ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Գ.)
Ծնողք ու զաւակ յարաբերութիւնը մարդկութեան ամենէն հին եւ հիմնարար կապերէն մէկն է, որ կը գերազանցէ ժամանակն ու մշակոյթը։ Այդ յարաբերութիւններու հիման վրայ զարգացած է մարդկային կեանքը եւ ձեւաւորուած ընտանեկան միջավայրը: Այնպէս, ինչպէս այսօր շատ մը մշակոյթներու մօտ, նաեւ անցեալին ընտանիքին մէջ հեղինակութիւն էր ծնողքը. նախ հայրը եւ ապա մայրը. այս մէկը գրեթէ բոլոր մշակոյթներու պարագային եղած է նոյնը եւ նոյնիսկ կրօնական աւանդութիւններ խիստ օրէնքներ սահմանած են ծնողական յարգանքի գծով, ինչպէս կը տեսնենք Աստուածաշունչին մէջ։ Աստուծոյ տուած տասնաբանեայ պատուիրաններէն մէկը յարգել էր հայրն ու մայրը եւ այս մէկը ինքնաբերաբար աւելի քան մի քանի հազար տարուան մարդկութեան մշակոյթն ու համոզումները ցոյց կու տայ: Այդ պատուիրանին հակառակ գործելը բարոյական թերութիւն նկատուեցաւ այդ ընկերութեան կողմէ. այս օրէնքը կար, որովհետեւ տան հայրը ձեւով մը որպէս Աստուծոյ ներկայացուցիչը կը դիտուէր:
Հին ժամանակուան ծնող եւ զաւակ յարաբերութիւնը հասկնալու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է կարդալ Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն գրած նամակի 6-րդ գլուխը, որուն խորագիրն է «Որդիներ եւ ծնողներ». պէտք է նկատի ունենալ, որ Եփեսացիներու նամակը գրուած է մօտաւորապէս 60-էն 62 թուականներուն միջեւ. Այսինքն, մօտաւորապէս երկու հազար տարուան հասնող անցեալ մը ունեցող տողեր են հետեւեալները. «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տիրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով), որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»: Այս խօսքերը ուղղուած են զաւակներուն, որպէսզի պատուեն իրենց հայրն ու մայրը, սակայն տարօրինակ կը գտնենք այս տողերուն յաջորդող տողերը. «Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տիրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը». կը կարծուի, թէ հին ժամանակ մանկավարժութիւն գոյութիւն չունէր, սակայն, այս խօսքը ցոյց կու տայ, որ այնպէս մը չէ, որ ծնողներ հեղինակութիւն ըլլալով նոյնիսկ իրենց սխալ ընթացքին մէջ ճիշդ էին։ Եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Օգոստինոս այս խօսքը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ. հայրը (ընդհանրապէս ծնողքը) զաւակին հետ ունեցած յարաբերութեան մէջ պէտք է խուսափի աւելորդ կոշտութենէ եւ զայրոյթէ, որովհետեւ այդ մէկը կրնար իր ժխտական ազդեցութիւնը եւ հետեւանքները ունենալ զաւակի նկարագրին ու բնաւորութեան վրայ։ Եկեղեցւոյ հայրը կը հաւատար, որ հոգատարութեամբ ու սիրով կարելի է կարգապահ ու խոստմնալից զաւակներ ունենալ։ Պօղոս առաքեալ առողջ զաւակներ ունենալու համար կը յորդորէ զաւակները դաստիարակել հոգեւոր արժէքներով. այդ հոգեւոր արժէքներուն մէջ կը մտնէ չգողնալը, չհայհոյելը եւ գրեթէ բոլորը, որ Աստուածաշունչի կողմէ մեղք կը նկատուի. այս պարագային հայրեր ու մայրեր իրենք եւս իրենց կեանքի օրինակով պարտին իրենց զաւակներուն փոխանցել այդ հոգեւոր կեանքի հասկացողութիւնը: Այստեղ կը հասկնանք, որ պարտաւորութիւնը, որ կար, միայն զաւակներուն համար չէր. ծնողքը ի՛նք եւս ունէր իր պարտաւորութիւնները: Եկեղեցւոյ հայրեր կը հաւատան, որ այստեղ Պօղոս առաքեալ մանկավարժական լաւ օրինակ մը ցոյց տալով՝ հայրերը կը խրատէ իրենց զաւակներուն սխալները սրբագրել բարութեամբ ու խրատով եւ ո՛չ թէ զայրոյթով ու բարկութեամբ, որովհետեւ այնպէս, ինչպէս այսօրուան մանկավարժութիւնը կը հաւատայ, խստութիւնն ու բարկութիւնը սխալ մը սրբագրելու փոխարէն շատ աւելի խոր վէրքերու պատճառ կրնայ դառնալ. Հետեւաբար, բարութիւնը լաւագոյն ձեւն է սխալը ճիշդի վերածելու: Այս մէկը վստահաբար կը խօսէր ընտանեկան խաղաղ միջավայրի մը անհրաժեշտութեան մասին, որ ինքնին կ՚ապահովէ կարգապահութիւն մը:
Աստուածաշունչը՝ այլ խօսքով հին մանկավարժութիւնը կը հաւատար, որ զաւակի մը նկարագիրը, բնաւորութիւնն ու անձը կախեալ է իր ծնողքի դաստիարակութենէն. այդ իսկ պատճառով Առակաց գիրքին մէջ կը կարդանք յայտնի հետեւեալ խօսքը. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ Այս մէկը հայելին է այն համոզումին, որ այսօր ինչ սորվեցնես զաւակիդ, վաղը այդ մէկն է, որ պիտի ընէ. օրինակը վերցուցէք բնութենէն. եթէ նոր ծիլ տուած ծառ մը սկսի ծուռ բուսնիլ, փայտի մը օգնութեամբ կարելի է շտկել եւ այդ ծառը իր ուղիղ ընթացքին կը վերադառնայ. ծնողները զաւակի մը ծուռութիւնը սրբագրող փայտերն են, առանց որոնց ծառը սխալ ուղղութեամբ կ՚աճի: Շատ մը եկեղեցականներ այս խօսքը կը բացատրեն հետեւեալ ձեւով. մարդկային տկարութիւնը ունենալով զաւակներ՝ որպէս անփորձներ կրնան որոշ գայթակղութիւններու զոհ ըլլալ. ծնողներ աւելի փորձառու ըլլալով քննադատելու եւ բարկութեամբ մօտենալու փոխարէն, պէտք է խաղաղութեամբ սորվեցնեն ճիշդը, վստահ ըլլալով ծնողքի մը մօտեցումը կրնայ յաւիտեան շտկել սխալ մը եւ կամ հակառակը՝ աւելիով արմատաւորել զաւակին մէջ:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ Աստուածաշունչը հոգեւոր ուսուցումներ փոխանցելու կողքին, կարեւոր աղբիւր մըն է ուսումնասիրելու հին ժամանակուան մարդոց մտածելակերպը։ Այո՛, ճիշդ է, որ մանկավարժութիւնը իր զարգացումը ապրեցաւ վերջին տասնամեակներուն, սակայն անոր արմատները պէտք է շա՜տ անցեալին մէջ փնտռել. օրինակ՝ Աստուածաշունչին մէջ հոգեւորին կողքին կայ մանկավարժութիւն, բարոյագիտութիւն եւ գրեթէ միւս բոլոր գիտական ճիւղաւորումները եւ հո՛ն է Աստուածաշունչի ճշմարիտ արժէքը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ճի՞շդ է, որ անցեալին աղջիկ զաւակը ատուած, իսկ տղայ զաւակը սիրուած էր:
Պատասխան. Այո, պատմականօրէն շատ մը մշակոյթներու մէջ արական սեռի զաւակը նախապատուութիւն ունէր, քան իգական սեռինը: Այս մէկը արմատաւորուած էր հասարակութեան համոզումին մէջ, որոնք աւելի շատ կը գնահատէին արու զաւակի դերը, զանոնք տեսնելով որպէս ժառանգորդներ, ինչպէս նաեւ ընտանեկան պէտքերը հոգացող ու մատակարարողներ: Ի տարբերութիւն տղոց, իգական սեռի զաւակները ընդունուած էին որպէս «բեռ», իրենց օժիտին, ինչպէս նաեւ ժառանգական սահմանափակումին համար եւ այս բոլոր համոզումները յառաջ բերին սեռական խտրականութիւն եւ արու զաւակները շատ աւելի ուշադրութեան արժանացան՝ քան իգականները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան