ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Մարդ, անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ միշտ հետամուտ է եղած նախ՝ ուրիշներուն սխալները տեսնելու, մատնանշելու, քննադատելու, դատապարտելու եւ այսպէս յաճախ ուրիշներու հետ զբաղելու։ Ցաւալի իրականութիւնը այն է, որ մենք «հաւատացեալ»ներս ալ բացառութիւն չենք կազմեր այս իրողութեան՝ գիտնալով, թէ ուրիշը դատապարտել ներհա՛կ է քրիստոնէական վարդապետութեան եւ ուսուցումներուն։ Եւ այս պարագան կը տեսնենք նաեւ մեր եկեղեցական կեանքին մէջ։ Ուստի, չենք անդրադառնար յաճախ, թէ Աստուած մեզմէ ամէն մէկէն մեր անձնական հաշիւը պիտի պահանջէ։ Մենք, որպէս բանաւոր էակներ, պատասխանատո՛ւ ենք մեր բոլոր արարքներէն։

Ահաւասի՛կ, ճիշդ այս կէտին է, որ Յիսուս մեզի կը պատուիրէ «մեր աչքերէն հանել գերանները», եւ ո՛չ թէ ուրիշներուն աչքի շիւղերով զբաղիլ։

Բայց, քիչ է թիւը այն «հաւատացեալ»ներուն՝ որոնք ինքնաքննութեան համար իրենց ժամանակէն որոշ պահեր կը յատկացնեն, տեսնելու համար իրենց սխալները, թերութիւնները, տկարութիւնները, անկատարութիւնները, «ԵՍ»երը եւ թաքուն եւ դիւրաւ պաշարող կարգ մը մեղքերը։ Բայց, Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, Անոր սուրբ Խօսքին հայելիին առջեւ, մարդիկ պիտի տեսնեն իրենց անհամբեր, հպարտ, ինքնահաւան, անձնասէր, ծոյլ, կծծի, ագահ, թերահաւատ… ըլլալը՝ իրական մա՛րդը։

Ահա, ա՛յս է պատճառներէն գլխաւորը հոգեւորապէս մարդուն անկատար մնալուն։

Մարդիկ, «հաւատացեալ»ի անունը ընդհանրապէս կը կրեն որպէս պիտակ, եւ կը շարունակեն մնալ միշտ նոյն «մարդ»ը, նոյն անձը, քանի որ իրենք զիրենք չեն ենթարկեր ինքնաքննութեան։ Մարդիկ, իրենց շուրջիններով զբաղելով, չեն ծանօթանար իրենց ինքնութեան, եւ օտար կը մնան իրենց «ԵՍ»ին։

«Ով որ այս յոյսը ունի՝ ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս ինք մաքուր է». (Ա ՅՈՎՀ. Գ 3)։ Այս համարին «ինքզինք կը մաքրէ» խօսքը յստակօրէն կը խօսի մեզի՝ ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրութեան անհրաժեշտութեան մասին։ Ի՜նչ մեղադրելի, անմաքուր եւ անսուրբ բաներ՝ ինչ որ կան մարդուն մէջ, պէ՛տք է մարդ զանոնք մաքրելու, սրբելու ետեւէ ըլլայ, հակառակ պարագային ինքնաքննութիւնը ծառայած չ՚ըլլար իր նպատակին։

«Քննել»՝ օգտակա՛ր է՝ տեսնել եւ ընդունիլ թերութիւնները, սակայն եթէ ինքնաքննութիւն չըլլայ ի դերեւ կ՚ելլեն բոլոր ջանքերը։ Ուստի, այս մասին պէտք է գործնական քայլեր առնել։

Վերոյիշեալ Յովհաննէս առաքեալի Ընդհանրական առաջին նամակին մէջ. «Ինչպէս Անիկա մաքուր է» խօսքը կը նշանակէ՝ ինչպէս ամէն բանի մէջ, ասոր մէջ ալ մեր միակ օրինակը՝ պէտք է որ ըլլայ Յիսուս, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին եւ կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց եւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ». (ԵԲՐ. ԺԲ 2)։ Միայն Յիսուսի, քանի որ Եսայի մարգարէ կ՚ըսէ. «Ե՛տ կեցէք մարդէն, որուն շունչը իր ռնգունքներուն մէջ է. վասնզի ի՞նչ բանի մէջ հաստատ կը համարուի ան». (ԵՍ. Բ 22)։ Այս ուղղութեամբ Victor Hugo կ՚ըսէ. «Մի՛ վստահիք այն մարդուն՝ որ յաջորդ ունի»։

Եթէ մարդ անկեղծ սրտով, մաքրուելու եւ սրբագրուելու մտադրութեամբ Տիրոջ դիմէ, Ան անպայմա՛ն ցոյց պիտի տայ իրեն իր ունեցած, եւ Իրեն սուրբ աչքերուն առջեւ անհաճոյ եղած բաները, պիտի օգնէ իրեն Իր զօրութեամբ ազատիլ անոնցմէ եւ օր մը անմեղադրելի վիճակով ներկայանալ իր առջեւ։

Ուստի, «կատարեալ մարդ» չկայ աշխարհի վրայ. մարդոց ամէն մէկը իրեն յատուկ թերութիւններ, տկարութիւններ ունի։ Մինչ, մարդուն նպատակակէտը կատարեալին հասնիլն է, եւ ասոր հասնելու համար հրամայական պայմանը ինքնաքննութիւնն է. «…այլ այն Սուրբին նման որ կանչեց ձեզ՝ սուրբ եղէք դուք ալ ձեր բովանդակ կեանքի ընթացքին, քանի որ գրուած է.- Սուրբ եղէք, որովհետեւ սուրբ եմ ես». (Ա ՊԵՏՐ. Ա 15)։

Հոգեպէս աղքատ է այն մարդը՝ որ զինք դատապարտող խիղճ չունի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 2, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 4, 2025