ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Դ.)
Այո, հին ժամանակ նահապետական կարգով հայրը տան բացարձակ հեղինակութիւնն էր, սակայն իր ուսերուն ունէր կարեւոր պաշտօն մը (ինչ որ այսօր եւս կը շարունակուի). մեր օրերուն շեշտը աւելիով կը դրուի մայրերուն իրենց զաւակներուն փոխանցած դաստիարակութեան մասին (որովհետեւ մայր մը իր զաւակին հետ շատ աւելի ժամանակ կ՚անցնէ՝ քան հայր մը), սակայն, հին մշակոյթին մէջ շատ կարեւոր էր հօր ներկայութիւնը դաստիարակութեան մէջ, որովհետեւ բարձրագոյն հեղինակութիւն ըլլալով անոր ներդրումը շատ աւելի մեծ ու կարեւոր էր:
Հին կտակարանին մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուած կը խօսի տան եւ կամ ցեղախումբի գլուխին հետ եւ իր անմիջական պատուէրները կու տայ անոր, սակայն միւս կողմէ տան այդ հեղինակութեան հետեւեալը կը պատուիրէ. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր». այլ պատուէր մը եւս կու տայ Աստուած. «Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր» (Բ. Օրինաց 6:6-7). պէտք է նկատի ունենանք, որ այդ ժամանակ «դպրոց» հասկացողութիւնը գոյութիւն չունէր եւ տան հայրը ի՛նք էր իր զաւակներուն դպրոցը, սակայն այդ բոլորը սորվեցնելէ աւելի կարեւոր կէտ մը ունէր իր մէջ. ապրիլ այդ բոլորը: Աստուած կը պատուիրէ, որ այդ ուսուցումները հայրը իր մի՛շտ, թէ՛ տան մէջ եւ թէ փողոցը եղած ժամանակ պահէ. նոյնիսկ պառկելու ժամանակ եւ արթննալէ ետք. այլ խօսքով՝ կենդանի օրինակով հայրը պարտաւոր էր իր զաւակներուն դպրոցը ըլլալ: Այս բոլորը նկատի ունենալով Աստուած չ՚ըսեր պատանիներուն լսեցէ՛ք իմ պատուէրներս ու պահեցէք օրէնքս, այլ ինչպէս Առակաց գիրքին մէջ կը տեսնենք՝ կ՚ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ Ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր» (Առակաց 1:8): Այս մէկը միայն Աստուածաշունչին մէջ չէ, որ կը տեսնենք. եթէ ուսումնասիրենք փիլիսոփայութիւնը՝ պիտի տեսնենք, թէ փիլիսոփաները եւս ինչքանով կարեւորած են հօր զաւակին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը. օրինակի համար՝ անոնցմէ ամենէն յայտնիներէն Պղատոն կը գրէ. «Ամենէն կարեւոր բանը զաւակին լաւը սորվեցնելն է եւ այդ մէկը սորվեցնելու լաւագոյն ձեւը օրինակ դառնալն է»։ Չինացի փիլիսոփայ Քոնֆիչիուս կը գրէ. «Հայր մը, որ իր որդիին չի սորվեցներ իր պարտականութիւնները, նոյնքան մեղաւոր է, ինչքան որդին, որ կ՚անտեսէ իր պարտականութիւնները»:
Հին ժամանակ կինը աւելի ստուերի տակ ըլլալով, հօր տրուած էր զաւակին սորվեցնել կեանքի սկզբունքները, մշակութային արժէքները, ինչպէս նաեւ հմտութիւններ՝ որոնք պէտք պիտի ըլլան անոր ապագայ կեանքին: Հին փիլիսոփաներ, ինչպէս՝ Սոկրատես, կը կարեւորէին տան մէջ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը ծնողներ իրենց փորձառութեան լոյսին տակ պիտի փոխանցէին իրենց զաւակներուն:
Այս բոլորին լոյսին տակ ընտանիքը ընդունուած էր որպէս ուսուցման հիմնական հաստատութիւն. պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակ տակաւին դպրոց հասկացողութիւնը որպէս կառոյց գոյութիւն չունէր, հետեւաբար գրեթէ բոլոր հին քաղաքակրթութիւններուն մէջ՝ Յունականէն մինչեւ Հռոմէական գիտելիք, արժէքներ ու կեանքի անհրաժեշտ հմտութիւն փոխանցելը ընտանիքին դերն էր. ծնողքը ի՛նք պիտի ձեւաւորէր իր զաւակին կեանքը, իր կրթութենէն մինչեւ ամուսնութիւն: Եւ այս ընտանեկան դաստիարակութիւնը սերունդներու միջեւ կը փոխանցէր։ Զաւակը իր կարգին իր ապագայ զաւակներուն կը փոխանցէր այն, ինչ ստացած էր իր հօրմէն եւ պէտք է նկատի ունենալ, որ միայն դրականը չէ, որ զաւակներ կը սորվէին ու կ՚ընդօրինակէին իրենց ծնողներէն:
Մինչեւ հիմա տեսանք հօր դերը, սակայն այնպէս մը չէ, որ մայրը իր դերը չունէր զաւակի ուսուցման վրայ. նոյնիսկ հին ժամանակուան համոզում էր, որ մայրերը հիմնական դեր ունէին իրենց զաւակներուն յուզական, ընկերային եւ բարոյական զարգացման մէջ: Հօր տրուած էր դաստիարակել եւ որպէս հեղինակութիւն հայրերը մասամբ խիստ էին, հետեւաբար սիրոյ եւ կարեկցանքի դասերը զաւակը պարտէր առնել իր մօրմէն: Օրինակ՝ Աստուածաշունչի մէջ կը կարդանք տրուած խրատը զաւակներուն, որ կ՚ըսէ. «Մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր». այս մէկը ցոյց կու տայ, որ դաստիարակութեան պարագային հայր ու մայր կը համագործակցին:
Անշուշտ, անցեալի մասին խօսելով աւելիով կը հասկնանք, թէ ուրկէ՛ կու գան որոշ համոզումներ ու հասկացողութիւններ, որոնք այսօր ալ գոյութիւն ունին. արդի մանկավարժութիւնը եւս կը շեշտէ, որ մանուկի մը առաջին դպրոցը ընտանիքն է. դպրոցը ինչքան ալ գիտութիւն ու կրթութիւն փոխանցէ աշակերտին, ան իր հիմնական դաստիարակութիւնը պիտի առնէ իր ծնողքէն. անոնց օրինակէն պիտի սորվի եւ դառնայ ձեռագործը իր ծնողքին. Հետեւաբար, ընտանեկան կրթութեան հասկացողութիւնը հազարամեակներէ եկող պատմութիւն ունի:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդիկ ո՞ր թուականին սկսան դպրոցներ ունենալ:
Պատասխան. Դպրոցի հասկացողութիւնը գոյութիւն ունեցած է հին քաղաքակրթութեան օրերէն: Կրթութեան ամենէն հին համակարգերը ստեղծուած են Միջագետքի, Եգիպտոսի, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ, մեր թուականէն մօտաւորապէս 2000 տարիներ առաջ. առաջին ուսուցիչները եղած են դպիրներն ու քահանաները, որոնք ժողովուրդին սորվեցուցած են գրել, կարդալ, ինչպէս նաեւ թուաբանութիւն ու կրօն: Ետքը սակայն Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ զարգացած է կրթութիւնը եւ սկզբնական շրջանին այդ կրթութիւնը յատուկ եղած է հարուստ ընտանիքներու զաւակներուն. Ինչպէս՝ պալատականներուն: Միջնադարին կրօնական հաստութիւններն ու վանքերը դարձան ուսման կեդրոն: Մերօրեայ դպրոցը սկսաւ ձեւաւորուիլ 17-18-րդ դարերու ընթացքին, շեշտ դնելով կրթութեան հասանելիութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան