանգը միշտ պիտի սպառնայ եւ այսպէս պիտի շարունակուի մինչեւ վերադարձը Քրիստոսի։ Իսկ որքան ատեն որ մարդիկ խոնարհ եւ համեստ, ճշմարիտ եւ անկեղծ ինքնաճանաչութեամբ իրարու միացած ըլլան Սիրոյ մէջ, պիտի յաղթահարեն հպարտութեան, պիտի յաղթահարեն նաեւ հպարտութեան ստեղծած բռնութեան, մինչեւ կատարումը այս խօսքին. «Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։ Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին». (ԵՍ. Բ 4)։
Եթէ մարդ կարենայ զսպել եւ սանձել իր «ԵՍ»ին անբաւ եւ անսահմանելի տենչանք եւ փափաքները, այն ատեն կ՚ազատի հպարտութեան տիրապետութենէն։ Քանի որ մարդուն ամենամեծ թշնամին իր «ԵՍ»ն է։ Եւ այդ թշնամիին զէնքն է՝ հպարտութի՛ւնը…
Վա՜յ անոնց՝ որ «չար»ը կ՚անուանեն «բարի», եւ «բարի»ն՝ «չա՛ր»։
Նախանձը տխրութեան կերպերէն մէկն է, ուրեմն եւ եղբայրսիրութեան զլացումը. քրիստոնեան պիտի պայքարի անոր դէմ իր բարեսրտութեամբ։ Նախանձը յաճախ յառաջ կու գայ հպարտութենէն։ Քրիստոնեան պիտի մարզուի ապրիլ խոնարհութեան մէջ՝ համեստ կեանքով։
Խղճմտանքը կը չափաւորէ «ԵՍ»ը։
Խղճմտանքին կրթութիւնը ամբողջ կեանքին պարտականութիւնն է։ Կեանքին առաջին տարիներէն իսկ, ան կը զարթուցանէ տղան դէպի ճանաչումը եւ գործադրումը ներքին օրէնքին՝ որ ճանչցուած է բարոյական խղճմտանքէն։
Խոհական կրթութիւնը մարդուն կ՚ուսուցանէ առաքինութիւնը, զերծ կը պահէ կամ կը բուժէ զայն վախէն, եսասիրութենէն, հպարտութենէն, յանցաւորութեան քինախնդրութենէն, ոխակալութենէն եւ մարդկային տկարութենէն, թերութիւններէն եւ յանցանքներէն ծնած կամահաճութեան շարժումերէն։
Խղճմտանքին կրթութիւնը կ՚երաշխաւորէ մարդուն ազատութիւնը եւ ծնունդ կու տայ սրտի խաղաղութեան։
Հեռո՜ւ հպարտութեան աւերիչ ազդեցութենէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 3, 2025, Իսթանպուլ