ՍՐՏԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ՀԱՆԴԵՐՁՆԵՐԸ
«Ձեր սրտերը պատրաստեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. քանզի անիկա ողորմած եւ գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ է եւ չարիքի համար կը զղջայ». (ՅՈՎԷԼ. Բ 13)։
Սա է կեանքի անուրանալի ճշմարտութիւնը, թէ մարդ այնքան որ կ՚ապրի, օրէ օր աւելի կը մօտենայ վախճանին։ Մարդու օրերը այս աշխարհի վրայ համրուած են, ինչպէս իր մազերը՝ գլխուն վրայ։ Աստուծոյ սահմանած ժամանակին կը սպասէ մարդ եւ մինչ այդ կը գործէ, որպէսզի լեցուն ձեռքերով դիմաւորէ Տէրը՝ ըլլայ այդ «մահուան կամուրջ»ով եւ կամ Տիրոջ երկրորդ գալուստով։
Երկրագունդի ո՛ր կողմը դառնայ մարդ՝ մա՛հ, ոճիր, խաբէութիւն, սով, պատերազմ, անապահովութիւն, անարդարութիւն, անիրաւութիւն, ատելութիւն, աղէտներ, դժբախտութիւն եւ հիւանդութիւն անխուսափելի իրականութիւններ են։ Եւ ա՛յս է, ա՛յս եղած է մարդկութեան վիճակը ամէն շրջանի, թէեւ տարբեր երեւոյթ եւ կերպարանքներով։
Բայց սա ալ իրողութիւն մըն է, թէ մարդկութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը որքան յառաջդիմէ, հոգերն ալ այնքան կը փոխուին եւ կը բարդուին, այնքան կնճռոտութիւն եւ դժուարութիւն կը ներկայացնեն։ Այս պայմաններու ներքեւ, անշուշտ որ կեանքը դժուար է եւ երբեմն վհատական, անտանելի եւ անհանդուրժելի։ Եւ վա՜յ է անոնց, որ յոյս չունին։ Սակայն երանելի՜ են անոնք, որոնք գիտեն, թէ այս կեանքը լոկ կամուրջ մըն է դէպի յաւիտենական երանելի կեանք Յիսուս Քրիստոսով, Փրկիչ է եւ Օծեալ։
Յիսուս կ՚ըսէ. «Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով.- Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք. որովհետեւ այդ բոլորը հեթանոսները կը խնդրեն, եւ քանի որ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ, թէ՝ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը եւ այդ բոլոր բաները ձեզի պիտի տրուին։ Ուստի վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, որովհետեւ վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը». (ՄԱՏԹ. Զ 31-34)։
Մեղուն գիտէ կեղծ կամ իրական ծաղիկին տարբերութիւնը։ Նո՛յնպէս մեր Տէրը կը քննէ սրտերը եւ գիտէ մարդուն դիտաւորումները։ Ան կ՚ուզէ, որ մենք ալ մեր սրտին իսկական էութիւնը գիտնանք եւ ըստ այնմ վարուինք եւ ապրինք։
«Սիրտը ամէն բանէ աւելի խաբեբայ եւ չար է», կ՚ըսէ Երեմիա մարգարէ. (ԵՐԵՄ. ԺԷ 9)։ Եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ շատ անգամ մեր սրտերը մեզ կը խաբեն, սեւը ճերմակ կը ցուցնեն, չարը՝ բարի, թիթեղը՝ ոսկի եւ կամ ապակին՝ ադամանդ։ Ասոր համար պէտք է մեր սրտերը քննենք եւ ի պահանջել հարկին զանոնք պատռենք, ինչպէս կ՚ընեն վիրաբոյժ բժիշկները։
Ընդհանրապէս, կրօնական աւանդութիւնները զգացական են եւ կարճ ժամանակի մը համար հանգիստ կու տան ենթակային։ Սակայն Արարչին մեզմէ պահանջածը շատ աւելի դժուար է, քանի որ սիրտը քարի պէս կարծր է, կ՚ըսէ Եզեկիէլ մարգարէն։ Տէրը կ՚ուզէ մեր քարեղէն սիրտերը մարմնեղէն սրտով փոխարինել, որպէսզի կարենանք ճշմարտութեամբ զԻնք պաշտել եւ Իր պատուէրները պահել։
Տէր Յիսուս Քրիստոս է մեծագոյն եւ գերագոյն Վիրաբոյժը։ Միայն Ան կարող է մեր սիրտերը պատռել։ Անոր խաչի վրայի աղաղակը երկիրը շարժեց եւ ժայռերը պատռեց։ Գերեզմանները բացուեցան եւ շատ մը սուրբերու մարմինները յարութիւն առին. (ՄԱՏԹ. ԻԷ 51)։ Ահաւասիկ, Աստուածորդին է այսօր եւ միշտ աշխարհի եւ ամէն մէկ մարդ արարածի կենսական պէտքը։
Ուստի, սրտի տագնապ ունեցող ենթական, նախ ընդունելու է իր հիւանդ վիճակը, ապա իր պէտքին գիտակցելով մասնագէտ բժիշկին դիմելով վստահութեամբ յանձնուելու է վիրաբոյժին՝ որ սիրտը բանայ եւ պէտք եղած միջամտութիւնը կատարէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 5, 2025, Իսթանպուլ