ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԱՆՁՆԱԿԱՆ՝ ՄՏԵՐԻՄ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Իւրաքանչիւրս, սիրելի՜ներ, ի՛նչ գործ որ ընենք, Աստուած մեր անձնական կեանքին կը նայի եւ մեզմէ կը պահանջէ, որ երկնաւոր Հօրը կամքը կատարենք եւ Անո՛ր առջեւ հաճելի կեանք մը ապրինք։

Ուստի շա՛տ հոգ տանինք Աստուծոյ հետ անձնական եւ մտերիմ յարաբերութիւն մը մշակելու։ Պէտք չէ՛ մոռնալ, որ մենք Աստուծոյ համար զատուած եւ բոլորանուէր Իրեն յանձնուած ենք, ուստի Իրեն կը պատկանինք։ Շատ կարեւորութիւն տանք Սուրբ Գիրքի սերտողութեան եւ պարբերաբար ընթերցման։ Նաեւ հաւատքով առօթքի եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան՝ Սուրբ Հոգիով ներշնչուելով։

Մեր տնային առօրեայ զբաղումներուն, պարտականութիւններուն, պատասխանատուութիւններուն եւ առանձնաշնորհումներուն մէջ, անձնական կեանքի օրէնքները չյետաձգե՛նք։

Մեր ընտանեկան կեանքի մէջ, մեծերու եւ պզտիկներու հետ մեր ունեցած բոլոր վերաբերումներուն եւ յարաբերութիւններուն մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը զգանք մեր սրտին մէջ եւ մեր շուրջիններն ալ թող զգան նոյնպէս, նոյն ուժով։

Մեր յանցանքները, տկարութիւնները եւ թերութիւնները նշմարելու, անդրադառնալու, անմիջապէս ճանչնալու եւ ընդունելու պատրաստակա՛մ ըլլանք։ Նաեւ զանոնք անկեղծօրէն խոստովանելու եւ ուղղելու, շտկելու՝ որպէսզի մեր անձնական կեանքերը մաքուր եւ անբասիր ըլլան՝ արթուն եւ զգաստ վիճակի մէջ։

Հաւատքով եւ համբերութեամբ սպասենք Աստուծմէ մեզի համար ծրագրուած եւ պատրաստուած նոր օրհնութիւնները եւ հոգեւոր լոյսերը ընդունելու եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու. «Եղիցին կամք Քո…»։

Լաւ գիտնանք, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ՝ Քրիստոսի մարմնին մէկ անդամը, բաժին մը ունի աւետարանչական գործին մէջ։ Արդարեւ, շատ ընդարձակ է Աստուծոյ գործը եւ հունձքը շա՛տ։ Մենք անկարող ենք ամբողջ գործը կատարել։ Սակայն մեզմէ ամէն մէկուն համար գործ մը կա՛յ ընելու։

Սուրբ Հոգւոյն միաբանութեամբ միացած եւ հոգեւոր կեանքի սկզբունքներով մեծ ընտանիքի մը անդամները ըլլալու գիտակցութիւնը ունենանք։ Եւ քանի հաստատ պահենք «աստուածային միաբանութիւն»ը՝ անսասան կը մնայ ընտանիքը։

Չէ՞ք ուզեր անվտանգ, ապահով ընտանիքի մը մէջ ապրիլ եւ վայելել կեանքը։

Սակայն, ցաւալի՜ է, որ շատեր այս «ընտանիք»ը՝ այս աստուածային միաբանութիւնը խափանելու փորձութեան մէջ կը գտնուին…

Անոնք, թերահաւատներ, այս օրհնեալ միաբանութիւնը, երկնային ընտանեկան համերաշխութեան եւ խաղաղութեան էութիւնը խանգարելով կ՚այլափոխեն, անձնասիրական եւ ինքնակեդրոն զգացումներ եւ այլ եւ այլ ո՛չ էական խորհուրդներ եւ գաղափարներ կրելով, կամ թէ կարգ մը կանոններ, դրութիւններ եւ օրէնքներ հաստատելով, երբեմն՝ տեսութիւններ, կարծիքներ, համոզումներ եւ դատողութիւններ կազմելով, յաճախ անհիմն, անհաստատ թիւրիմացութիւններ եւ տարակարծութիւններ սնուցանելով եւ երբեմն ալ մտքի եւ սրտի մէջ բազմապատկելով այն յանցանքները եւ թերութիւնները, զորս պէ՛տք է ներել եւ ծածկել։

Այսպէս ուրեմն արտաքնապէս տեսակ մը, նայուածքով ուրիշ տեսակ, իրենց ապրելակերպին եւ վարուելակերպին մէջ անվայել, անհաճոյ եւ կեղծ վիճակ մը կը ստանան։ Այս պատճառով աղօթքի «սեղան»ներ կը քանդուին, բաժանումներ, երկպառակումներ, տարակարծութիւններ յառաջ կու գան, հոգեւոր կեանքը կը դադրի, հաւատացեալներ կը գայթաղին, շուարումի կը մատնուին։

Այսպիսի վիճակներ անհաճոյ են Աստուծոյ աչքին՝ մեր երկնաւոր Հօր։ Ըստ այնմն պէտք է անդրադառնանք, զղջանք, խոնարհինք եւ սրբագրուինք։ Թող միաբանութիւնը եւ համերաշխութիւնը տիրէ մեր կեանքին. «Ահա ո՜րչափ բարի եւ ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրներ իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին». (ՍԱՂՄ. ՃԼԳ 1)։

Աշխարհ նեղութեան մէջ է. ո՞վ պիտի մտածէ աշխարհի նեղութիւններուն մասին։ Անկեղծ սիրով ջանանք իրարու աջակցիլ եւ օգնել, քանի որ մեր առաջնակարգ կոչումն է իրերօգնութիւն. ո՛չ միայն անպայման նիւթականով, հապա մեր բարոյական եւ ծառայասիրական պարտականութիւնները կատարելով։ Աստուծոյ հետ շարունակ հաղորդակցելով, մտերմանալով եւ պատրա՛ստ ըլլալով մեր Փրկիչը դիմաւորելու եւ փառք յայտնելով Անոր բոլոր պարգեւներուն համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 3, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025