ՀԱՅԸ ՎԱՐՁՈՒ ՍԵՆԵԱԿ Է
Շահան Շահնուր միշտ ալ ունեցած է տարօրինակ մտածումներ ու բառամթերք՝ որոնք մարդը առաջնորդած են մտածումի։ Ահաւասի՛կ, անոնցմէ մին. «Հայը վարձու սենեակ է». տարօրինակ թուացող այս տողը իրականութեան մէջ խոր իմաստ ու նշանակութիւն ունի. իմաստ՝ որ լուրջ եւ մտահոգեցուցիչ իրականութիւն մը կը բանայ մեր դիմաց:
Վարձու սենեակ. սենեակ մը վարձու տուողը իրականութեան մէջ իր դրամի դիմաց իր սեփականութիւնը ուրիշին դիմաց կը դնէ. օտարը՝ վարձուորը կու գայ եւ ազատութեամբ կը գործածէ այդ սենեակին սպասքը եւ նոյնիսկ տակնուվրայ վիճակի մէջ ձգելով կրնայ դուրս գալ, իսկ տանտէրը՝ հայը դրամի սիրոյն լռութեամբ կը դիմաւորէ այդ բոլորը: Շահնուրի բառերով այդ սենեակը հայու հոգին է, հայու ինքնութիւնն ու սեփականութիւնն է, սակայն, հայը ի՛նք ապրելու, շէնցնելու փոխարէն այդ սենեակը օտարին դիմաց կը բանայ. այլ խօսքով՝ արտաքնապէս սենեակը հայ է՝ սակայն անոր մէջինն է օտարը։ Պատկերացուցէք եկեղեցի մը՝ որուն մէջ Քրիստոս պատարագուելու փոխարէն այլազգիներ իրենց կրօնական աւանդութիւններն ու ծէսերը կը կատարեն:
Եթէ վարձու սենեակը հայու հոգին է, ապա անոր դուռը, պատուհաններն ու պատերը՝ լեզուն, մշակոյթը, ինքնութիւնն ու ազգային դաստիարակութիւնը… Եթէ այդ դուռը բաց է ուրիշին առջեւ, հայը լուրջ վտանգի դիմաց կը գտնուի, որովհետեւ վարձուորը՝ որ տուած է գումարը, կրնայ փոխել պատի գոյները, պատուհաններն ու գոյները եւ տունը մերկացնել իր սկզբնական վիճակէն։ Եթէ վարձով տուն կամ սենեակ տուած էք եւ կամ տուող անձ մը կը ճանչնաք միշտ նոյն բողոքը պիտի լսէք. վարձուորը տունը աղտոտեց, այսինչը կոտրեց ու դուրս եկաւ։ Օտարը, որ ազատութեամբ մուտք կը գործէ մեր ինքնութեան սենեակ, նոյն վայրագութեամբ կրնայ վարուիլ մեր դրան, պատուհանին եւ պատերուն հետ եւ վնասներ ձգելով դուրս գալ: Որո՞նք են այդ վարձուորները՝ մարդ չի կրնար գիտնալ, որովհետեւ սենեակ մը կրնայ վարձուիլ իմաստուն փիլիսոփայի մը կողմէ, սակայն, մի քանի օր ետք այդտեղ կրնայ մուտք գործել պոռնիկը, մարդասպանն ու չարագործը… Մարդ դրամի սիրոյն, իր սեփական շահերը ապահովելու գնով իր սենեակը, իր սեփականը կը դնէ օտարին գործածութեան տակ եւ եթէ սենեակը հայու հոգին է եւ անոր դռները, պատուհաններն ու պատերը ինքնութիւնը, ապա հայը իր ինքնութիւնը օտարին գործածութեան կը տրամադրէ:
Շահնուր բացայայտ ձեւով չ՚ըսեր, սակայն ըսել կ՚ուզէ, որ հայը շահի սիրոյն իր ամենէն սուղը ուրիշին տրամադրութեան կը յանձնէ։ Հայը տարօրինակ ձեւով իր մէջ եղող օտարէն նեղութիւն չի զգար։ Շահնուր օտարը կը նմանեցնէ մանրէներու. բնական օրէնքներու համաձայն, մարմինը այդ մանրէներու դէմ պայքար կը մղէ եւ կը փորձէ պաշտպանողական համակարգ մը ստեղծել, սակայն, հայը օտարութեան մանրէին դէմ նոյն ձեւ չի վարուիր։ Շահնուրի բառերով՝ «Մեր մարմինը բնաւ դիմադրութիւն ցոյց չի տար այս մանրէներուն դէմ»։ Շահնուր չի գրեր, սակայն պատմութիւնը եթէ սերտենք, պիտի տեսնենք, որ շատ մը օտար ազդեցութիւններ մեր մէջ մտած են լոկ շահի միջոցով։ 1800-ականներու պատմութիւնները բաւարար են հասկնալու, թէ ինչպէս հայը շահի դիմաց դիւրութեամբ փոխեց իր դաւանանքը՝ առաքելականը դարձաւ բողոքական, բողոքականը դարձաւ կաթոլիկ, կաթոլիկը դարձաւ աղանդաւորական ու այսպէս շարքը կարելի է երկարել: Այո, կեանքի պայմանները նպաստաւոր չէին, հայը իր գոյութիւնը ապահովելու համար որոշ տեղ մը պարտաւոր էր իր սենեակը վարձով տալ, սակայն ո՛չ անոր դռները, պատերն ու պատուհանները վնասելու եւ ամբողջութեամբ ձեւակերպելու գնով: Այդ բոլորին արդիւնքը այսօր կարելի է տեսնել սփիւռքի մէջ ապրող շատ մը երիտասարդներու սենեակներուն մէջ. սկզբունքով՝ փաստաթուղթերով հայ սենեակներ են, սակայն ո՛չ արտաքինը եւ ոչ ներքինը հայութենէ նշոյլ մը կը փոխանցէ։ Այս ընթացքը ո՛չ մէկ լուծում, ո՛չ մէկ բուժում ունի, որովհետեւ օտարը արդէն իսկ բոյն դրած է այդտեղ եւ օտարութեան վարձով տալուն մէջ գուցէ աւելի շատ գոյութիւն ունի՝ քան հայ վարձուորին տալը: Հայը իր սենեակը օտարին վարձու տալը բացմտութիւն կարծեց։ Հայ սենեակը օտարին վարձու տալը յառաջդիմութեան սկզբնաքայլերէն մէկը կարծեց, որովհետեւ հայը միշտ հաւատաց, թէ օտարինը շատ աւելի առաջադէմ է, աւելի զարգացած ու նախանձելի է՝ քան սեփականը: Հայը անհաշիւ ու գրկաբաց հիւրընկալեց օտարը՝ ուզելով անոր «զարգացած» վիճակէն մաս մը վերցնել, սակայն երբեք չնկատեց, որ այդ հիւրընկալութիւնը վերջ պիտի ունենար գրաւումով։ Գիտէք չէ՞... կան երկիրներ, ուր երբ վարձուորը աւելի քան քսան տարի մնայ տան մէջ՝ անոր սեփականութեան իրաւունքը կրնայ շահիլ ու նեղութեան մատնել տանտէրը. նոյն ճակատագրին ենթարկուեցաւ մեր հայու սենեակը. օտարը այդտեղ մուտք գործեց երկար ժամանակ, եւ երբ ժամանակը եկաւ հայը լաւապէս զգաց, որ այդ վարձուորը դուրս հանելու համար բաւականին ուշացած է:
Այսօր լուրջ մարտահրաւէրի դիմաց են հայու սենեակի վարձուորները. շատեր կ՚ուզեն այդ սենեակները իրենց առաջուան տեսքին վերադարձնել՝ սակայն կը նկատեն, որ ուշ է։ Անդին ուրիշներ կ՚ուզեն աւելիով օտարացնել այդ սենեակները՝ մտածելով, որ օտար վարձուորը ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ հայու ինքնութեան հետ:
Շահնուր կ՚ուզէր, որ հայու սենեակը բնակեցուէր միայն հայով ու հայութեամբ՝ նոյնիսկ եթէ շատ անգամ սեփական շահերը խոչընդոտի արժանանան։ Շահնուրի մի քանի բառերէ կազմուած այս նախադասութիւնը լաւագոյն ու ամենէն մաքուր արտայայտութիւնն է թէ՛ այն ժամանակուան եւ թէ մերօրեայ երիտասարդութեան օտարամոլութիւնը ցոյց տալու:
Երանի՜ այն հայուն, որ յաջողած է իր սենեակը հայ պահել. այդ սենեակներու թիւը օրէ օր կը նուազին, իսկ օտար վարձուորները աճ կ՚արձանագրեն. լուծո՞ւմ. շահը գտնել հայ բնակիչներուն մէջ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ազգի մը դժոխային տառապանքներու, բռնակալութեան անհանդուրժելի ճնշումներու հանդէպ՝ ժողովրդապաշտ գրողը չի կարող մնալ պաղ, վերլուծող գիտնականի -բնախօսի, հնագէտի- դիրքին մէջ. սիրտն ու երեւակայութիւնն ալ հրամայօրէն իրենց տեղն ու իրաւունքը կը պահանջեն պատմութեան մեծ սեղանին առջեւ…
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան