ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Երազներն ու կանխատեսումները մոգական այս «արհեստ»ին համեմատած շատ աւելի մեղմ ու «անմեղ» կը թուին ըլլալ, որովհետեւ այս մէկը իր մէջ «ամենակարող» ըլլալու համոզումով կը լեցնէ մոգը՝ կարծելով, որ իրենց համար անհնարին բան գոյութիւն չունի: Կը հաւատանք, որ այս մէկը հին ժամանակներէն եկող «աստուածանալու» ձգտումի մէկ արտայայտութիւնն է, որովհետեւ մարդ իր կեանքի ընթացքին ի՛նք եւս կը ցանկայ ամենակարող ըլլալ: Մոգեր կը հաւատային (գուցէ մինչեւ օրս ալ կը հաւատան), որ անոնք կը տարբերին սովորական մահկանացուներէն, որովհետեւ ունին անբացատրելի «շնորհք» մը եւ այն ինչ որ մարդոց համար անկարելի է՝ իրենց համար կարելի ըլլալ կը կարծեն: Անոնք կը հաւատան, որ կրնան լուծում տալ անաւարտ մնացած սէրերու՝ երկու կողմերը իրենց կախարդութեամբ հաշտեցնելով. կրնան աղջկայ մը եւ կամ տղու մը մէջ գոյութիւն չունեցող սէրը արթնցնել անձի մը հանդէպ՝ որ ընդհանրապէս գոյութիւն պիտի չունենար առանց այդ կախարդութեամբ եւ այսպէս շարունակ:
Այստեղ սակայն, կախարդութենէն աւելի կարեւոր տեղ ունի «հաւատալ»ը. կախարդներու մեծամասնութիւնը իրենց կատարելիքը հարիւր տոկոսով կատարուած կը նկատեն, որովհետեւ իրենք եւս կը հաւատան այն «սուտ»ին՝ որ իրենց համար ճշմարտութիւն մըն է: Այդ ինքնավստահութիւնը շատ աւելի պարզ դարձնելու համար տանք հայ գուշակի մը աշխատութեան մէջ յիշած հետեւեալ կախարդական «հրաշք»ը՝ որ կը կոչուի «Սիրոյ բաղադրութիւն»:
«Այս բաղադրութիւնը գնչուները պատրաստել գիտէին միայն։ Հիմա դուն ալ կրնաս գիտնալ այս տողերը կարդալով: Պարզ բան է եւ անվնաս:
«Սուրբ Գէորգի տօնի նախօրեակին, կամ զատկուան եւ նոր տարուան նախորդ իրիկունը, մարգագետիններէն կը հաւաքեն որձասագ: Յետոյ այս որձասագին դեղին արմատները կը չորցնեն, կը մանրեն, կը փշրեն ու կը խառնեն դաշտանին հետ: Անկէ վերջ, այս սիրոյ դեղը կը դնեն կերակուրին մէջ այն անձին, որու սէրը կ՚ուզեն ապահովել»:
Յատկանշական է, որ կը գործածուի «Սուրբ Գէորգ»ը, Սուրբ Զատիկը որպէս յատկանշական օրեր։ Անշուշտ, այս մէկը եւս ունի իր պատճառները. սուրբի մը տօնին առկայութիւնը հաւատացեալ մարդոց մօտ կրնայ ստեղծել օրհնուած ըլլալու եւ սուրբին բարեխօսութիւնը ընտրելու միջոց՝ մեղմելու համար այն կախարդութիւնը, որ շատեր սատանայական կը նկատեն:
Տրամաբանութիւնը պարզ է. Զատիկը եւ Նոր տարին մարդոց համար «Նոր սկիզբ» կը խորհրդանշէ. Պահքէն դուրս գալով մարդ Զատիկը մաքուր ձեւով կը դիմաւորէ եւ նոյն տրամաբանութեամբ կ՚ուզէ մաքրուած, որպէս նոր սկիզբ «նոր էջ»ով մը դիմաւորել եկող նոր տարին. նկատի ունենալով, որ մարդ արարած մի՛շտ իր յոյսերով կը սնուի, հետեւաբար նոր սկիզբին իր «սիրած»ը ձեռք ձգելը բացառիկ առիթ մը պիտի ըլլայ: Այդ միջոցներուն է, որ մարդիկ կ՚ունենան նոր ցանկութիւններ, նոր երազներ:
Իրականութեան մէջ հոգեբանական լուրջ ուսումնասիրութիւն մը գոյութիւն ունի այս բոլորին մէջ. տեսա՞ծ էք չէ, որ կախարդներ ու մոգութեամբ զբաղող մարդիկ ի՜նչ միստիկ ու խորհրդաւոր ձեւով կը խօսին: Եթէ կախարդութիւնը իրապէս շնորհք է, ինչո՞ւ համար պարզ ու համեստ մարդ մը չկարենայ այդ բոլորը ընել. ինչո՞ւ համար պայման պիտի ըլլայ խաւար ու մութ տեղեր նստիլ, որոշ կմախքներ ու խունկեր օգտագործել. պատասխանը պարզ է. հոգեբանական ազդակներ են, որոնք մարդը շատ աւելի համոզուելու կ՚առաջնորդեն:
Մարդ արարածը այսպէս թէ այնպէս ունի անտեսանելի ուժերու գոյութեան գաղափարը. մոգը կամ կախարդը այդ գաղափարը նոր պիտի չսերմանէ անոր մէջ. ան պարզապէս պիտի համոզէ, որ ինք ունի կարողութիւնը տեսնելու այն՝ ինչ դիմացինը չի տեսներ: Հոգեբանական ազդեցութիւնը մեծ դեր ունի այս բոլորը «յաջողեցնելու» մէջ, որովհետեւ անոնք լաւապէս կը գիտակցին, որ մարդ արարած գիտնալով հանդերձ անտեսանելի «ուժեր»ու գոյութիւնը, միշտ կասկածով եւ տեղ մը վախով կը մօտենան այս բոլորին: Ձայնի տատանումները, խորհրդաւոր շարժուձեւերը, անհասկնալի լեզուներով բաներ մը բարձրաձայնելը մաս կը կազմեն այս դերասանութեան:
Անշուշտ, այս բոլոր միայն այսօր չէ՛, որ բացասական երեւոյթ որպէս կը դիտուի՝ հակառակ անոր, որ ունի մեծաթիւ հաւատացողներ. Բ. Օրինաց գիրքին մէջ կը կարդանք. «Թող քու մէջդ չգտնուի մէկը, որ իր որդին կամ դուստրը կրակով անցնի, գուշակութիւն ու մոգութիւն ընէ, նշաններ յայտնէ, հմայէ կամ կախարդութիւններ ընէ. այս բոլորը գարշելի են Տիրոջ առջեւ...» (Բ. Օրինաց 18:10-12): Անշուշտ, բազմաթիւ փիլիսոփաներ եւս անդրադարձած են այս նիւթին. օրինակ՝ Սոկրատ թէեւ չէր մերժեր մոգութիւնը, սակայն կը հաւատար, որ մարդ պէտք է ճակատագրական նշաններ փնտռելու տեղ ինքզինք ճանչնայ եւ ինքնաճանաչողութեան ճամբով ի՛նք ստեղծէ իր ճակատագիրը՝ անտեսանելիին մէջ փնտռելու փոխարէն: Անդին Պղատոն կը քննադատէ մոգերը, զանոնք անիրաւ եւ խաբող նկատելով. Արիստոտել եւս կը քննադատէ, հաւատալով, որ իրական գիտութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ պատճառներու վրայ եւ ո՛չ ենթադրութիւններու:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ եղած է աշխարհի ամենէն յայտնի գուշակը:
Պատասխան. Աշխարհի ամենէն յայտնի գուշակներէն մէկը եղած է ֆրանսացի բժիշկ եւ աստղագէտ Նոսդրատամուսը: Ան յայտնի է իր «Մարգարէութիւններ» աշխատութեամբ, որուն մէջ բանաստեղծութիւններու ճամբով փորձած է ապագան գուշակել: Շատ կը հաւատան, որ ան կանխատեսած է պատմական իրադարձութիւններ: Իր խորհրդաւոր ոճը եւ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու հնարաւորութիւնը զինք դարձուած են գուշակութեան պատմութեան խորհրդանշական անձնաւորութիւններէն մէկը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան